Սլաքն ու անոր ետին կանգնող ժամացոյցը մոռացութեան կը մատնեն մարդ, նիւթ, դէպք,
յիշողութիւն:…Սակայն կան դէպքեր, անցուդարձեր, պատահարներ որոնքկառչած կը մնան
մարդ էակին` յիշողութեան մէջ, այնքան մը որ, այդ միեւնոյն անխնայ սլաքները, որքան
յառաջանան, այդչափ կը շարունակուին անխախտ մնալ, իրկարգին մոռացութեան
մատնուելու վտանգին տակ գտնուող` յիշողութիւն կոչեցեալ բնագաւառէն ներս:
Այս իւրայատուկ բացատրութեամբ կարելի է հայորդիին ներկայացնել… ահաւասիկ
երեսուն տարի առաջ կատարուած, գրեթէ երէկ պատահած ըլլալու բնոյթը ունեցող
Լիզպոնի հերոսական արարքը:
Արա՞րք: Չէ, այդպէս կարելի չէ բնութագրել հայութեան ազգային եւ յեղափոխական
պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեզօծ գիրերով` հաւատք, հայրենասիրութիւն,
իտէալապաշտութիւն փորագրած, Հայ Դատը գերադասած,անձնուիրութիւնը
գործնականի եւ անդենականի վերածած, հինգ հայ հերոսներու նահատակութեան
երեսնամեակն է այսօր:
Միեւնոյն ժամանակ թէ՛ բախտաւոր եւ թէ՛ անբախտ էին այս հինգ “վիթխարիներ“ը:
Այո՛… Անոնք բախտաւոր էին, որովհետեւ կրցած էին իրենց խիզախ, անվախ ու քաջարի
արարքով զարթնեցնել ճղճիմ առօրեայով տարուած քնաբեր աշխարհ մը, եւ ամէնայն
վճռակամութեամբ, իրազեկ դարձուցած էին Հայոց Հարցը, իր մէջ պարփակելով
Ցեղասպանութեան բարդ թղթածրարը` ճանաչումէն մինչեւ հատուցում:
Անոնք կրցած էին ակն ընդ ական, փշռել այդ շղթան, խորտակել այդ պատը` լռութեան
եւ …ամօթի:
Այո՛… Անոնք անբախտ էին, որովհետեւ օտար հողի վրայ, Եւրոպայի հեռաւոր
Ատլանտեանի ափին կատարած էին գերմարդկային արարք մը, որմէ հազիւ հինգ
տարիետք արդէն սկսած էր, իրենց իսկ մարմաջը` Արցախի ազատագրման շարժումը:
Էսթորիլի զբօսաշրջական այդ միջավայրէն հեռու, իրենք` այդ հինգ “Խենթեր“ը
մեծխանդով պիտի ցանկային, արեան ի գին պայքարիլ յաչս “Խամսայի
Մելիքութիւններ“ու հողաշերտին ազատագրման համար:
Անոնք քաջատեղեակ թող ըլլան, որ թէեւ ֆիզիքապէս ներկայ չէին, սակայն անոնց
ցնցած ռումբին ազդեցութիւնը հասած էր Շուշի եւ Ստեփանակերտ:
Ջահը բարձր պահած էին անոնց հետեւորդները, ինչպէս ցայսօր` խունկն
ու մոմն ալ անմար ու յաւիտենական կը մնան…անոնց շիրիմներուն մօտ:
Վէրքերով…եւ վեհութեամբ լի:
“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“ - Պոսթըն (Մասաչուսէց)
Խմբագրական
Յուլիս 26, 2013