Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ֆրանսահայ Դերասանուհի Իզապէլ Սատոյեանի Հրաժեշտը

$
0
0


Յուլիս 10-ին, 89 տարեկանին մահացաւ ֆրանսահայ վաստակաւոր դերասանուհի Իզապէլ Սատոյեան:
1928-ին Լիոն ծնած, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակ, Սատոյեան իր ասպարէզը սկսած է որպէս հագուստ ձեւաւորող՝ իր ծնած քաղաքին մէջ թատերական դասեր ստանալէ յետոյ: Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1950-ին երբ 22 տարեկան էր: Ան մաս կազմած է համբաւաւոր Ռոժէ Փլանշոնի թատերախումբին. նոյն տարիներուն ալ ծանօթացած է իր ապագայ ամուսնոյն՝ հանրածանօթ դերասան Ժան Պուիզի հետ: Ան նաեւ դեր ստանձնած է Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ:
Սատոյեան խաղացած է աւելի քան 50 ժապաւէններու մէջ: Ան վերջին անգամ բեմ բարձրացած էր Դեկտեմբեր 2016-ին Փարիզի Théâtre de l’Oeuvre–ի մէջ՝ «Թռիչքէն առաջ» ներկայացման համար: 2012-ին ան ստացած էր Պատուոյ լեգէոնի ասպետի շքանշան, իսկ 2014-ին արժանացած էր թատերական «Մոլիէռ» մրցանակի, որպէս լաւագոյն երկրորդ դերասան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles