ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Մայիս 23, 2017
Եօթներորդ արուեստի աշխարհէն ներս, անծանօթ չէ եւ բազմիցս գործածուած է այս բացատրութիւնը:
«Սփակեթի ուեսթըրն»ի մասնագէտ Սերճիօ Լէօնէի «Ժամանակին Արեւմուտքին մէջ» («Once upon a time in the west», 1968) ժապաւէնը պատրաստած էր, ներկայացնելով Նոր Աշխարհի հին աւեւմուտքը՝ ոսկի հանքերու համար պայքար, գողութիւն, սպանութիւն, վրէժխնդրութիւն…: Տարիներ ետք, նոյնինք Լէօնէն միեւնոյն «կար ու չկար»ը պահելով պատրաստեց նմանօրինակ ահ ու սարսափ մթնոլորտի ժապաւէն մը՝ «Ժամանակին Ամերիկայի մէջ» («Once upon a time in America», 1968), այս անգամ Նոր Աշխարհի Արեւելեան ափին մէջ, կիզակէտ ունենալով անցեալ դարասկիզբի Նիւ Եորքն ու իր կանկսթէրները, ներշնչուած Հերի Կրէյի մէկ նորավէպէն:
Միեւնոյն անուններէն եւ մթնոլորտէն ներշնչուած, յառաջդիմական գաղափարներու տէր՝ թուրք բեմադրիչ Նուրի Պիլկէ Ճէյլան, վերոյիշեալ գործերուն մէջ ներկայացուած ու նկարագրուած այդ անիշխանական մթնոլորտը փոխադրած էր Անաթոլիա եւ պատրաստած գլուխ գործոց մը՝ «Ժամանակին Անատոլուի մէջ» («Once upon a time in Anatolia», «Bir Zamanlar Anadolu’da», 2011):
Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ սուլթանամէտ ղեկավար Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանն ալ տպաւորուած եւ ազդուած այս «Կար ու չկար, ժամանակին կար…» մթնոլորտէն, իր կարգին նմանօրինակ սարսափազդու գործ մը լոյս ընծայեց Մայիս 16-ին, այս անգամ Նոր Աշխարհի մայրաքաղաք՝ Ուաշինկթընի մէջ:
Տարբերութիւնը այն էր թէ, պատահածը իրական էր:
Ո՛չ երեւակայութիւն, ո՛չ ալ բեմադրութիւն: Կարիք չկար Հենրի Ֆոնտայի կամ Ռապըրթ Տընիրոյի նման դերասաններու: Անշուշտ վտանգաւոր շարժումներ կատարելու համար, յատուկ մասնագիտացած սթանթմէնի ալ կարիք չկար:
Այդ գործը ստանձնած էին Թուրքիոյ նորելուկ սուլթանին թիկնապահները, որոնց մի քանին մկանային կոյտերու ճաղատ տիպարներ, իսկ այլք՝ «Blues Brothers»եան (պահելով եօթներորդ արուեստի միջավայրն ու բնագաւառը) ոճով, սեւ ու տարածուն ակնոցներով օժտուած:
Իսկ ինք սուլթան Էրտողանը, բնականաբար ստանձնած էր կանկսթէրներու հերոսակապետի պաշտօնը, իր շքեղ լիմուզինին մէջ բազմած, ան կը հետեւէր իր մարդասպան հլու կամակատարներու անմարդկային արարքներուն եւ վստահաբար ցուցմունքներ ալ կու տար:…Ի վերջոյ այս մարզէն ներս, ան փորձառութիւն ձեռք ձգած տիպար մըն էր:
Թաքսիմի Կեզի պարտէզէն հեռու կը գտնուէին նորելուկ սուլթանն ու իր խուլիկան պահակագունդը: Աշխարհագրականօրէն, մղոններ հեռու էին անոնք, սակայն իրենց գործելաձեւով, միեւնոյն մարդկային ամենադոյզն իրաւունքներու դէմ կը գործէին «Սպիտակ Տան» քիթին տակ: Վայր մը, ուր միշտ ալ առիթ տրուած է ազատօրէն արտայայտուելու, բողոքելու: Բազմաթիւ պետական անձնաւորութիւններ եւ ղեկավարներ ականատես եղան թէ կ՛աղաւաղուէր եւ մէկդի կը շպրտուէր Նոր Աշխարհի սահմանադրութիւնը:
Մայիս 16, 2017-ին բեմադրուեցաւ այլ «Կար ու չկար, ժամանակին կար…» մը` «Bir Zamanlar Washington’da»ն…արիւնահեղութեամբ եւ բուռն հարուած մը տալով արդարութեան: