Ապրիլ 29-ին, Տիթրոյթի Պըրքլի համալսարանի ժողովասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի ձեռնարկը, որուն եօթհարիւրէ աւելի նստարանները գրաւուած էին զանազան մօտակայ շրջաններէ ժամանած հայորդիներու կողմէ:
Ներկայ էին շրջանի հովիւներ՝ Հրանդ Գէորգեան (Սուրբ Սարգիս), Տարօն Ստեփանեան (Րէյսինի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի), Միքայէլ Պասալ (Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի), Շանթ Պարսումեան (Հայ Աւետարանական եկեղեցի) եւ Հայ Աւետարանակչական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան: Իսկ այս առթիւ, քաղաքապետ Ռիք Սնայտըր յատուկ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած էր, տեղեկացնելով թէ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս Հայոց ցեղասպանութեան օրն է:
Այս հաւաքը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Օրուան հանդիսավարն էր Հելենա Պարտաքճեանը: Ան պաշտօնապէս ազդանշանը տուաւ հանդիսութեան: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկատուական կազմը տողանցեց եւ ապա կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն:
Հայ Երիտասարդական Միութեան խօսքը փոխանցեց Հելեն Աթթարը, որ ներկաներուն վստահեցուց թէ պէտք է ապաւինիլ ապագայ սերունդին, որոնք պատրաստ են շարունակելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի բոլոր աշխատանքներու բնագաւառներէն ներս:
Ապա, խօսք առաւ փաստաբան, գրագէտ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին, որ յատկապէս ծանրացաւ բռնի ուժով իսլամացած հայորդիներու մասին: Անի Գասպարեան թրքերէնէ հայերէնի թարգմանեց Ֆեթհիէի խօսքը:
«Վերջերս ՝ նախ մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու պատմութիւնները, եւ յետոյ, խօսակցութիւններն ու կատարուած պրպտումները իսլամացած հայ ընտանիքներու եւ գիւղերու բնակչութեան մասին ՝ հսկայական ճեղքեր բացած են մէկ դար շարունակուող լռութեան մէջ: Մեծ մայրս թէեւ տարիներով լուռ էր մնացեր բայց չէր մոռցեր անունները իր հայ մօր, հօր, մեծ հօր, եւ նոյնիսկ իրենց գիւղապետին: Կարծես այս բոլոր բաները ինքզինքին կրկնած էր, իր լռելեաՅն տարիներու ընթացքին, որ օր մը կարենայ խօսիլ անոնց մասին: Ասիկա պայքարի մը տեսակն է մոռացութեան դէմ մղուած:
Այն ինչ որ տեղեկացած էի մեծ մօրմէս նախ սկսայ բաժնել զանոնք ազգականներուս եւ ընկեր-բարեկամներուս հետ: Այդ մտերմիկ պահերուն նկատեցի որ բոլորն ալ նման պատմութիւններ ունէին, եւ ձայներնին փսփսուքի վերածուած էր: Լռութիւնը միայն մեծ մօրս չէր պատկանէր: Այլ՝ կը պատկանէր ամբողջ ընկերութեան: Նոր սերունդն էինք եւ հետամուտ՝ որ կարելի է նոր կարգավիճակ մը ստեղծուի որը պատրաստ կրնայ ըլլալ նման փոփոխութեան մը դէմ յանդիման գտնուելու: Ինչո՞ւ բոլորին ծանօթ այս գաղտնիքը չէր քննարկուեր: Ինչո՞ւ…: 1915-ի գազանութիւնն ու վայրագութիւնը այնպիսի ծաւալ մը ունէին , որ սովորական պայմաններու մէջ անկարելի թուող բաները կարելիի վերածուեցան: Հարիւր հազարաւոր հայ կիներ եւ երախաներ կրցած էին ողջ մնալ միայն իսլամ դառնալով: Այս հաւատուրացութիւնը եւ անոր շուրջ կառուցուած լռութեան պատը կը ցուցաբերեն ծաւալը տեղի ունեցած սարսափին», յայտնեց Չեթին եզրակացնելով թէ իսլամացած հայերուն զաւակներն ու թոռները ապրած են ու կը շարունակեն ապրիլ զոհը դառնալով կրկնակի արտաքսման, որովհետեւ՝ անոնք ճանչցուած են իբր անվստահելի, անարմատ եւ թափառական պիտակը կրող մարդիկ:
Տիթրոյթի Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբի անունով, խօսք առաւ Րաֆֆի Ուրլեան, որ իր կարգին շեշտեց թէ տարիները կը թաւալին, սակայն պահանջատիրութեան եւ արդարութեան համար մղուելիք պայքարը կը շարունակուի: Ան շեշտեց թէ, այս ձեռնարկին առթիւ, Ֆէթհիէ Չեթինի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի ներկայութիւնը կ՛իմաստաւորեն օրուան իմաստը:
Փայլան բեմ բարձրանալով ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յայտնեց թէ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջենք նախ մե՛ր ժողովուրդին համար, ապա ամբողջ մարդկութեան համար, որովհետեւ որեւէ բռնարարքի անդատապարտելիութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր բռնարարքներու, ինչպէս կը շարունակուի այսօր Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ քիւրտերուն դէմ, ինչպէս տեղի ունեցաւ նաեւ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ, որուն պատճառով մեծ կորուստներ ունեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդը: Երբ կը նշէինք Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակը, թուրք զինուորական գրասենեակի պաշտօնեան մօտեցաւ ինծի եւ յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւն բառը արտասանելու պարագային, հետեւանքները վտանգաւոր կրնան ըլլան: Միեւնոյն կացութիւնը կր կրկնուէր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, երբ կը պնդէի, թէ 102 տարի առաջ պատահածը ցեղասպանութիւն էր, որ կը շարունակուի առ այսօր, երբ յայտնեցի իրենց, թէ 102 տարի առաջ Թուրքիա գործեց այդ սխալը, նոյն սխալը եկէք չկրկնենք»:
Փայլան յատուկ կերպով անդրադարձաւ սփիւռքահայութեան դերակատարութեան մասին, շեշտելով թէ, կարեւորագոյն միջոցը օտար իշխանութիւններուն մօտ աշխատանք տանիլն է, որպէսզի շատ աւելի գործօն կերպով հետաքրքրուին Միջին Արեւելքով եւ յատկապէս Թուրքիոյ քաղաքականութեամբ, յաչս ժողովրդավար Թուրքիա մը ստեղծելու:
Ան շեշտեց թէ դժբախտաբար ժխտողական կեցուածքը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ, եւ այս իրավիճակին լոյսին տակ, ապրող փոքրամասնութիւնները կը շարունակեն պայքարիլ:
Փայլան յայտնեց, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք առիթը ունեցած է հանդիպելու թուրք անձնաւորութիւններու, որոնք իսկապէս հետաքրքրուած են հայկական հարցով, սակայն երկրէն ներս վերջին իրադարձութիւններուն պատճառաւ աւելի զգուշաւոր մթնոլորտ կը տիրէ: Ան նշեց թէ բազմիցս փափաքած է յայտնել Պոլսահայ գաղութին, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն մասին ձայն չբարձրացնելն ու լռութիւնը պահելը ապահովութեան երաշխիք չեն կրնար հանդիսանալ, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ: Ան աւելցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ, եւ…«Մենք, մեր կարգին, որպէս երրորդ սերունդ, մեր միակ պարտականութիւնը զայն յաջորդ սերունդին փոխանցելը չէ, այլ պէտք է վճռակամութիւնն ու յանձնառութիւնը ունենանք լուծելու այս խնդիրը: Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ մէկ իմաստ կրնայ ունենալ, երբ ան տակաւին կը շարունակուի, երբ կրակը տակաւին չէ մարած, այլ արիւնահեղութեան եւ մարդկային կորուստներու պատճառ կը դառնայ օրն ի բուն: Մենք այսօր կը պայքարինք ոչ միայն ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր, այլեւ անոր դադարեցման ի խնդիր:…Միայն ժողովրդավար Թուրքիա մը ունենալու պարագային կ’ակնկալուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում: Ես յաճախ ուզած եմ յայտնել մեր ժողովուրդին, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն մասին ձայն չբարձրացնելն ու լռութիւնը պահելը ապահովութեան երաշխիք չեն կրնար հանդիսանալ Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդին: Միայն ժողովրդավար Թուրքիա մը ունենալու պարագային կ’ակնկալուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում », ըսաւ ան:
Գեղարուեսապական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ «Համազգային»ի «Արաքս» պարախումբը, որ ներկայացուց «Տէր Զօր» եւ «Զարթօնք» գործերը:
↧
Ֆեթհիէ Չեթինի եւ Կարօ Փայլանի Մասնակցութեամբ Նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը Տիթրոյթի Մէջ
↧