Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Երեւան
Ուրբաթ
Կը զարմանամ, թէ վեցամեայ Սեւակս ինչքան դիւրութեամբ իւրացուց արեւելահայերէնը (նոյնիսկ ռուսախառն վիճակով): Հնչիւններն անգամ ճիշդ կ’արտաբերէ ու երբեմն, մանաւանդ դասի ընթերցման ժամանակ, զիս «սրբագրել» ալ կը ջանայ: «Մամա՛, գիրք չեն ըսեր, կիրք կ’ըսեն»: Կը մտածեմ, եթէ արտասահմանեան այլ երկիր երթայինք, որքան շուտ պիտի իւրացնէր օտարինը եւ զինք ետ բերելը ինչքան դժուար պիտի ըլլար գուցէ… կամ որքա՜ն ճիգ պիտի պահանջէր մեզմէ՝ իր մէջ հայն ու հայերէնը պահպանելու համար: Ուրախ եմ, որ այդ մտահոգութիւնը չունիմ հիմա, բայց անընդհատ հարցում մը կը մտատանջէ զիս. ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ արեւմտահայերէնը հոս, եթէ եկող սուրիահայը այսպէս ակամայ լեզուն փոխէ:
-Հոգը դո՞ւն առեր ես, կ’ըսէ հալէպահայ ծանօթ մը ինծի: Այնքան կենցաղային հոգեր կան, որ լեզուի հա՞րցը մնաց մտածելիք: Կարեւորը՝ երկուքն ալ հայերէն են:
Կարեւորը երկուքն ալ հայերէն են, այո՛, բայց ի՞նչ պատասխան գտնել՝ գոհացում տալու համար ճամբան պատահաբար հանդիպած հալէպցի աշակերտներուս.
– Օրիո՛րդ, գիտէ՞ք, ի զուր տեղ մեզ այդքան չարչարեցիք՝ ուղղագրական կանոններ սորվեցնելով: Հոս մեր ուղղագրութիւնը ամբողջովին փոխուեցաւ…: Չարաճճի աչուկներով Նորվանն է, որ անմիջապէս զիս մտովի դասարան կը փոխադրէ, ու իրեն հետ կապուած ամէն մանրամասնութիւն քնացած յիշողութենէս կ’արթնցնէ:
-Կորսուեցանք երկու լեզուներուն միջեւ,- կը կրկնէ աւելի համարձակ Վահէն :
-Մինչեւ իսկ մեր անուններուն ուղղագրութիւնը փոխուեցաւ,- կը շարունակէ Յակոբը:
Տեսակ մը մեղաւորի եւ պարտուածի հոգեբանութիւն մը կը սողոսկէ հոգիէս ներս: Ամէն առաւօտ, կանուխէն դպրոց վազելս ինչո՞ւ էր հապա, ամէն գնով զիրենք հայերէնը սիրցնելու ջանքերս ու սպառումներս մի քանի տարուան համա՞ր էին միայն: Ուղղագրական թէ քերականական կանոնները պարզեցնելու զանազան հնարներս որո՞նց համար էին, եթէ ատոնք հոս շարունակականութիւն պիտի չունենային: Հապա նիշերու պայքա՞րը.
-Օրիո’րդ, ստորակէտ մը չդնելուս համար, ինծի մէկ նիշ իջեցուցեր էք: Մեծ թիւով աշակերտներուս մէջ այսպէս դիմողներ ալ կ’ըլլային ինծի :
Կային նաեւ Հայերէնը պետական ծրագրին մաս չկազմելուն պատճառաւ անտարբեր վերաբերմունք ցուցաբերողներ. «Հայերէնի նիշը կարեւոր չէ. իմաստ մը չի ներկայացներ պետական քննութեանց ընդհանուր նիշերու գումարին մէջ», կը կրկնէին յաճախ աշակերտական հոգեբանութեամբ մը՝ առանց գիտակցելու թէ ինչ կ’ըսեն:
Բարեբախտաբար, քիչ չէր թիւը նաեւ անոնց, որոնք մեծ սիրով կը հետեւէին դասերուն եւ յարգանքով կը վերաբերէին մայրենիին նկատմամբ:
-Ասիկա ստորակէտ չէ, Մինա՛ս, ապաթարց է, իսկ ապաթարցը տառի մը արժէքը ունի բառին մէջ: Կը պատասխանէի՝ զինք գրատախտակին հրաւիրելով ու կրկին վերյիշել տալով հայերէնի ապաթարցի կանոնները:
– Բայց, օրիո՛րդ, գոնէ միայն կէս նիշ իջեցնէիք.- յամառօրէն կը պնդէր նիշի երկրպագուն:
Հիմա հոս Երեւանի մէջ զիրար գտած, քով քովի եկած, միասին զբօսնելու ելած խումբ մը աշակերտներ դէմս ելլելով իրենց բարեւին կողքին, կարծես հաշիւ ունէին պահանջելիք ինձմէ: Միտքէս կ’ըսեմ. «Ինչու իմ անունս ալ Սոսի չեղա՞ւ…», բայց եւ այնպէս չեմ ուզեր որ խրտչին, ուստի ծանօթիս խօսքը անմիջապէս փրկութեան կը հասնի. «Կարեւորը՝ երկուքն ալ հայերէն են. երկու ձեւն ալ գիտցէ՛ք», թութակի պէս կը կրկնեմ ՝ջանալով մխիթարել զիրենք եւ զիս: