ՄԱՐՍԷՅ.- Շաբաթ, Մայիս 20-ը յիշատակելի օր մըն էր «Համազգային»ի Մարսէյի Ճեմարանին համար: Վարժարանի հայ ուսուցիչները, Մարսէյի «Համազգային»ի ներկայ վարչութիւնը իր ամբողջական կազմով, նախկին վարչականներ, ծնողներու ներկայացուցիչներ, կեդրոնական վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ հրաւիրուած զեկուցաբերներ, ընդամէնը՝ 38 հոգի ճշդուած ժամուն ներկայ էին մասնակցելու համար «Մարսէյի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանի դերը ֆրանսահայ գաղութի հայկական դիմագիծի ապագայ հոլովոյթին մէջ» ընդհանուր խորագիրը կրող սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի ընդարձակ սրահին մէջ:
Առաջին նիւթն էր հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը, նախագահութեամբ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Իսկ զեկուցաբերներն էին Յակոբ Պալեան՝ «Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ անցեալին եւ ներկայիս» եւ Յասմիկ Շահինեան՝
«Հայեցի դաստիարակութիւնը. ապագայի հեռանկարներ»:
Անուշ Մատիլեանի նիւթն էր.- «Մարսէյի Ճեմարանի ճառագայթումը Մարսէյի եւ ընդհանրապէս Ֆրանսայի հայկական համայնքին վրայ. դպրոցը կրնա՞յ նպաստել Մարսէյի համայնքի հայկական ինքնութեան գիտակցական ընկալման. ինչպէ՞ս»:
Աննա Յովհաննէսեան զեկուցեց «Հայեցի դաստիարակութիւնը Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին» նիւթին մասին: Իսկ Շաքէ Ժամկոչեան ներկայացուց «Ճեմարանի գործունէութեան հաշուեկշիռ. շրջանաւարտներ եւ շրջանաւարտներու միութիւն. ի՞նչ կարելի է ընել աշխուժացնելու համար միութիւնը» նիւթը:
Կեդրոնական վարջութեան անդամ Մկրտիչ Եափուճեան զեկուցեց «Համազգայինը՝ հակիրճ պատմութիւն, ներկայ կառոյց, կանոնագիր, առաքելութիւն եւ նպատակ, Համազգայինի գործունէութիւնը մեր օրերուն» նիւթին մասին:
Մկրտիչ Մկրտիչեան անդրադարձաւ «Մարսէյի Համազգայինի կառոյց. Համազգայինի Պէյրութի եւ Սիտնիի դպրոցներ: Մարսէյի Ճեմարանը ինչքանո՞վ կը ծառայէ Համազգայինի առաքելութեան» նիւթին մասին, իսկ Սեդա Պիպերեանի կիզակէտն էր.- «Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը այսօր»:
Սեմինարի ընթացքին անկախ զեկուցաբերներէն բոլորը առիթը ունեցան արտայայտուելու ներկայացուած խնդիրներուն մասին: Ամբողջ սեմինարի տեւողութեան հայերէնի ուսուցման խնդիրը առաջնահերթութիւն ունէր, մանաւանդ որ Մարսէյի հաստատութիւնը պաշտօնապէս երկլեզու է. այսինքն՝ իւրաքանչիւր աշակերտ ու ծնողք պարտաւոր են երկու լեզուներուն՝ հայերէնին եւ ֆրանսերէնին նոյն կարեւորութիւնը ընծայելու: Անգամ մը եւս շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ աշակերտութեան մէկ կարեւոր համեմատութեան համար հայերէնը դադրած է մայրենի լեզու ըլլալէ. այդ պատճառով ալ դպրոցէն ներս յաջող կերպով կը կիրարկուին հայերէնի ուսուցման մէկէ աւելի կացութիւններու յարմարող ձեւեր:
Մասնակիցները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին նաեւ իմանալով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհացրիւ շրջաններու լայնածաւալ գործունէութեան մանրամասնութիւնները:
Մանրամասնօրէն խօսուեցաւ վարժարանի ձեռք բերած յաջողութիւններուն, բայց նաեւ՝ դեռ բարելաւման կարօտ մարզերուն մասին: Շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ դպրոցը իր վայելած համբաւին շնորհիւ այլեւս իւրաքանչիւր վերամուտին կը դրուի ցաւոտ երկընտրանքներու առջեւ: Արդարեւ դիմումները բազմաթիւ ըլլալով տնօրէնութիւնը կը գտնուի մանկավարժական կարգ մը հիմնական սկզբունքներ նկատի չունենալով աշակերտներ ընդունելու եւ կամ այդ սկզբունքները յարգելով՝ ակամայ հայ աշակերտներ մերժելու մղձաւանջային կացութիւններու մէջ: Բոլորը համոզուեցան այս վիճակին յախուռն քայլեր առնելով վերջ մը տալու անհրաժեշտութեան:
Ընդհանուր եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ վիճակը գոհացուցիչ ըլլալով հանդերձ տակաւին շատ բան կայ ընելիք գործունէութեան բազմաթիւ մարզերէ ներս. այդ աշխատանքներուն համար մեծ դեր վերապահուած է դպրոցի շրջանաւարտներուն: