Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՓԻՊԸՏԻԻ ՄԷՋ 102-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

$
0
0

ՓԻՊԸՏԻ (Մասաչուսէց).- Ապրիլ 20-ին, դրօշակի արարողութիւն կատարուեցաւ, նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը, մասնակցութեամբ ներկայացուցիչ Թամ Ուոշի:
Նորթ Էնտովըրի Սուրբ Գրիգոր եւ Չելմսֆորտի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու հովիւներ՝ Ստեփան Պալճեան եւ Խաչատուր Քեսապլեան պատարագեցին:
Օրուան հաւաքին բացումը կատարեց տիկին Ճէքի Թորիկեան (նախկին քաղաքապետ Փիթըր Թորիկեանի այրին), որ անդրադարձաւ ՝՝Խոստումը՝՝ (՝՝The Promise“) մասին, եւ բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ Անն Կուլքասեան-Օ՛Տանըլ, որ փոխանցէ իր պատգամը: ՝՝Հաւաքուած ենք ի յիշատակ ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց յաջորդող սերունդին: 25 տարի շարունակ քաղաքապետի իր պաշտօնը ամենայն բծախնդրութեամբ կատարած Փիթըր Թորիկեանն ալ կը պատկանէր, այդ ահաւոր Ցեղասպանութեան յաջորդող սերունդին…՝, ըսաւ Կուլքասեան-Օ՛Տանըլ որ պատմեց իր գերդաստանին մասին: Ան ըսաւ թէ ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վերապրած հայորդիները, կարճ ժամանակի մէջ թօթափելով իրենց ուսերէն գաղթականի ցնցոտիները, լծուած են վերականգնումի եւ ինքնահաստատման աշխատանքի:
՝՝Այսօրուայ ներկայացուցած մեր պատկերը, արդիւնքն է այդ աշխատանքին:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր փորձառութիւնն ու ստեղծագործական անկրկնելի նուաճումները յստակ են, եւ անշուշտ միաժամանակ կ՛ապահովեն հայ ժողովուրդին տոկուն, աննկուն, ստեղծագործ, ժիր ու շինարար ըլլալու յատկութիւնները՝՝, եզրակացուց Կուլքասեան-Օ՛Տանըլ:
Ներկայացուցիչ Թամ Ուոշ խօսք առնելով, յայտնեց թէ հայաը թափանցած եւ ինքզինք պարտադրած է ընդհանրապէս միջազգային ընկերութենէն ներս: ՝՝Հայը իր լիարժէք տիրապետութիւնը կը տարածէ եւ կը հաստատէ..՝՝, եզրակացուց Ուոշ:
Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles