Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ.- ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

$
0
0

 

Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, Վենետիկի “STUDIUM MARCIANUM” Հաստատութեան հետ, կազմակերպած Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-18: Քննութիւնները` Օգոստոս 19ին: Ժամանում` Յուլիս 30-31ին, մեկնում` Օգոստոս 20-21ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ’ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ` առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պետք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ։
ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ և ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ:
Արձանագրութեան սակն է` 790 € կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 Եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ` մինչեւ Մարտի 31ը: Այդ թուականէն վերջ պէտք է վճարուի 550 Եւրոյ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍի 30ը, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ
ՕՐԸ: ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Credit card) չ’ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց` որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը
կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից):
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ
ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ: Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն`
ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի`
Assoc. Padus-Araxes – c/o Centro di Documentazione della Cultura Armena, Loggia del Temanza, Corte
Zappa, Dorsoduro 1602, I-30123 VENEZIA
Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք որ կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ, IBAN եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի
միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխանցագրերու միջոցով, որ է` mandat-poste international/international money-order:
Դրամատնային կամ փոստային փոխանցման բոլոր ծախսերը կը պատկանին դիմորդին:
Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը` Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 20 ներառեալ: Ամբողջ այս շրջանին համար, բնակութեան սակն է` 910 € առանձին սենեակի մէջ, 790 €
երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ՝ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած:
Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի:
Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, Համալսարանի սեղանատան կամ այլ պայմանագրուած հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժեն շուրջ 9 €: Անոնք որ կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ յետոյ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար:
Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն`
daniela@padus-araxes.com; benedettacon@gmail.com: Ի հարկին հեռաձայնել բջիջայնի թիւերուն՝
+39.347.4562981 (Դանիէլա) եւ +39.349.0986027 (Բենեդետտա) Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10:30-13:00, և կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի և Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20:00-21:30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը:
Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ բջիջայինի ընկալուչին` նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: ԵՐԲԵՔ չհեռաձայնել Վենետիկի Համալսարանի կամ որեւէ այլ իտալական Հիմնարկի գրասենեակներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles