Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններ

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, Ապրիլ 2-ին, Հայաստանի մէջ կայացան Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները: Նախնական արդիւնքները ցոյց կու տան թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Հանրապետական» կուսակցութիւնը յաղթական դուրս եկած է ապահովելով քուէներուն 49 առ հարիւրէն աւելին: Քուէներու նախնական այդ հաշուարկին համաձայն՝ Հանրապետական կուսակցութեան կողքին, երեք այլ կուսակցութիւններ՝ «Ծառուկեան» դաշինք (27.50%), «Ելք» (7,70%) եւ Հ.Յ.Դ. (6,60%) չորս կուսակցութիւններ՝ նուաճած են 5 տոկոս քուէի անցողիկ շեմը:
Ստորեւ, նախնական արդիւնքներուն պատկերը.-

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն՝ 49,15%

«Ծառուկեան» դաշինք՝ 27,50%

«Ելք»՝ 7,70%

Հ.Յ.Դ.՝ 6,60%

«Հայկական Վերածնունդ» կուսակցութիւն՝ 3,70%

«Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 2,10%

«Կոնգրէս»-Հ.Ժ.Կ. կուսակցութիւններու դաշինք՝ 1,60%

«Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութիւն՝ 0,90%

Հայաստանի Համայնավար կուսակցութիւն՝ 0,75%:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles