Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ուաշինկթըն.- Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ Յարձակում

$
0
0

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Մայիս 16-ին, Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի դէմ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մասնակիցները թիրախ դարձան խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու վայրագ յարձակումներուն:

Ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի Հելէնական խորհուրդին եւ շարք մը այլ քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Այս  յարձակումին իբրեւ հետեւանք, քանի մը ցուցարարներ վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան։

Էրտողանի պաշտօնական այցելութեան դէմ ցոյցը սկսած է Լաֆայէթ հրապարակէն, իսկ յարձակումը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի բնակարանին մօտակայքը։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles