Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Յասմիկ Թորոսեան՝ Ցիրք Եւ Տաղանդ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Թղթակից

Տեւողութեամբ կարճ էր երիտասարդ օփերայի երգչուհի Յասմիկ Թորոսեանի (սոփրանօ) ելոյթը, սակայն այնքա՜ն տպաւորիչ եւ ազդեցիկ, որ շատերուն համար պիտի մնայ անմոռանալի:
Անոր անդրանիկ ելոյթն էր Յունիս 3-ին, Պոսթընի հանրածանօթ «Սիմֆընի Հօլ» սրահին մէջ, տեղւոյն «Պոսթըն Փոփս»ի հետ, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթի եւ կազմակերպութեամբ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին:Image may be NSFW.
Clik here to view.

Դժուար եւ փորձառութիւն պարտադրող գործեր, որոնք ամենայն հմտութեամբ ներկայացուեցան այս ապագայ խոստացող աստղին կողմէ:
Իւրայատուկ ինքնավստահութեամբ ան ներկայացուց Կունոյի «Ռօմէօ է Ժիւլիէթ»ին «Ժը Վէօ Վիվր» յօրինումը, նաեւ Պերնշթայնի «Քանտիտ» օփերային «Կլիթըր էնտ Պի Կէյ» գործը եւ յատկապէս Մոցարթի հանրածանօթ «Տը Մաճիք Ֆլութ»ին մէկ դժուարագոյն գործը՝ «Տէր Հէօլը Ռախը»ն: Իսկ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը ոչ թէ միայն յուզում պատճառեց ներկայ հայորդիներուն, այլ նոյնիսկ ներկայ օտար հանրութեան:
Երեւան ծնած եւ աւարտած «Ռոմանոս Մելիքեան» եւ «Կոմիտաս» երաժշտանոցները, ան եղած Թորոսեան եղած է աշակերտը Գայանէ Գեղամեանի:
2011-էն ի վեր Թորոսեան անդամ է Հայաստանի «Ալեքսանտր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ակադեմիային:
Յիշատակելի էր «Պոսթըն Փոփս»ի հայկական յատուկ երեկոն, որ 66-րդ անգամ ըլլալով կը կատարուէր: Թորոսեանի կողքին ելոյթ ունեցան նաեւ «Սիրք Տը Սօլէյ»ի արուեստագէտները, հմայելով ներկայ հանդիսատեսները: Անոնց յայտագրին մէջ կային նաեւ գործեր Արամ Խաչատուրեանէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles