Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱ՞Ծ ԵՆ ԵՐԱԶ ՄՆԱԼՈՒ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Յ. Պալեան

Պատմութիւնը բաց թատերաբեմն է ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ հաւասարութեան որոնման տեւաբար կրկնուած, կրկնուող եւ յամառօրէն վերսկսող փորձերուն: Գիրքեր գրուած են, պատերազմներ տեղի ունեցած են, մարդիկ հաւատացած են այդ երազներուն, զոհուած են: Սերունդներ կը փոխուին եւ կը հասնին նոր երազողներ: Բայց բացի ձեւի եւ արտայայտութեան կերպերէ, խնդիրները կը մնայ առկախ:

Գիւտարար եւ մարգարէ  չենք: Կարծէք խորագրի հարցերը ծնած են մարդուն հետ: Եթէ անոնք այդքա՜ն մարդկային են, պէտք է ենթադրել, որ անոնք մաս կը կազմեն մարդու ծինային ժառանգութեան: Եթէ իմաստուններ կը խօսին այդ մասին, եթէ մարդիկ այդ գեղեցիկ գաղափարներուն համար յանձն կ’առնեն նոյնիսկ մեռնիլ, ողջմտութիւնը պիտի թելադրէ հարցը քննել առանց աչքի կապանքներու, առանց կարգախօսներու ցանցին մէջ բանտարկուած մնալու, տեսնելու եւ հասկնալու համար իրականութեան եւ  ցնորքին միջեւ եղած տարբերութիւնը եւ հեռաւորութիւնը:

Ժամանակակից իմաստասէր մը, իր գրութիւններէն մէկուն համար ընտրած էր հետեւալ խորագիրը. «Մարդկութիւնը կարող է արդարութիւն հաստատել» (L’humanité est capable de justice): Թերեւս աւելի դիւրին պիտի ըլլար, մտածելու եւ ըմբռնելու համար, խորագրին կցել հարցման նշանը, «կարող»ին վրայ դնել պարոյկ: Հարցական՝ անոր համար, որ եթէ մարդկութիւնը կարող ըլլար արդարութիւն հաստատելու, անցնող հազարամեակները, իրենց տեսութիւններով եւ պատերազմներով, այդ ըրած պիտի ըլլային: Թէեւ կրնայ առարկուիլ, որ տիեզերական ժամանակին մէջ հազարամեակները ակնթարթ են, հետեւաբար պէտք է յուսալ, որ նոյն այդ տիեզերական ժամանակին մէջ պահու մը, արդարութիւն, հաւասարութիւնն եւ ճշմարիտ ժողովրդավարութիւն պիտի իրականանան:

Այս հիմնական երեք գաղափարներու առանցքին հարկ է զետեղել ճշմարտութեան ըմբռնումը: Արդարեւ, ճշմարտութիւնը անձէ անձ, աշխարհագրական դիրքէ աշխարհագրական դիրք, մորթի գոյնէ մորթի գոյն, ընկերային դասակարգէ դասակարգ, ինչպէս նաեւ խորագրով ճշդուած գաղափարները արմատապէս կամ երանգներով կը փոխուին: Այսպէս, մէկ կողմէ քարոզուած է եղբայրութիւն, հաւասարութիւն, մարդկային իրաւունքներու յարգում, միւս կողմէ միլիոնաւոր մարդիկ զոհուած են: Պատերազմը բիրտ ձեւ է, զայն արդարացնողներ կան, ոչ միայն շահագործողները, այլ նաեւ գաղափարապաշտ մարդիկ այդ կ’ընեն յանուն գալիք պայծառ օրերու կամ սկզբունքներու:

Այս թնճուկ կացութիւնը գոյութիւն ունի ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, երկիրներու միջեւ, դասակարգերու միջեւ, ընտանիքի անդամներուն միջեւ, նոյն հաւաքականութեան անդամներուն միջեւ: Յաւելեալ իրաւունքի տիրացման ցանկութիւնը եւ անոր հետեւանք մրցակցութիւնները եւ բախումները, կը վկայեն այն մասին, որ ճշմարտութիւնը խիստ յարաբերական է, հետեւաբար արդարութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ հաւասարութիւնը ցնորք են, յարաբերական են, այլ կերպ չեն կրնար ըլլալ:

Բայց մարդկութիւնը կրնա՞յ ինքնիրեն հետ հաշտ ապրիլ, ինքզինք յարգելի համարել, դուրս չգալ ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեկան  ինքնաքանդումի սադայէլի շրջանակէն, եզրակացնելով որ ինք էապէս անատակ է ճշմարտութիւնը նուաճելու, միւսին մէջ իր հաւասարը տեսնելու, հետեւաբար իրականացնելու արդարութիւնը իր բոլոր ձեւերով:

Ֆրանսացի իմաստուն գիտնականը, Ժան Ռոսթան, կ’ըսէր, «ճշմարտութիւնը թառած իր սխալներու կոյտին վրայ» (La vérité juchée sur son socle d’erreurs): Այսինքն մեր սխալները եւ ձախաւերութիւնները պիտի ըլլան այն ենթահողը, ուրկէ պիտի ծլի ճշմարտութիւնը, իր հետ բերելով արդարութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, հաւասարութիւնը: Այս հաստատումը փոխանակ ձեռնթափ ընելու, բարի կամեցողութեան տէր անձերը պէտք է մղէ ծոյլ եւ աննկարագիր չեզոքութենէն դուրս գալու, յաղթահարելով անզգամութեան նմանող նկարագրային անզգայութիւնը, որ անհատը կը բանտարկէ իր եսին մէջ, հետապնդելով ճշմարտութիւնը, ընդդէմ կեղիծքի եւ չարաշահումներու, յաւելեալ արդարութեան եւ հաւասարութեան հասնելու համար: Նման պայքար անհատը դուրս կը բերէ իր առարկայ ըլլալու վիճակէն, կը դարձնէ գիտակից եւ ազատ, ստեղծելու համար պայմանները իր ճակատագրի տիրութեան:

Պէտք է ընել այնպէս, որ մարդկութիւնը հասնի բնութեան եւ գիտութեան ընձեռած բարիքներու արդար բաշխումին: Առանց այս իմաստութեան, մարդիկ, դասակարգեր, ազգեր, երկիրներ, պիտի շարունակեն անհատապաշտութեան մողոքին զոհել ինչ որ պայքարով եւ քրտինքով ձեռ բերած են իրենք եւ զիրենք նախորդող սերունդները:

Արդարութիւնը ներկայի եւ ապագայի համակեցութեան, հանդուրժողութեան եւ հաւաքական ազնուացման առանցքային խնդիրն է, պէտք է ըլլայ: Բայց արդարութիւնը ըմբռնելու եւ իրագործելու համար նախադրեալները ճիշդ պէտք է ըլլան:

Սկզբունքային խնդիր պէտք է ըլլայ հետեւեալը. անարդար է, որ փոքրաթիւ անձերու ձեռքին մէջ կեդրոնացած ըլլան աշխարհի հարստութիւնները: Յաճախ կը կրկնուի, որ յիսնեակ մը բազմազգ ընկերութիւններ (multinationales) կը հակակշռեն համաշխարհային տնտեսութիւնը: Օրէնքները, որոնք արդարութեան հիմքն են, կը պաշտպանեն նշեալ անհատները եւ ընկերութիւններ, իրենց հովանիին տակ: Երբ նոյն կացութեան համար միաժամանակ կ’ըսենք, որ արդար է եւ անարդար, դէմ յանդիման կը գտնուինք հետեւեալ հարցման. մարդկութիւնը ատա՞կ է, ի վիճակի՞ է արդարութիւն իրականացնելու:

Հաւասարութեան գաղափարախօսութեան ծնունդ քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ձախողութիւնը այսօր կը մղէ ըսելու, եզրակացնելու, որ անհաւասարութիւնները բնական են, բնութեան պատկերը այդպէս է, անոնք անխուսափելի են: Արդարեւ, անոնք հետեւանք են դրամատիրական (capitaliste) ընկերութեան մրցակցական կառուցուածքին: Բնական է, որ երբ մրցակցութիւն կայ, պիտի ըլլան առաջին հասնողներ եւ ետ մնացողներ: Այդպէս եղած է եւ է արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը: «Նախնական» համարուած ընկերութիւններով զբաղող ամերիկացի ընկերաբան մը կը նկարագրէ Խաղաղականի կղզիներու ցեղախումբ մը, որ զերծ եղած է «մրցակցական» ախտէ: Երբ կազմակերպած է վազքի մրցում մը, ամէնքը հասած են նոյն պահուն: Ի՞նչ բան կրնայ ենթադրել տալ, որ մրցակցական չեղող ընկերութիւն մը աւելի լաւ է կամ աւելի վատ:

Նոյնիսկ մակերեսային մօտեցումով երբ կը դիտենք մեր շրջապատը, տնտեսական եւ քաղաքական, կը հաստատենք, որ մրցակցութիւնները քանդիչ հանգամանք ունին, տնտեսական եւ ընկերային կեանքի մէջ: Եթէ ընդունուած է մրցակցութիւնը, ան մաս կը կազմէ ընկերութեան կառուցուածքին, կը յանգինք այն եզրակացութեան, որ արդարութիւնը անկարելի է: Մրցակցութեան յառաջացուցած բացասականութիւնները կը փորձեն սահմանափակել օրէնքներով, այդքան միայն: Այս եզրակացութիւնը հակառակ է մարդկայնութեան (humanisme) էութեան, երբ նկատի կ’ունենանք, որ անտառի եւ «ակն ընդ ական»ի օրէնքին բաղդատած որքան յառաջդիմած են գաղափարները, նոյնիսկ եթէ չենք հասած իտէալական վիճակներու:  Հոլովոյթը ցոյց կու տայ, որ անկարելի չէ արդարութիւն հաստատել, հարկ է շարունակել պահել բարեփոխման ուղղութիւնը: Եթէ յառաջդիմութիւն եղած է, ան կը փաստէ, որ մարդկութիւնը կարող է հասնիլ յաւելեալ արդարութեան եւ հաւասարութեան:

Մարդկութիւնը յաճախ անարդարութիւնը եւ անհաւասարութիւնը բնական կարգով ընդունելի համարած է: Կ’ըսուի, թէ բնութեան մէջ հաւասարութիւն չկայ, մին զօրաւոր է միւսը տկար, մին գեղեցիկ է միւսը՝ տգեղ: Բայց բոլորն ալ մարդ են, աստուածաշնչական իմաստութիւնը կ’ըսէ, որ Աստուած մարդը ստեղծեց ըստ իր պատկերին, կը նշանակէ, որ մարդիկ էականօրէն հաւասար են, եւ անհաւասարութիւնը խախտում մըն է, եւ որպէս այդպիսին՝ սրբագրելի: Այսօր ընկերութիւնները կը փորձեն սահմանափակել անարդարութիւնները: Միաժամանակ ընդունելով գաղափարներու եւ յառաջդիմութեան ճամբուն ծայրն ենք: Ընդհակառակն. ժամանակակից եւ գալիք գիտական նուաճումները կարելի կրնան դարձնել դարձնել արդարութիւնը եւ հաւասարութիւնը:

Այս հարցի մասին խորհած են իմաստուններ, չեն սպասած մեր դարը: Արիտոտէլ կը հաւատար, որ «եթէ մագոգները իրենք իրենց հիւսէին եւ հարիչները առանձին ջնար նուագէին, ճարտարագէտները կարիք պիտի չունենային գործադրողներու եւ տէրերը՝ ստրուկներու»*: Այսօր երբ «մարդմաաքենաներ» (robot) կը հնարուին, կը թուի թէ Արիստոտէլի երազին սկիզբն է: Հարց կը ծագի միաժամանակ, թէ արդեօ՞ք սկիզբը չէ Ճորճ Օրուէլի նկարագրած թուանշաններով սահմանուած անինքնութիւն նոր մարդոց:

Հաւանօրէն ժողովրդավարութեան նո՛ր որակ պէտք է տալ, ժողովուրդին կողմէ տրուած վստահութիւնը չծառայեցնելով անհատապաշտական ցանկութիւններու, յաղթահարելու համար իշխանատենչութիւնը, ընտանեպաշտութիւնը, դիրքերու վրայ յաւերժացումը: Քիչ մը ամէն տեղ դիմակազերծ եղող խաղքութիւններուն (չարաշահումներ, կողոպուտ եւ այլ) կրնան յաջորդել յաւելեալ արդարութեան եւ հաւասարութեան նախաձեռնութիւններ, ժողովրդավարութեան տալով յաւելեալ մարդկայնական դրոշմ:

Այս խորհրդածութիւններու լոյսին տակ պէտք է խորհիլ սերունդներու եւ զանգուածի յաւելեալ դաստիարակութեան մասին: Արդեօ՞ք նախակրթարաններու առաջին դասարաններուն մէջ իմաստասիրութեան պահերը, պատրաստուած ուսուցիչներու կողմէ (փորձը կայ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա), պիտի պատրաստեն վաղուան մարդը, որուն համար արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ ճշմարտութիւն բնական պիտի ըլլան: Այսինքն հաւաքական բարոյականացման ուղին պիտի ընդգրկուի:

Այս խորհրդածութիւնները որպէս ընթացիկ տիրացուական քարոզ պէտք չէ ընդունիլ, նաեւ հայաշխարհին մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այլ որպէս պայքարի եւ բարոյականացման հրաւէր, անհատապաշտութեան եւ եսի բաւաւարութիւն տալու միտող բոլոր երեւոյթներուն դէմ:

Եթէ մարդկութիւնը կրցած է այսքան յառաջդիմել, ազատագրուիլ բնութեան ստրկութենէն, մշակել մարդկային իրաւանց համակարգ, որուն անունով կը խօսուի, անկարելի երազներ չեն հաւասարութիւնը եւ արդարութիւնը:

Այս գաղափարական եւ մարդկայնական ընթացքը տարբեր է ցարդ տեսութիւններով եւ այլամերժութեամբ առաջնորդուող շարժումներէ (կուսակցութիւններ), որոնք ազնիւ գաղափարները եւ վերաբերումները պարզացնելով կը վերածեն կարգախօսի, կը փորագրեն քարի վրայ, որպէս վերջնական ճշմարտութիւն: Խորհրդային կարգերու փորձը պէտք է մղէ մտածելու: Ինչո՞ւ չխորհիլ նաեւ, որ մրցակցական-դրամատիրական ընկերութիւնը մարդկութեան բարիքին համար իտէալական հանգրուան չէ:

Մանուկներուն եւ զանգուածներուն իմաստասիրութիւն փոխանցելու փորձը, գիտութեան մեծ նուաճումներու պատմութեան ներկայ հանգրուանին, անհատապաշտութիւնը յաղթահարող աւելի արդար եւ աւելի հաւասար ընկերութեան մը ծնունդին կրնայ առաջնորդել:

Ժողովրդավարութիւն, արդարութիւն եւ հաւասարութիւն չեն դատապարտուած երազ մնալու, քանի որ մարդը յառաջդիմելով նաեւ ինքզինք պիտի նուաճէ, իր տկարութիւնները յաղթահարելով:

Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ չի բաւեր խօսքը եւ գաղափարը տարածել, այլ տա՛լ նաեւ անձին օրինակը: Կրկին կը մտածեմ Մահադմա Կանտիի մասին…

Անձին օրինակը՝ որ ընդհանուր ձեւով բնորոշուած բարոյականութեան արժէք է:

 

 

* «…si les navettes tissaient d’elles-mêmes et les plectres jouaient tous seul de la cithare, alors les ingénieurs n’auraient pas besoin d’exécutants ni les maîtres d’esclaves». Aristote.

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles