ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Ապրիլ 25, 2017
Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ, Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր յիշատակելի յայտարարութիւն մը կատարեց, յայտնելով թէ Օպամայի նախագահութեան օրերուն, Միացեալ Նահանգները անպայմանօրէն պէտք էր ճանչնային Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Սամանթա Փաուըրի արտայայտութիւնը պարզ յայտարարութիւն մը չէր, այլ խոստովանութիւն: Սրտէն բխած խօսք մը, մարդկային իրաւունքներու համար շարունակ պայքարող անձէ մը, որ դժբախտաբար ճնշումի տակ գտնուելով կաշկանդուած էր եւ չէր կրցած ազատօրէն արտայայտուիլ:
Առաջին անգամ չէր որ Փաուըր նմանօրինակ արտայայտութիւն կ՛ունենար:
Իր պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն ալ, անցեալ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Փաուըր հայանպաստ յայտարարութիւն մը կատարած էր, մահացած Էլի Վիզըլի (Նոպէլեան մրցանակի մետալակիր) յիշատակին կատարուած ձեռնարկի մը առթիւ: Ան խօսք առնելով գործածած էր հետեւեալ կարճ ու կտրուկ հաստատումը թէ.- «Հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ուրացում»:
Օրին բաւական մը մելան հոսեցաւ այս հաստատման առնչութեամբ: Իսկ քանի մը օր առաջ Փաուըրի կատարած ցեղասպանութեան հաստատումը, կամ աւելի ճիշտը՝ վերահաստատումը, ցոյց կու տայ թէ որքա՜ն ներքնապէս տառապած է այս արդարամիտ կինը:
«Աւելի լաւ է ուշ քան երբեք» ասացուածքի հասկացողութեամբ պէտք չէ ընդունիլ Փաուըրի խոստովանանքը: Վստահաբար, ան նոյնքան դժկամութեամբ փորձած է ճնշումի եւ պարտադրանքի տակ չգործածել «ցեղասպանութիւն» բառը, եւ արտայայտուած է գազանութիւն, ոճիր, վայրագութիւն, խաւար, դաժան օրեր եւ այլ 1915 թուականի պատահած դէպքերը, եւ այլ բառամթերք գործածել:
Վստահաբար Փաուըր քաջատեղեակ էր որ, ներկայ Սպիտակ Տան վարձակալը, իր կարգին մոռացութեան պիտի մատնէր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդպէս ալ ըրաւ նախագահ Թրամփ:
Թէ ինչպէ՞ս կրնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահը դասեր տալ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան մասին, աշխարհի մէջ ոեւէ մէկուն, երբ ի՛նք զանազան ձեւերով կը կատարէ պղտոր հաստատումներ, խուսափելով պատմութեան էջերէն:
Այս հարցադրումին պատասխանն ալ դժուար է գտնելը:
Պարզ ու մեկին, անիմաստ է Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ ամէն տարի կատարել այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք ճշմարտութիւնը չեն մերկացներ, եւ ընդհակառակը զօրաւոր հարուած մը կու տան ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ կոչուած հասկացողութեան:
1981-ին նախագահ Ռոնըլտ Ռէկըն, յատուկ նախագահական հռչակագիրով մը ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը` 1975 եւ 1984 թուականներուն նմանօրինակ յայտարարութիւններ լոյս ընծայած էր:
Դեռ աւելին, Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ ճանչցուած էր 1951 թուականին, արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ` Միջազգային դատարան ուղարկուած պաշտօնական հաշուետուութեամբ, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու 45 նահանգներու (վերջինը՝ Ուայոմինկը Ապրիլ 21-ին) կողմէ:
Օպամա, իր նախագահութեան օրերուն ամենայն խորամանկութեամբ լուսանցքային բնոյթ կու տար եւ կը նուազեցնէր Հայոց ցեղասպանութեան կարեւորութիւնը` զայն կոչելով «1915-ին կատարուածին վերաբերեալ սեփական տեսակէտս»:
Սամանթա Փաուրին խոստովանութիւնը կը մերկացնէ այս երեւոյթը, ի վերջոյ իր գրչին կը պատկանի 2002-ին փուլիցըր մրցանակին արժանացած «A Problem from Hell: America and the Age of Genocide» գիրքը: