ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ(«Փրենսա Արմենիա»).- Երկուշաբթի, Յունիս 5-ին, Արժանթինի Խորհրդարանի «Փասոս Փերտիտոս» սրահին մէջ, Երեսփոխանական Պալատը նշեց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Թիւ 26.199 Օրէնքի 10-ամեակը։ Այս ձեռնարկը կազմակերպած էին Երեսփոխանական Պալատի նախագահ՝ Էմիլիօ Մոնսօն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Խորհրդարանական Բարեկամական Խումբի նախագահ՝ Ուալտօ Ուոլֆը: Խօսք առին երեսփոխաններ՝ Ռէմօ Քարլոթօ եւ Պրէնտա Օսթին, եւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ժանիկ Քէչեան։
Երեսփոխան Ուալտօ Ուոլֆ յայտնեց, որ «Եթէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի օրով աշխարհը հայ ժողովուրդին ողբերգութեան առջեւ երես չի դարձներ, հաւանաբար այսօր մենք ականատես պիտի չ՞ըլլայինք 20-րդ դարու ընթացքին տեղի ունեցած այսքան մեծ թիւով ցեղասպանութիւններու»։
Ան աւելցուց թէ ինք հպարտ կը զգայ պատկանելու այս երկրին, որ միաձայնութեամբ քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ու հասկացողութիւն յայտնեց հայերու վրդովմունքին համար ժխտողական դիրքորոշումներուն առջեւ։
Իր կարգին, Քորտոպա Նահանգի ներկայացուցիչ «Ռատիքալ» Կուսակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխանուհի Պրէնտա Օսթին հաստատեց, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւանաբար ամենախիստ օրինակն է որ մինչեւ ո՛ւր կարող է հասնիլ պետութիւն մը որ կը ճնշէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ զայն ոտնակոխ կ՚ընէ»։ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը մեղսակցութիւն համարելով, երեսփոխանուհին յայտնեց թէ մեծ պատիւ կը զգայ տեղեակ ըլլալու միջազգային շրջանակներու մէջ Արժանթինի կողմէ այս ուղղութեամբ խաղցած դերի մասին։ Օսթին շեշտեց թէ «Մեր երկիրը պէտք է պատուէ արդար դատերու հանդէպ իր յանձնառու աւանդութիւնը, ու շարունակէ թիկունք կանգնիլ Հայ Դատի հանդէպ, որպէսզի ան դառնայ Արժանթինի ու համայն մարդկութեան դատը»։
Ռէմօ Քարլոթօ հպարտօրէն նշեց թէ, ինք անձնապէս մաս կազմած էր 2006 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նախածրագրի ի նպաստ քուէ տուող 165 երեսփոխաններու խումբին, աւելցնելով թէ «Յոտնկայս ծափահարեցինք մարդկութեան առջեւ գերազանց նշան մը տալու կարելիութիւնը։
Ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր, Արժանթինը աւանդութիւն դարձուցած է որ պետականութեան երեք համակարգերը կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ առ այդ դիրք որդեգրած են։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք միշտ, որովհետեւ յիշողականութիւնը կենդանի պահելը առիթ կու տայ որ նման դէպքեր չի կրկնուին»:
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Ժանիկ Քէչեանը իր պատգամը սկսաւ ըսելով թէ այս միջոցառումը կը հաստատէր տասը տարիներ առաջ այս նոյն Խորհրդարանին կողմէ ստանձնած յանձնառութիւնը՝ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ «Հարկ է նշել թէ Թիւ 26.199 Օրէնքը շրջադարձելու, նուազեցնելու կամ անտեսանելի դարձնելու փորձերուն դէմ հանդիման, Խորհրդարանը միշտ զորավիգ մնաց պատմական ճշմարտութեան կողքին»։
Քէչեան յիշատակեց օրէնքի նախնական աշխատանքները, նշելով նոյնպէս 1987 թուականի Սեպտեմբերին Նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արժանթինի Խորհրդարանի Երեսփոխանական Պալատի ու Ծեռակոյտի ճանաչողական զանազան յայտարարութիւնները, նաեւ յիշեց 1995 թուականին Խորհրդարանին երկու պալատներուն կողմէ միաձայն ճանաչման օրէնքի մը նախագծի հաստատումէն ետք Նախագահ Քարլոս Մէնէմի վեթոն, հասնելով Օրէնքի հռչակման, 2007 թուականին, Նախագահ Նէսթոր Քիրչնէրի կողմէ, «Քաջութիւն ցոլացնող քայլ մը, որ արդէն տասը տարի է մեզ առիթ կու տայ յիշատակելու Ապրիլ 24-ը որպէս «Հանդուրժողականութեան եւ Ժողովուրդներու միջեւ Յարգանքի Օր», ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան»։
Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Եսթեր Մկրտումեան, իր խօսքին մէջ հարց տուաւ եթէ «Քաղաքակիրթ աշխարհարհը կրնայ ընդունիլ Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը, որ արդէն դարձած է պետական քաղաքականութիւն։ Տասը տարիներ առաջ Արժանթինի Խորհրդարանը իր խօսքը յայտարարեց։ Արդէն տասը տարիներ է որ Արժանթինի մէջ այս հարցի մասին կասկած չկայ։ Օրէնքը պէտք է յարգուի ընկերութեան եւ պետութեան բոլոր խաւերուն կողմէ»։ Եզրափակելով, Մկրտումեան շեշտեց որ «1915 թուականէն սկսեալ, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործադրուած ողբերգութիւնը եւ Արժանթինի հայ համայնքի օրինակելի կեանքը պատճառ դարձան ճանաչման յայտարարութեան, որ բարձր կը պահէ այս երկրին ու իր ընկերութեան»։
Ապա, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յուշանուէրներ յանձնեց Թիւ 26.199 Օրէնքի նախապատրաստական եւ ճանաչման ընթացքներուն հիմնական դեր ունեցած խորհրդարանականներուն, որոնց կարգին Ռաֆայէլ Պիէլսա, Հէրմէս Պիննէր, Գարլոս Ռայմունտի, Ֆէտէրիքօ Փինէտօ, Միկէլ Անխէլ Փիչէթօ, Ռուպէն Ճիւսթինիանի, Էրնէսթօ Սանս, Վիլմա Իպառա, Ակուսթին Ռոսի եւ Լիլիանա Նէկրէ տէ Ալոնսօ։
Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ հոծ բազմութիւն մը, որոնց կարգին՝ Արժանթինի Արտաքին Գործոց նախկին Նախարար՝ Ռաֆայէլ Պիէլսա, նախկին դատախազ եւ Արդարադատութեան նախկին նախարար՝ տոքթ. Լէոն Գարլոս Արսլանեան, երեսփոխան տոքթ. Ռիքարտօ Ալֆոնսին, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ-նախագահ՝ ընկ. Մարիօ Նալպանտեան, Երեսփոխանական Պալատի Միջազգային Յարաբերութեանց Ընդհանուր Տնօրէն՝ Խուան տէ Տիոս Սինքունէկի, Բազմակարծութեան եւ Բազմամշակութայնութեան Ազգային Գրասենեակի տնօրէն՝ Խուլիօ Քրոչի, Լիբանանի Դեսպան՝ Անթոնիօ Անտարի, Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս՝ Էլէն Արզումանեան, Յունաստանի Հիւպատոս՝ Քրիստոս Չաթցոփուլոս, Մ.Ա.Կ.ի մէջ Մարդկային Իրաւանց Գերագոյն Յանձնակատարի մասնագէտ՝ ընկ. Փետրօ Մուրատեան, Պուէնոս Այրէս քաղաքի նախկին երեսփոխանուհի՝ Մարիա Խօսէ Լուպէրթինօ, «Աէրէօփուէրթոս Արխենթինա 2000» ընկերութեան նախագահ՝ Մարթին Էօռնէքեան, Ռիվէր Փլէյթ ոտնագնդակի խումբի փոխ-նախագահ Մաթիաս Փաթանեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ։
↧
ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՆՇԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՕՐԷՆՔԻ 10-ԱՄԵԱԿԸ
↧