Յ. Պալեան
Այս առաւօտ, համացանցի վրայ տեղադրուած հայկական թերթերը կը կարդայի: Հայերէն տպուած բառն ու խօսքը այլեւս կը պատկանին եթերին: Մեր հետաքրքրութեան չափը կը սահմանէ անոնց կեանքի տեւողութիւնը: Կը սեղմենք ստեղ մը եւ անոնք կ’անհետանան:
Անցեալի ոգեկոչումներ կան, կը տեսնենք լուսանկարներ, որոնք կարծէք տժգոյն ներկային կեանք տալու պաշտօն ունին: Միջազգային քաղաքական ճատրակի աւարտող եւ վերսկսող խաղեր եւ խաղքութիւններ, կ’իմանանք, կը մոռնանք: Ընթացիկ հետաքրքրասիրութիւն՝ միշտ նորը փնտռող, տարբեր՝ լուսաբանուելու եւ գիտնալու հետաքրքրութենէ, այսինքն՝ որակի որոնումէ:
Հայը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հետաքրքրասիրութեան առանցք դարձուցած է «ցեղասպանութեան ճանաչում»ները, լսելու եւ գործելու, ինքզինք համոզելով, որ այդ ընելով կը մնայ քաղաքական բեմի վրայ եւ յաղթանակ կ’արձանագրէ: Ոմանք ալ չյոգնող յամառութեամբ կը շարունակեն պահանջել եւ սպասել: Կար ժամանակ, երբ գիրքեր կը հրատարակուէին «փաստելու համար ցեղասպանութիւնը», կարծէք փաստելու համար աչք ծակող հայրենահանուածները եւ անոնց յաջորդող սերունդները չբաւէին: Նախաձեռնութիւններ կ’ըլլային լռութեան պատը քանդելու համար: Հիմա գիրքերը փոխարինուած են «ճանաչումներ»ու հետապնդումներով, իսկ ինչ որ ազատագրական պայքար կը կոչուէր՝ հանրաժողովներով, քայլարշաւներով եւ կամ… մոմավառութեամբ:
Յաղթանակի պէս կը յիշուի այս կամ այն անձի, կամ քաղաքի կողմէ «ցեղասպանութեան ճանաչում»ը:
Այսօր թերթը կ’ըսէր, որ կրկին քաղաք մը ճանչցած է հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այդ քաղաքին մէջ անցեալին հայեր չկային: Հիմա հոն հայկական «նոր գաղութ» կայ, եկուորներ, գաղթականներ:
Ուրկէ՞ կու գան, ինչո՞ւ կու գան:
Ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար, տիրանալու համար հայու հողին: Հիմա այդ հողէն փրկուած բեկոր մը կայ, ուր կայ պետութիւն, բանակ, անկախութիւն: Ինչո՞ւ հայկական նոր գաղթականութիւն կայ «ցեղասպանութիւնը ճանչցող քաղաքին մէջ»: Ո՞ր հայրենասիրական կամ ազգային քաղաքականութեան համար:
Եթէ ցեղասպանութիւն գործուած էր տիրանալու համար «հայկական հողին», հայու բացակայութեան ի՞նչ կրնայ ըլլալ, ի՞նչ պիտի ըլլայ հայու փրկուած հողին ճակատագիրը, երբ ցեղասպանութեան մասին կը խօսինք եւ կը յուզուինք, բայց կը հեռանանք հողէն:
Աղմկարարութիւնը հարցման պատասխան չէ:
Եթէ հայը հասկնայ, որ ցեղասպանութիւն գործուած էր տիրանալու համար հողին, ի՛ր հողին, ան նուազ կը զբաղի հիւանդները խաբող դատարկ քաղաքական դեղահատերով (palcebo), ինքզինք չի յանձներ արտագաղթ-հայրենալքման եւ կ’ընդգրկէ հայրենադարձութեան ուղին: Ի՞նչ պիտի պատասխանենք եթէ «ցեղասպանութիւն ճանչցող»ը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ կը լքէք հայրենիքը, ինչո՞ւ չէք վերադառնար, երբ քաղաքական տարրական ողջմտութիւնը կ’ըսէ, թէ ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար:
Հողը տէր կ’ուզէ, զինք ապրեցնող տէր:
Մեզմէ առաջուան սերունդը պահանջած էր իր հողը, կռուած էր: Այդ սերունդի ազատագրական պայքարի կռիւը վերածած ենք երգ-աղմուկի եւ խրախճանքի, բայց որդեգրուած ենք հակազգային քաղաքական ընթացքի մէջ. կրկնենք՝ հայրենիք կը լքենք եւ հայրենիք չենք վերադառնար:
Օտար քաղաք մը, ուր հայկական նոր գաղթականութիւն կայ, ցեղասպանութիւնը ճանչնալով, ի՞նչ ձեւով հայ ժողովուրդի իրաւունքը կը վերականգնէ: Կամ մենք ի՞նչ կը սպասենք այդ ճանաչումէն: Այդ կարգի լուրերը հաղորդող հայկական լրատուամիջոցները, հայատառ կամ օտարալեզու, ինչո՞ւ չեն ըսեր, թէ ի՞նչ է ազգի անդամին կողմէ ցեղասպանութեան ոճիրին տրուելիք պատասխանը:
Մեծն Սոկրատ կ’ըսէր, որ հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները:
Հայ ազգին հարցը այլազան քաղաքացիական շապիկներով մանր քաղքենիին հաճոյք պատճառող «ճանաչում»ը, անոր ընկերցող չխոստովանուած գութ հայցելու կամ բարութեան բարենիշ ստանալու թափահարումը չէ:
Ի՞նչ է հայ ազգին հարցը:
Որպէս ազգ հարց ունի՞նք:
Որպէս ազգի անդամ հարց ունի՞նք:
Եւ ի՞նչ է այդ հարցը:
Լսող կը փնտռուի, որպէսզի սոկրատեան խորացող մտածումը յառաջանայ ճշդելով, թէ ի՞նչ է տրուած հարցումին պատասխանը, եւ չթաքնուինք հին յոյներու իմաստակներու (sophiste) հետեւութեամբ, բեմ զարդարող, թուղթ սեւցնող եւ հերցեան ալիքները զբաղեցնող ճապկումներու ետին:
Մեր լրատուամիջոցները, ճառերը, քարոզները, ժողովները, վերլուծումները, յայտարարութիւնները, հաղորդագրութիւնները, եթէ ընթանային ճշդելով, թէ ի՞նչ բան չէ հայ ազգին հարցը, մեր միտքերը կը յստականային, մեր նախաձեռնութիւնները եւ յանձնառութիւնները տարբեր որակ եւ խտութիւն ձեռք կը բերէին:
Հայուն հողը սոսկ բնակավա՞յր հայուն համար, զոր կարելի է փոխարինել դէպի այլ հորիզոններ երթալով, թէ այլ բան: Հայուն համար բնակավայր դարձած հեռու կամ մօտ, նորանուն եւ բազմանուն աշխարհները, կը փոխարինե՞ն հայրենիքը: Եթէ ոչ է պատասխանը, ի՞նչ է հայուն ներկայութեան վախճանական նպատակը (finalité) այլ աշխարհներուն մէջ:
Առանց հայու ներկայութեան ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստան, նոյնիսկ եթէ անուանումը պահուի ֆրանսերէնով կամ թրքերէնով: Հողը Հայաստան է հայուն ներկայութեամբ: Մեծ իմաստասէրը Քանթ կ’ըսէր, որ ըրէ այնպէս, որ արարքդ կարելի ըլլայ վերածել տիեզերական օրէնքի, այդպէս ալ երբ հայրենիքէն դուրս բնակավայր կ’ընտրենք, ինչ ալ ըլլան պայմանները, պէտք է մտածենք Քանթի պէս. եթէ բոլոր հայերը հայրենիքէն դուրս բնակավայր ընտրեն, Ֆլորիտա, Պեվըրլի Հիլզ, Քոթ տ’Ազիւր, Լիբանանի Պայատան, կամ Արժանթինի Փունթա տէլ Էսթէն, ի՞նչ կ’ըլլայ հետեւանքը ազգին եւ հայրենիքին համար:
Հայաստան հայուն համար հայրենիք է, ոչ զբօսաշրջային հասցէ, ոչ ալ թոշակառուի հանգստեան տուն: Հայրենիքը տիրոջ պէտք ունի, որպէսզի ծաղկի, զարգանայ եւ պաշտպանուի: Վարձկաններով ոչ հայրենիք կը պահուի, ոչ մշակոյթ կը զարգանայ, ոչ ալ սահման կը պաշտպանուի:
Ազգը իւրայատուկ ինքնութիւն է իր հողով, բայց նաեւ այդ հողին վրայ ապրուած պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Մշակոյթ՝ առասպելներ, քարերու վրայ արձանագրութիւններ, սեփական լեզու, գիր, գրականութիւն: Ազգին հարցն է ուզուած կամ ուղղակի-անուղղակի կերպով պարտադրուած օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը: Դատարկ սնապարծութիւն են հայածնունդներու օտարագիր գրականութիւնը, օտարաբարբառ-օտարաշեշտ երգը: Այսինքն ազգին հարցն է անխարդախ ինքնութեան պահպանումը:
Ազգին էական հա՞րցն է ազգային մշակոյթը: Մարդորսական եւ հրաժարումներու հետեւանք, ազգային մշակոյթը, բախտաւոր պարագային յուշ-յիշատակ է ստուար մեծամասնութեան համար, պատէն կախուած Վիլեամ Սարոյեանի խօսք կամ Արարատի պատկեր: Ազգային մշակոյթը լեզուն է, անով գրուած թերթը, գիրքը, անով հնչող երգը, բեմէն եւ խորանէն լսուած խօսքը:
Ազգին հարցն է իր համրանքի կէսէն աւելի սփիւռք(ներ)ը, որ փոխանակ հայրենադարձութեամբ հայրենատիրութիւնը կենսագործելու, կ’աճի: Այդ աճը կը սնանի կեանքի լաւ պայմաններ ունենալու ցանկութեամբ, ի՞նչ փոյթ եթէ փապուղիի ելքին պիտի հասնինք «ծագումով հայ» այս կամ այն երկրի բազմագոյն քաղաքացիներու վիճակին:
Ի՞նչ է այսօր հայ ազգին լուծման սպասող հիմնական հարցը:
Նախ անդրադառնալ՝ որ սփիւռքեան կացութիւնը, պատմութեան գիծին վրայ, միայն հանգրուան է: Առանց այս գիտակցութեան, մեր բոլոր նախաձեռնութիւները սոսկ խարխափումներ են: Ի հարկէ, սփիւռք(ները) հարկ է կազմակերպել, զօրացնել, բայց միաժամանակ ըսել, թէ ինչո՞ւ այդ պէտք է ընել: Պարզ չէ՞, որ առանց վերադարձի ապրող-ապրեցնող գաղափարին, սփիւռք(ներ)ի կազմակերպութիւնը եւ հզօրացումը, մեծ թատերագրին ըսածին պէս, «բազում աղմուկ վասն ոչինչի»ն կը յիշեցնեն:
Կազմակերպութիւն եւ հզօրացում պէտք է ընել հայրենատիրութեան քաղաքական յանձնառութեան ենթահողի վրայ, այսինքն՝ նպատակ ունենալով հայրենադարձութիւնը: Այսօր՝ Հայաստան-Արցախ, պատրաստ ըլլալով վաղը՝ Վան, Մուշ, Սասուն, Կարս, որպէսզի մեր երգած եւ սիրած Արարատը վերստին հայանայ:
Հայուն հարցն է ազգային-քաղաքական անխարդախ եւ անսակարկ յանձնառութիւնը, որպէսզի ազգը տեւէ իր հարազատ ինքնութեամբ: Անհարազատ ինքնութեամբ ծնունդ կ’առնեն եւ կը բազմանան այլ ազգերու մարդիկ, Քամչաթքայէն, մինչեւ Ուշուայա, Ալասքա, Քիրունա…, որպէսզի տեսակ մը հպարտութեամբ ըսենք, որ «ամէն տեղ հայ կայ»:
Ինչպէ՞ս ազգի հարցը տանիլ իւրաքանչիւրի յարկին տակ՝ հաւաքական գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն յառաջացնելու համար, որպէսզի հրաժարումներով ժամանակաւորը վերջանական չդառնայ, եւ հասկնալու՝ որ ազգը կը շարունակուի հայրենիքի մէջ:
Կը շարունակուի սեփական մշակոյթի կազմած նկարագրով: Իսկ բառարանի պարզ սահմանումը մշակոյթի համար հետեւեալն է. «Ամբողջութիւնը գիտելիքներու որոնք հասարակաց են նոյն ազգի անդամներուն»:
Յաջորդական պատշաճեցումներով եւ ամէն օր քայլ մը նահանջելով ո՞ւր կրնանք հասնիլ:
Խարխլած շէնք մը ցեխով ծեփելով կանգուն չի պահուիր:
Ազգին հարցը, ոչ անհատներու, ոչ խմբակներու եւ ոչ համայնքներու վերապրումն է: Այդ տեսիլքը, առանց կտրատելու, ինչպէ՞ս պիտի տրուի «համաշխարհային ազգ» ըլլալու սնափառութեամբ ապրողներուն:
Ով որ տայ այդ տեսիլքը, ան պիտի ըլլայ վերականգնումի արժանաւորը, հայոց մեծերու կողքին բազմողը, եւ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ իր անունը:
Ոչ միայն լաւ ապրելու, ոչ մանր քաղքենիական փառասիրութեան, ոչ ալ շաբաթավերջին անվաղորդայն յուզումներու հարց ունինք, այլ Ազգի հարց ունինք: