Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՎԻԳէՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

$
0
0


«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Եթէ, լաւապէս հետեւինք Վիգէն Դարբինեանի բռնած ուղիին եւ այդ հասկացողութեամբ բացատրել անոր վերջին խտասալիկը՝ «Վերադարձ»ը, հաւանաբար երկմտանքի մէջ իյնանք եւ առանց տատամսելու հաստատենք թէ, Վիգէնը մեր գիտցած, մեր տեսած, դիտած ու ընբոշխնած միեւնոյն հարազատ Վիգէնն է, որ վերադարձած է երգերու փունջով մը:
Ան հաստատ մնացած է իր բնագաւառէն ներս: Ո՛չ մէկ շեղում, ո՛չ մէկ սայթաքում:
Հակառակ ներկայ օտար թէ հայ երգի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի մակարդակի անկման, Վիգէն մնացած է միեւնոյն Վիգէնը, հեռու անմակարդակ, անհիմն եւ անհեթեթ ռապիզական աշխարհէն, որոնք թէեւ նիւթաբեր են, սակայն ոչ մէկ կապ ունին արուեստին հետ:
Համաշխարհայնացման հետ, երգն ու երաժշտութիւնն ալ, ալիքին ի վար կը կորսուին: Կը մոռցուին երբեմնի բարձր մակարդակի երգիչներ, որոնք արդէն իսկ շտապօրէն թաւալող տարիներու ընդմէջէն, անդենական կը մեկնին:
Նոյնիսկ «քրունըր» երգիչի հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իմաստը: Քիչ են բացառութիւնները, սկսելով երիցագոյնէն՝ Շարլ Ազնաւուրէն, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին կը փորձէ շարունակել Ժաք Պրէլի, էտիթ Փիաֆի, Ժորժ Պրասենսի, Պարպարայի, Իվ Մոնթանի, եւ իտալացի վաղամեռիկ երգիչ Ֆապրիցիօ Տը Անտրէի որդեգրած ուղին:
Վիգէն Դարբինեանի պարագան քիչ մըն ալ աւելի իւրայատուկ է, եւ կը յիշեցնէ բանաստեղծ երգիչ Լէօ Ֆեռէն կամ դեռ վերջերս մահացած Լէնըրտ Քոհէնը, որոնք խոր փիլիսոփայական ապրումներով, զգացումներով եւ վրդովումներով կը ներկայացնեն անմոռանալի պահեր ու ակնթարթներ:
Մէկ խօսքով կամ այսպէս ժողովրդային ասացուածքով «տաքցուր եւ փակցուր»ի տիպար մը՝ թեթեւսոլիկութիւն մը չէ Վիգէն Դարբինեան տիպարն ու իր հրամցուցած գործը: Հաւանաբար, ան որքա՜ն գրած, սրբած, ապա վերստին գրած ու կրկին սրբած ու սրբագրած է:
Բնականաբար, այսպիսի բծախնդրութիւն ժամանակ կը խլէ, ժամեր, օրեր, ամիսներ…գէթ տարիներ:
Եւ ի վերջոյ կարգին կանոնին, մէկ առ մէկ ուսումնասիրուած եւ մեծ գուրգուրանքով ծննդոց մը՝ «Վերադարձ»ին ծննդոցը:
Երկու խտասալիկներ, որոնք ընդամէնը կ՛ընդգրկեն 21 երգեր: Լաւապէս ուսումնասիրուած եւ խնամուած երաժշտութիւն մը, որուն մէջ իր անսահման ներդրումը ունի դաշնակահար Փաթրիս Փէյրիէրասը:
Այս բոլորին կողքին փունջ մը բանաստեղծական ոճով երգեր եւ լուսանկարներ, որոնք ամենայն մասնագիտութեամբ տեղադրուած ու էջադրուած են:
Ամբողջական է «Վերադարձ» մը: Լոյսերու քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատած եւ հոնտեղէն ալ լուսաւորող Սփիւռքահայ երգիչը վերադարձած է:
Խտասալիկի ետեւի կողքին վրայ, Վիգէն Դարբինեան կը գրէ.-
«Վերադարձած նոյն քաֆէն,
Դուրսը սեղանին նստած, գրիչը ձեռքիս…
Կը սպասեմ, կը գրեմ, եկո՛ւր»:
Այսպէս, վերադարձած է Վիգէնը, պէտք է զինք հրաւիրել ամենուրեք, որպէսզի ներկայացնէ իր իմաստուն երգերը (chansons a texte).- «Անկեղծ Ընկերներ», «Սասունցի Խաչիկ», «Նամակ», եւայլն:
Վիգէնին «Վերադարձ»ն է:
Նոյնքան տպաւորիչ, խորիմաստ եւ համով երգերով վերադարձած է Վիգէն Դարբինեանը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles