Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«Նոր Ազգային Ժողովի Կանոնակարգը Կը նախատեսէ, Որ Բաժնուին Կառավարող Եւ Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները», Կը Յայտնէ Արմէն Ռուստամեան

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջերս «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնեց թէ նոր Ազգային Ժողովի կանոնակարգը կը նախատեսէ, որ բաժնուին կառավարող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները: «Պահանջ կայ, որ պէտք է այս յստակութիւնը անպայման մտնէ, ինչ որ կ՛ենթադրէ նաեւ յուշագիր ստորագրել, քաղաքական համաձայնագիր ստորագրելու մասին յուշագիր, որուն վրայ մենք կ՛աշխատինք», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ վերջնականապէս կ՛աւարտին բանակցութիւնները, Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան միջեւ, Ռուստամեան պատասխանեց.- «Հաւանական է, որ քաղաքական համաձայնագիրը արդէն այս շաբաթ ստորագրուի: Մենք պատրաստ էինք ամէն պահու այդ ստորագրութիւնը կատարել, բայց կար Սահմանադրական դատարանի դիմումը»:
Նոր փաստաթուղթով, Ռուստամեանի փոխանցումով, կը դասաւորուի նաեւ քատրային քաղաքականութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ճի՞շդ են արդեօք լուրերը, որ Հ.Յ.Դ. կը բանակցի մէկ նախարար եւս ունենալու հարցով, Ռուստամեան նշեց.- «Ո՞վ չ՛ուզեր, որ աւելնան… Խնդիրը աւելիի կամ պակասի հարցը չէ: Կարեւոր է, որ համագործակցութեան մեքանիզմը գործէ եւ որոշումները տրուին` ձգտելով բոլոր հարցերուն մէջ համախոհութեան: Ասիկա գլխաւոր հարցն է: Նոր կառավարութեան գլխաւոր հարցերէն մէկը պէտք է ըլլայ ճիշդ կառուցուածքն ու գործունէութեան կարգի ամրագրումը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles