Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ժիրայր Ղարիպեանի Մահուան 25-ամեակի Նշում

$
0
0

Կիրակի, Մայիս 28-ին, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ նշուեցաւ մահուան 25-ամեակը, գրող, հրապարակախօս եւ տարիներ շարունակ Պոսթընի անկախ ռատիօժամի պատասխանատու տնօրէն՝ Ժիրայր Ղարիպեանի:
Ներկայ էին շուրջ հարիւր հայորդիներ: Բացումը կատարեց Կարպիս Զէրտէլեան, որ անդրադարձաւ Ժիրայրի վաստակին մասին, ապա բեմ բարձրացաւ օրուան հանդիսավար Մարինէ Մարգարեանը:
Իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Միսաք Պարսումեան, Աւիկ Տէրենց եւ հիւրաբար Հայաստանէն ժամանած Գրիգոր Ջանիկեան:
Ճոխ էր գեղարուեստական յայտագիրը: Անահիտ Օհանեան եւ Յովհաննէս Խաչերեան երգեցին ընկերակցութեամբ դաշնակահար Գեղամ Մարգարեանի: Իսկ տուտուկահար Տիգրան Աւետիսեան նուագեց «Կռունկ»ը: Մանկապատանեկան «Մեղեդի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մարինէ Մարգարեանի, փունջ մը տոհմիկ երգեր ներկայացուց:
Ներկայ էր նաեւ Ժիրայրի կողակիցն ու Պոսթընի անկախ ռատիօժամի այժմու պատասխանատու տնօրէն՝ Եւգինէ Ղարիպեանը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles