Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՈՐՊԷՍԶԻ ՅԱՒԵՐԺԱՑՈՒԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ (ԳԱԼ ՏԱՐԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿՆ Է)

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Այո, մեծ գիւտ մը ըրած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ գալ տարի Հայաստանի անկախ պետականութեան ծննդեան 100 ֊ ամեակն է։ Եւ ինչպէս բոլոր կլոր թիւով յոբելեանները, այս եւս առիթ է ընդգծելու պատմական այդ իրադարձութեան կարեւորութիւնը՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։
Մայիս 28ի հարիւրամեակը նաեւ առիթ է պանծացնելու մեր անկախ պետականութիւնը կերտած սերունդը՝ քաղաքական թէ զինուորական գործիչները։ Աւելորդ է ընդգծել, թէ ինչքան մեծ նշանակութիւն ունի այս հարիւրամեակի համազգային ու պետական շուքով նշուիլը։
70 տարի, օտար ու կեղծ արժէքներ պարտադրուեցան մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Այդ կեղծ արժէքները մեր սեփական եւ իսկականներո՛վ փոխարինելու օրերը վաղուց եկած են։ Արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պէտք է վերջնականապէս վերահաստատել մեր երկրէն ներս։
Առ այս, այս յօդուածագրին կարծիքով, երկու կարեւոր քայլեր կարելի է առնել։
ԱՌԱՋԻՆը կ’առնչուի Արամ Մանուկեանին։
Արդարեւ, անուրանալի է Արամ Մանուկեանի դերը Մայիսեան հերոսամարտներու կազմակերպման եւ նոյնինքն անկախ պետականութեան ստեղծման մէջ։ Արժանին պէտք է հատուցել այս մեծ հայորդիին, նաե՛ւ ժողովրդային ինքնայարգումի տրամաբանութեամբ։ Այսինքն, ինքզինք, իր պատմութիւնը եւ հերոսական անցեալը յարգող ժողովուրդ մը պարտաւո՛ր է առնելու այս քայլը։ Հետեւաբար, արժանի է, որ Երեւանի կեդրոնական (Հանրապետութեան) հրապարակին վրայ կանգնեցուի Արամ Մանուկեանի՝ համապատասխան լրջութիւն ու վայելչութիւն ներշնչող արձանը։
Երեւանի քաղաքապետարանի համապատասխան մասնագէտներուն (ճարտարապետներ եւայլն) կարելի է յանձնարարել ընտրելու այն յարմարագոյն կէտը, հրապարակին վրայ, ուր պէտք է տեղադրել այս արձանը, իր պատուանդանով։ Կեդրոնական հրապարակին վրայ կը գտնուին վարչապետարանը (կառավարութեան շէնքը), պատմութեան եւ կերպարվեստի թանգարանները։ Այսինքն՝ հրապարակը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մշակութային արժէքներ կը խտացնէ ու կը խորհրդանշէ, ինչպես եւ կկրէ «Հանրապետություն» անունը։ Այնպէս որ, հո՛ն է ճիշդ վայրը Արամ Մանուկեանի արձանին, որ կրնայ ամբողջացնել թէ՛ Թամանեանի ներքին տրամաբանութիւնը եւ թէ՛ խորհրդանիշը հանդիսանալ մեր պետականութեան։
Այս յօդուածագրին կարծիքով, մէկ տարին բաւարար ժամանակ է թէ՛ ընտրելու ճշգրիտ կէտը, թէ՛ ճարտարապետական նախագիծը մշակելու եւ թէ՛ արձանի ստեղծագործական մրցոյթը կազմակերպելու եւ գործը իր աւարտին հասցնելու համար։ Ճիշդ է, այս աշխատանքը կ’ենթադրէ կառուցային, քաղաքաշինական, ճարտարապետական ու գեղագիտական ուսումնասիրութիւն, մասնագիտական մակարդակով։ Այս բոլոր խնդիրները կարելի է լուծել, պայմանով որ Հայաստանի իշխանութիւնները ցուցաբերեն համապատասխան կամքը։
Դարձեալ Արամ Մանուկեանի կապակցութեամբ, Հայաստանի իշխանութիւնները պատշաճ է որ անյապաղ ձեռնարկեն անոր տան փրկութեան՝ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ բովանդակային առումներով։
Նախ՝ ֆիզիքապէս, որովհետեւ շէնքը կառուցային իմաստով կը գտնուի վտանգաւոր վիճակի մէջ։ Թող չ’ըսուի մեզի, թէ շէնքը արդէն իսկ սեփականաշնորհուած է եւայլն։ Այդ հարցը կարելի է լուծել օրէնքի եւ իրարհասկացողութեան ճամբով՝ միաժամանակ. դարձեալ, կարեւորը համապատասխան կամքը ցուցաբերելն է։
Շէնքի ճարտարապետական ու կառուցային վերականգնումէն վերջ, զայն կարելի է վերածել ոչ միայն Արամ Մանուկեանի, այլեւ իր բոլոր սերնդակիցներուն նուիրուած տուն ֊ տանգարանի, ինչ որ մեզ կը հասցնէ մեր երկրորդ առաջակին։
ԵՐԿՐՈՐԴ առաջարկին ծիրէն ներս, առաջին հերթին բնականաբար նկատի ունինք անկախութեան սերունդը՝ վարչապետներ, նախարարներ, դեսպաններ, զինուորականներ, միտքի ու գրիչի, սուրի ու զէնքի գործիչներ։ Երկրորդ՝ նոյնինքն այս սերունդին իրագործումները «անձեւ քաոս»էն պետական համակարգի հիմերը դնելու իմաստով՝ բանակաշինութեան, մշակոյթի ու կրթութեան (համալսարանի հիմնում), կառավարման համակարգի ստեղծման բնագաւառներէն ներս։
Յառաջիկայ տարուան ամբողջ Մայիս ամսուան ընթացքին, կարելի է կազմակերպել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առնչուող դէմքերուն ու դէպքերուն առնչուած ու պատմական արժէք ունեցող իրերու ցուցահանդէս՝ յար եւ նման «Հայաստանի գանձերը» խորագրով այն նախաձեռնութեան, որ շրջելէ ետք Ֆրանսայի մէջ, յատուկ կերպով իր արժանի ցուցադրումին արժանացաւ Պատմութեան թանգարանէն ներս, քանի մը տարի առաջ։
Բնականաբար նման նախաձեռնութեան մը կը հետեւին «մանրամասնութիւններ», ինչպէս՝ յատուկ այցելութիւններու կազմակերպում դպրոցականներու, ուսանողներու եւ զբօսաշրջիկներու համար (հայ թէ օտար), ցուցադրութեան բազմալեզու առաջնորդներու պատրաստութիւն, համապատասխան վաւերագրական ժապաւէններու պատրաստութիւն եւ ցուցադրութիւն եւայլն։
Այս ցուցահանդէսին վերջնական կայքը կարելի հաստատել նոյնինքն Արամ Մանուկեանի տուն – թանգարանէն ներս։
Քննելի են անշուշտ այս նախաձեռնութեան գործնական երեսները, տրուած ըլլալով, որ թէ՛ Պատմութեան թանգարանէն ներս կան որոշ նիւթեր եւ թէ՛ Հ.Յ.Դաշնակցութեան թանգարանը ունի հարուստ հաւաքածոյ, որ կը գտնուի Երեւանի մէջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շէնքին մէջ։ Անկախ այս երկուքէն, վստահաբար այլ վայրերու մէջ եւս կան Առաջին հանրապետութեան առնչուող եւ թանգարանային ֊ պատմական արժէք ունեցող իրեր կամ արխիւային նիւթեր. թերեւս անհատներու մօտ եւս կան նման իրեր։ Հետեւաբար, այս բոլորին համախմբումը օրակարգի հարց պէտք է դառնայ համապատասխան իշխանութիւններուն համար՝ պետական ըլլան ատոնք, կամ ոչ։
Եւ տակաւին կայ այլ երես մը։ Այս յօդուածագրին կարծիքով, վաղուց հասած պէտք է համարել պահը Երեւանի զանազան վայրերուն մէջ տեղադրելու Անկախութեան սերունդի այլ ներկայացուցիչներու արձանները եւս՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Սիմոն Վրացեանի, Դրոյի, Ալ. Խատիսեանի, Համօ Օհանջանեանի, Խաչատուր Կարճիկեանի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Արմէն Գարոյի, Աւ. Ահարոնեանի, Բաբաջանեանի, զօրավարներ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի, Թովմաս Նազարբէկեանի, Մ. Սիլիկեանի, Ս. Արարատեանի ու շատ ուրիշներու, որովհետեւ այս սերունդն էր, որ արիութեան ու քաջութեան «բազում գործեր» կատարեց, որոնք արժանի են «գրոց յիշատակման»։
Կրնայ առարկուիլ, թէ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Արամ Մանուկեանի արձանին տեղադրումը, անոր տուն ֊ թանգարանի կառուցումը (շէնքի ու բովանդակութեան իմաստներով), ինչպէս նաեւ անկախութեան սերունդի դէմքերուն առնչուած այս բոլոր նախաձեռնութիւնները կը կարօտին համապատասխան նիւթական միջոցներու, եւ ուրեմն… ինչպէ՞ս գոյացնել («չկայ»ի ներքին տրամաբանութեամբ)։ Այս առարկութիւնը (աւելի ճիշդ՝ պատրուակը) միայն արհամարհանքի արժանի է, որովհետեւ երբ կառավարութիւնը ցուցաբերէ քաղաքական կամք ու կայացնէ համապատասխան որոշում, մնացեալ խնդիրները կը գտնեն իրենց լուծումները։ Չենք ուզեր ամբոխահաճոյ «հակափաստարկներու» դիմել։
Եզրակացնելով, հսկայական աշխատանք կայ կատարելիք Հայաստանի պետականութեան ծննդեան 100 ֊ ամեակի ծիրէն ներս։ Միայն մեր երկու առաջարկները ինքնին մեծ լարում ու միջոցներ կ’ենթադրեն։ Սակայն այս աշխատանքները անհրաժեշտութիւն են, որպէսզի մեր ժողովուրդին ստեղծած արժէքային համակարգը հարստանայ ու ամրապնդուի։
Ռուբէն Տէր Մինասեան, երբ կը նախաձեռնէր իր «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» խորագրով հատորներու հրատարակութեան, իր հրատարակիչին ուղղած իր նամակներէն մէկուն մէջ հետեւեալ միտքը կ’արտայայտէր. «Ես այս գործը չեմ ըներ ողջերուն համար, այլ՝ մեռելներուն։ Երբ աւարտեմ այս գործը, այն ատեն Արամի (Մանուկեան) ու Գէորգի (Չաուշ) հոգիները կը խաղաղին ու կը հանգստանան»։
Ռուբէնէն աւելի ճշգրիտ կարելի չէ բանաձեւել։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles