Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԲԵՂՈՒՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

$
0
0

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ.- Կիրակի, Ապրիլ 30-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, մասնակցութեամբ տեղւոյն շրջանի «Համազգային»ի անդամներուն եւ համակիրներուն: Յատկապէս ներկայ էին «Մեղեդի» պարախումբի անդամներն ու օգնականները:
Այս հանդիպման նաեւ մասնակից դարձան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներ՝ Անի Աղաճանեան (ատենադպիր) եւ Քարի Աղաճանեան (գանձապահ):
Հաւաքին բացումը կատարեց շրջանի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Հրանդ Ճիլիզեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեանը, հակիրճ կերպով «Համազգային»ի կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու համար:
Պարոնեան շեշտեց թէ, նոր սերունդն է որ պէտք է շարունակէ աշխատանքը նոր գործելաձեւով: Այս նպատակին հասնելու համար «Համազգային»ը կը գործէ զանազան ուղիներով, որոնց կարգին՝ նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն տալ, նպաստել չափահասներու ինքնազարգացման եւ մշակել հայեցի կրթութիւնը:
Այս գծով, ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆիլատելֆիոյ «Համազգային»ի մասնաճիւղին, որուն հետեւողական աշխատանքին արդիւնք, մասնաճիւղի անդամներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Արդարեւ, վերջերս հինգ երիտասարդ անդամներ միացած էին մասնաճիւղին:
Նաեւ կատարուեցաւ հանդիպում-զրոյց, տեղւոյն «Մեղեդի» պարախումբին անդամներուն եւ ծնողներուն հետ: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles