Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արցախ.- Մեծ Շուքով նշուեցաւ Մայիսեան Եռատօնը

$
0
0

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ( «Արցախփրես», «Ապառաժ»).- Փառաշուք հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Արցախի շիկաքար բերդաքաղաք Շուշիի ազատագրման 25-ամեակը:
Այս առթիւ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին միացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Արցախ ժամանած նախագահ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ տօներուն առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւններուն:
«Այսօր բոլորիս համար շատ յիշարժան օր է, որովհետեւ եթէ 25 տարի առաջ չըլլար այս օրը, մենք ո՛չ միայն կարելիութիւն պիտի չունենայինք այստեղ նստելու, այլեւ թերեւս արդէն կորսնցուցած ըլլայինք այս Արցախ աշխարհը, որովհետեւ Շուշիի ազատագրումը մեզի կարելիութիւն տուաւ ամբողջովին զօրաշարժի ենթարկելու մեր ուժերը, դառնալու «ազգ-բանակ» եւ հասնելու անոր, որ Ղարաբաղը ամբողջովին ազատագրուի, եւ ապահովէ գոնէ այստեղ ապրողներուն անվտանգութիւնը: Կ՛ուզեմ որ դուք, գնահատելով ուրիշներուն վաստակը, գնահատելով այն մարդոց վաստակը, որոնք մեր յաղթանակը իրականութիւն դարձուցին, գնահատէք նաեւ ձեր վաստակը, որովհետեւ եթէ դուք չըլլայիք, չըլլային ձեզմէ առաջ ծառայողները, ակնյայտ է, որ աւագ սերունդի յաղթանակները կոպէկի արժէք պիտի չունենային», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:
Մայիսեան Եռատօնին նուիրուած` տօնական միջոցառումներու շարքին ազդանշանը տրուած էր վաղ առաւօտեան` Ստեփանակերտի փողոցներով բանակի հանդիսաւոր քայլարշաւով:
Առաւօտեան ժամերուն իսկ, հոծ բազմութիւն մը սկսած էր այցելել տեղւոյն յուշահամալիրը: Նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան, Արցախի փոխ-նախագահ Արկադի Ղուկասեան, եւ յաջորդաբար Արցախի եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահներ՝ Աշոտ Ղուլեան եւ Գալուստ Սահակեան, Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր, իրենց կարգին այցելելով, ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին, Արցախի ազատագրման զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ Շուշիի մէջ, հանդիպում ունեցած է զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող եւ ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեան ու խիզախութեան համար խրախուսման արժանացած խումբ մը զինուորներու եւ սպաներու հետ: Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ զինուորականներ` հազարապետ զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանց եւ գնդապետ-զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան, որոնց ուղին օրինակելի է զինուորներուն համար:
Աւանդական դարձած այս ձեւաչափով հանդիպումին նախագահը զինուորներուն առաջարկած է անկաշկանդ խօսիլ զիրենք անհանգստացնող խնդիրներու, պաշտպանութեան մարզի արդիականացման, բարեփոխումներու, հայրենիքի հետագայ հզօրացման ու զարգացման պատկերացումներու մասին եւ ներկայացնել իրենց առաջարկները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատասխանելու հանդիպումին մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն, լսելու զինուորներուն կարծիքները: Կատարուեցան այցելութիւններ՝ Շուշի: Ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ զետեղուեցան հրասայլ-յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:
Արցախի այլ շրջաններէ ներս ալ կատարուեցան տօնական միջոցառումներ, իսկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ կատարուեցաւ տօնական համերգ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ շքեղ հրավառութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles