Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԹՂԹԱՏԵԼՈՎ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

$
0
0



ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Ընթերցո՛ղ, բայց այս գիրքը ու տագնապի՛ր։ Քու պատմութիւնդ կայ հոն։
Այս գործով Արա Մածունեան հայութեան կը ձգէ ժամանակաշրջանի մը պատկերազարդ պատմութիւնն ու վկայութիւնը։
Պուրճ Համուտը բազմերես է՝ հայու ցայտուն նկարագրին նման։
Ըստ լուսանկարներու բացայայտած «պատմումներուն» հոն կրնանք գտնել բազմատեսակ մարդիկ եւ հոգիներ, սէր եւ կռիւ, երաժշտութիւն եւ բամբասանք, աղօթք եւ հայհոյանք, թատրոն եւ թեթեւամտութիւն, բիւրեղ պատկանելիութիւն եւ կեղծ «համաշխարհացում», անձնազոհութիւն եւ վատութիւն, ծաղկատեսակներ եւ ցեխատեսակներ, զգլխիչ հոտեր եւ գարշահոտութիւն, հերոսներ եւ դասալիքներ, հայրենասիրութիւն եւ հայրենամերժում, ազգասիրութեան բազմաշերտութիւն, ազգային նուիրատուներ եւ վաշխառուներ, հաւատաւորնե՛ր, եւ անդիմա՛կ գողեր…, տեսակաւոր, տեսակաւո՜ր…, որոնք ջակերտուած «հայ» եւ գլխագիր Հա՛յ կը կոչուին։
Աշխարհ մը հակասութիւն…։

Այս բոլորը միասնաբար կը կազմեն ֆոլքլոր մը, որու նմանը չկայ աշխարհի մէջ։
Պուրճ Համուտ…, ինքնայատուկ Հայոց Պատմութիւն։
***
Արա Մածունեանի լուսանկարչական ոսպնեակը լաւագոյն ձեւով կրցած է որսալ տեսարաններու խորքը եւ դիւրացուցած է զանոնք զննող միտքերու պրպտումներն ու մեկնաբանութիւնները։ Հետեւելով լուսանկարներու պատմումին՝ իւրաքանչիւր անձ իր հոգիի եւ մտքի թռիչքներու չափով՝ կրնայ հասնիլ պուրճհամուտեան մտածողութիւններու եւ հաւատամքներու խորքը։ Կը նշմարենք թէ Արա Մածունեանի լուսանկարներուն մէջ առարկաները հայկականութիւն կը բացայայտեն. ցուցատախտակները՝ հայապահպանում, պատերու վրայ գրուած կարգախօսը՝ լուռ անէծք եւ ըմբոստութիւն. աղքատութիւնը՝ տեղահանութեան յիշեցում. բարեկեցութիւնը՝ վերականգնում եւ հայ երգը՝ շարունակականութիւն:
Կը մաղթեմ, որ Արա Մածունեանի ստեղծած պատկերազարդ պատմութեան այս գիրքը՝ ճամբայ բանայ «Պուրճ Համուտի Հերոսամարտը» պատմութեան հատորին։ Այո՛, 1975¬1990 երկար տարիներուն, Պուրճ Համուտը ունեցած է ի՛ր հերոսամարտը՝ իր նահատակներով եւ իր վիրաւորներով, իր անզուգական հերոսներով եւ խոնարհ զինեալներով, իր դիմադրականութեամբ եւ իր անզիջողութեամբ։
Այո՛, այդ տարիներուն Պուրճ Համուտը հաստատեց թէ ինք անառակ միջնաբերդն է սփիւռքահայութեան։
Սակայն, արտագաղթը դէպի օտար ափե՜ր…։
Այս վերջին քսանամեակին, Պուրճ Համուտը կը շպարուի եւ կը «քաղքենիանայ» արտաքնապէս։Կէս¬մթութեան մէջ ապրող տուները կը վերածուին լուսաւոր վաճառատուներու, եւ անոնց ամբողջութիւնը՝ նոր շուկաներու։ Պուրճ Համուտը կը պլպլայ լոյսերու մէջ…։ Սակայն, աւա՜ղ, մարդը կը նահանջէ…։ Այսօր, Տրովատայի բազմաթիւ փոքր ձիեր, սկսած են թափանցել Հայաւանէն ներս…։ Զգո՛յշ։
Միջնաբերդը կրնայ փլիլ ներսէն։
Արա Մածունեանի լուսանկարներուն մէջ եթէ չգտնէք բան մը՝ մի զարմանաք, որովհետեւ այդ գլխագիր Բանը գոյութիւն չունի Պուրճ Համուտի մէջ…։
***
Սիրելի Արա Մածունեան, արուեստի գործ մը կը ձգես մեզի։ Բայց, հաւատա՛, այս գործին մէջ՝ արուեստէն վեր դրոշմուած է վկայութիւնը, հայապահպանումը, ազգայինը, եւ … մտահոգութիւ՛նը։
Գիտե՞ս։ Հի՛ն ընկեր, որչափ անվկայ էջեր կան մեր կեանքին մէջ…։
Մարդիկ կը մեկնին այս աշխարհէն՝ ընդհանրապէս առանց մնայուն դրոշմ մը ձգելու։
Դուն՝ Արա Մածունեան, Դրո՛շմ մը ձգեցիր։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles