Համազգայինի Ուսանողական հաւաքը, որ Յուլիս 13-ին սկսած էր իր գործունէութեան, տարբեր տեսակի աշխատանքներ տարաւ եւ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Յուլիս 16-էն 18: Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին հետեւեալ վայրերը.
Ա) Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Թովմաս Պօղոսեանի հիմնած “Ջիւանի“ դպրոցը, ուր ան անձամբ ընդունեց ուսանողներու խումբը եւ բացատրութիւններով հարստացուց հայ աշուղական արուեստի մասին ֆորումականներուն գիտելիքները: Պօղոսեան հաւաքի մասնակիցներուն ծանօթացուց խումբի նուագարանները` անոնց մասին տալով տեղեկութիւններ:
Բ) Ուսանողական հաւաքի մասնակիցներուն այցելութեան յաջորդ վայրն էր Ծաղկաձորի Հայ կաթողիկէ Տիրամայր ճամբարը, ուր անոնք անմոռանալի պահեր ապրեցան շուրջ 220 պատսպարեալ պատանիներու հետ, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 6-16 տարեկանի միջեւ: Մասնակիցները ծանօթացան պատանիներուն, երգեցին անոնց հետ եւ մասնակցեցան մարզական խաղերու, մրցեցան մօտ երկու ժամ խանդավառ եւ ընկերական մթնոլորտի մը մէջ:
Գ) Հաւաքի մասնակիցները յարգանքով խոնարհեցան հայութեան նահատակներուն յիշատակին առջեւ, երբ այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր:Ազդուած էին բոլոր ուսանողները. անոնք յուզումով Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ զետեղեցին ծաղիկներ` ի յիշատակ զոհերուն ու միասին աղօթեցին “Հայր Մեր“ը: Նոյն յուզումը շարունակուեցաւ Եռաբլուր տրուած այցելութեամբ:
Դ) Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին նաեւ հայ պատանիին յաջող ապագայ մը ստեղծելու կարելիութիւն տուող “Թումօ“ Ստեղծարար Ճարտարագիտութիւններու կեդրոն, ուր ներկայացուեցան կեդրոնի ծրագիրը, նպատակները եւ աշխատելաձեւը: Ապա ուսանողները հետեւեցան հոն սորվող ու աշխատանքներ կատարող պատանիներու պատրաստած յատագիրին եւ աշխատանքներուն: Հանդիպման աւարտին հաւաքի մասնակիցները դիտեցին “Թումօ“-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզներ:
Ե) Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Աշտարակի Ս. Կարմրաւոր եկեղեցին, ուր կը գտնուի Գէորգ Էմինի շիրիմը: Յետոյ խումբը մեկնեցաւ դէպի Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր Նորա Թաշճեան զեկուցեց հայ գիրերու գիւտին մասին, շեշտելով անոր կարեւորութիւնը` իբրեւ ազգային պահպանման հիմնական կռուան: Ան թելադրեց բոլոր երիտասարդներուն եւ հայերուն գուրգուրալ մայրենիին եւ գրել հայատառ մեր առօրեայ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին:
Դասախօսութիւններու ծիրին մէջ Կարօ Յովհաննէսեան հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուց “Ո՞վ է ղեկավարը“ նիւթը:Ան ընդհանուր գիծերու մէջ սահմանեց ղեկավարի տիպարը, անդրադառնալով անոր վերաբերող տարբեր տեսութիւններու, ինչպէս նաեւ բացատրեց իսկական ղեկավարի մը համար անհրաժեշտ նկարագրական կէտերն ու առանձնայատկութիւնները:Ան շեշտը դրաւ ղեկավարութեան կարեւորութեան վրայ` ըսելով, թէ գործի մը յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը հիմնուած է ղեկավարութեան վրայ:Ան նաեւ ըսաւ. “Տիտղոսները չեն, որ արժէք կու տան ղեկավարին, այլ ղեկավարն է, որ արժէք կու տայ տիտղոսներուն“:
Հաւաքի ծրագիրին մաս կազմող մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուսանողները ներկայ գտնուեցան Նարեկ Տուրեանի “Սե Լա Վի“ կատակերգութեան, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի դահլիճին մէջ:Խումբ մը ֆորումականներ առիթ ունեցան ներկայ գտնուելուՀամազգային մշակութային միութեան “Լեւոն Շանթ“ թատերական մրցումի մրցանաբաշխութեան: