Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ապարդիւն Հանդիպում

$
0
0


ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Մայիս 2, 2017

Ապրիլ 28-ին, Մոսկուայի մէջ կատարուած Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումին մասին յատուկ մանրամասնութիւններ կը պակսին:
Արդե՞օք, այնքան մը սովորական եւ ապարդիւն էր այս հանդիպումը, թէ՞ Մոսկուա, յանձին իր արտաքին գործոց նախարար Լաւրովին, կը նախընտրէ գաղտնապահ մնալ:
Հետաքրքրական է, կատարուած հանդիպումին, յաջորդ օրն իսկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի յայտարարութիւնը թէ, համանախագահները չունին որեւէ տեղեկութիւն նախագահներու հանդիպումին վերաբերեալ: Հոկլընտ, իր զարմանքը յայտնելով, նաեւ թէ այս հանդիպումին ընթացքին կը սպասուէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին կազմակերպման շուրջ քննարկում կատարել:
Առեղծուա՞ծ թէ տեղեկութիւններու անհասկացողութիւն կամ իրարանցում…:
Տեղեկացուած էր թէ, այս եռակողմանի հանդիպումէն ետք, անոնց միացած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Տեղի ունեցած է Արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ միտքերու փոխանակում:
Արդեօք Հոկլընտ դիտմա՞մբ կը կատարէր այդ յայտարարութիւնը, թէ պարզ անորոշութիւն ստեղծելու գործելաձեւ մըն էր կատարուածը, որ վերջերս բազմիցս կը կիրարկուի Սպիտակ Տան նոր վարձակալ՝ Թրամքին կողմէ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը, այս հանդիպման նախօրեակին յայտարարած էր, որ ժամանակը հասած է առարկայական բանակցութիւններու, աւելցնելով թէ, այս հանդիպումը կը դառնայ Սուրբ Փեթերսպուրկի մէջ նախագահներու մակարդակով տեղի ունեցած կառուցողական բանակցութիւններու շարունակութիւնը, եւ դեռ աւելին ազդանշանը կը տրուի խօսքէն գործի անցնելու ընթացքին:
Իսկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնն ալ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէր թէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին` Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման աջակցութեան ուղղուած շարունակական ջանքերուն համար: Նախարարները համաձայնած են շարունակել հանդիպումները քննարկուած բոլոր հարցերուն առնչութեամբ: Հաղորդագրութիւնը կը շարունակէր տեղեկացնելով թէ, հանդիպումին ընթացքին շարունակուած են Արցախեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու շուրջ քննարկումները, եւ թէ ընդգծուած է Վիեննայի եւ Սուրբ Փեթերսպուրկի մէջ, յաջորդաբար Ապրիլ եւ Յունիս 2016-ին տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման անհրաժեշտութիւնը:
Այս հանդիպումէն 48 ժամ առաջ, Պաքու ժամանաած էին ռուսական զէնքի եւ ռազմական նորագոյն սարքաւորումներու նոր առաքում մը` երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներու պայմաններուն համաձայն: Եւ դեռա ւելին, նաեւ Ատրպէյճան հասած են նաեւ ռուս մասնագէտներ, որոնք նոր զինատեսակներուն գործածութիւնը պիտի սորվեցնեն իրենց ատրպէյճանցի գործընկերներուն:
Իսկ, խնդրոյ առարկայ հիմնահարցի հողաշերտին վրայ, ցայսօր կը շարունակուին ընդհարումները, որոնց արդիւնք հայրենի երեք զինուորներ նահատակուած են, իսկ թշնամին ըստ սովորութեան միշտ ալ կը ծածկէ իր զոհերուն թիւն ու տարողութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles