Շաբաթ, 8 Յուլիս 2017-ին, «Համազգային»ի Ուսանողական Համախմբումը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Աշխարհի 10 երկիրներէ համախմբուած 34 ուսանողներ մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն յառաջիկայ օրերու ծրագիրներուն:
Առաջին օրը, բացման հանդիպման ընթացքին, խօսք առին «Համազգային»ի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Նարէ Միքայէլեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ համախմբումի դաստիարակչական աշխատանքներու պատասխանատու Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեան: Ցուցադրուեցաւ «Համազգային»ի մասին տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան տարբեր երեսներուն: Ապա մասնակիցները ծանօթացան իրարու:
Ճաշէն ետք, մասնակիցները այցելեցին տեսարժան վայրեր: Երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամեր Ֆլորանս ճաշարանին մէջ, քէֆով ու պարով աւարտեցաւ առաջին օրը: