
Շաբաթ, Ապրիլ 1-ին, ֆրանսահայ մաէսթրօ Ալէն Ալթինօղլու, աւարտեց իր անդրանիկ ելոյթներու շարքը Պոսթընի համանուագային կազմին հետ:
Զուտ ֆրանսական յայտագիր մըն էր Ալթինօղլուի ներկայացուցածը: Բացման գործն էր Պերլիոզի ՝՝Ռոման Քարնիվալ՝՝ը, ապա ֆրանսացի հանրածանօթ ջութակահար Ռընօ Քափիւսոնի մասնակցութեամբ, Լալոյի ՝՝Սպանական համանուագը՝՝ը:

Պոսթընի Համանուագային կազմին հետ…
Երկրորդ մասին մէջ,նկատի առնուած էին համեմատաբար աւելի արդի յօրինողներու գործեր՝ Տիւթիյէոյի ՝՝Համանուագ թիւ 2՝՝-ը եւ Ռուսէլի ՝՝Պաքիւս է Արիան՝՝ կտորը:
Հակառակ, այդ օրերու աննպաստ օդին հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ Ալթինօղլուի ելոյթներուն: Անոր յայտագրի մաս կազմող բոլոր գործերն ալ դժուար էին, որոնք ամենայն հարազատութեամբ ներկայացուեցան երիտասարդ ղեկավարին կողմէ:

Ալթինօղլու ուսանած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ, ուր այժմ կը դասւաւանդէ: Անոր կողակիցն է մէցօ-սոփրանօ Նորա Կիւպիշը, որուն հետ բազմիցս ելոյթներ ունեցած է:
Երկու տար առաջ, Ալթինօղլու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ելոյթներ ունեցաւ: