Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հոգեհանգիստ՝ Ի Յիշատակ Արցախի Նահատակներուն

$
0
0

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Կիրակի, Մայիս 20-ին յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեանի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ի յիշատակ Շուշիի ազատագրութեան ինկած նահատակներուն։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց, եկեղեցւոյ տէր Սարգիս քահանայ Ագթաւուքեան։ Աւետիսեանի կողքին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեան, շրջանի «Սեպուհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Սեպուհ Ասատուրեան, համայնքի անդամներ եւ կոմիտէութեան ընկերներ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ սրահ, ուր անձամբ առիթը ունեցան զրուցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեանի հետ: Անոնք յաւելեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան Արցախի վերաբերող զարգացումներու մասին, յատկապէս վերջին օրերու սահմանյին իրադարձութիւններու կապակցութեամբ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles