Տիթրոյթի Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ եւ նախձեռնութեամբ, Կիրակի, Մարտ 5-ին, Սուրբ Սարգիս Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարակից ,Լիլիըն Առաքելեանե սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական եւ շահեկան դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր պատմական Հայաստանի Ծոփք Նահանգի Տերսիմի հայերը:
Օրուան դասախօսն էր Գանատայի ,Հորիզոնե շաբաթաթերթի (Մոնրէալ) գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:
Տիթրոյթի Համազգայինը, իր հիմնադրութենէն ի վեր, գաղութի հասարակական կեանքէն ներս գործելով կը պահէ հայապահպանումը, ազգապահպանումը, հայրենասիութիւնը, եւ դարաւոր հայ մշակոյթը:
Այս ձեռնարկին ներկայ էր Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, հոգաբարձութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. ”Ազատամարտ” կոմիտէութեան եւ յարակից միութիւններու ընկ. ընկերուհիներ, եւ շուրջ 70- 80 հետաքրքիր հայրենասէր եւ ազգասէր հասարակութիւն մը: Օրուայ հանդիսավարն էր Համազգայինի վարչութեան անդամ ընկհ. Զարմուհի Նշանեան: Ան, ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները, հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց ”Հորիզոն” շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը:
Ան, ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճար հայ գիւղաւանի Ազգ. Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարանը: Եկրորդական ուսումը շարունակած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրորդադական վարժարանի յարկին տակ: Հայկազեան Համալսարանի մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութեանց եւ հայագիտութեան ճիւղերուն: Իբրեւ փոխ տնօրէն պաշտօնավարած է Այնճար հայ գիւղաւանի Ազգ. Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս: 1991-ին կը հաստատուի Աւստրալիա, ուր կը շարունակէ իր ուսումը Մելպուռնի ,Մոնաշե համալսարանի մէջ Հին Քաղաքակրթութեանց պատմութեան մարզերէն ներս: Սիտնիի մէջ տարի մը կը վարէ ,Հորիզոնե ռատիոժամի տնօրէնի պաշտօնը:
1995-ին, կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ: Պոսթընի մէջ կը ստանձնէ ”Հայրենիք”ի օգնական խմբագրի պաշտօնը, իսկ 1996-99 կը ստանձնէ ”Հայրենիք”ի խմբագրի պաշտօնը:
1999-ին, կը հրաւիրուի Գանատա, եւ կը ստանձնէ ,Հորիզոնեի վարիչ խմբագրի պաշտօնը: Անդամ է Ա.Մ.Ն.ի ,National Press Associationեի եւ ”Ethnic Press Council of Canada”եի: 2004-ին, հրատարակուեցաւ բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն՝ ”Երկնքի եւ երկրի արարողութիւնները”:
Վահագն Գարագաշեան բեմ բարձրանալով, առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Վարչութեան, եւ յայտնեց թէ վերջին տարիներուն, հայկական եւ թրքական մամուլին մէջ յաճախակի կը գրուի, կրօնափոխ, թաքուն, դաւանափոխ եւ ծպտեալ հայերու մասին: Այս ծիրէն ներս Օգոստոս 18, 2007-ին, թրքական պատմութեան ընկերութեան նախագահ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճողլու կատարեց զգացական յայտարարութիւն մը, ուր ան համոզում կը յայտնէր, թէ Ալեւի քիւրտերուն մեծամասնութիւնը, մանաւանդ Տերսիմի Ալեւի ազգաբնակչութեան մէկ ստուար զանգուածը՝ կրօնափոխ դարձած հայեր են: Եւ թրքական մամուլին յայտնեց նաեւ, թէ իր մօտ ունի 1936-37 թուականներուն թրքական կառավարութեան կողմէ արձանագրուած կրօնափոխ հայերու ցանկը: Թրքական մամուլին մէջ մինչեւ օրս արծարծուող այս հարցը իրողութեան մէջ իր ետին ունի պատմական հետաքրքրական հոլովոյթ մը: Թէ ովքեր են տերսիմցիք եւ ի՞նչ կայ թագնուած Տերսիմի ընդհանուր պատմութեան մէջ:
Տերսիմ մաս կը կազմէ պատմական Ծոփք նահանգի, կը գտնուի Վանայ լիճի հիւսիս արեւմուտք, հիւսիսէն՝ Երզնկա, հարաւէն՝ Խարբերդ, արեւելքէն՝ Պինկէօլ-Մուշ եւ արեւմուտքէն Սեբաստիա: Կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2000 մեթր բարձրութեան վրայ: Երեք կողմերը շրջապատուած է Եփրատ գետով եւ իր հարկատուներով: Գլխաւոր գետերէն է Մնձուրը: Շրջանը լեռնային է եւ անտառապատ: Ամենէն մօտ հայկական Չարսանճաք գաւառն է, որուն գլխաւոր բնակավայրերէն են Բալու, Բերրին, Մեծկերտը, Խոզաթը, Քղին եւ այլն: Շրջանը Քեմալական իշխանութեան օրով վերանուանուած է Թունչելի: Պատմական Տերսիմը բաժնուած է երկու տարածքային մասերու, դաշտային եւ լեռնային: Դաշտային Տերսիմը կ’ընդգրկէ հայ, քիւրտ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւն ունեցող Դերջանի ու Չարսանճաք գաւառները, իսկ լեռնային Տերսիմը կ’ընդգրկէ Խութաց ձորն ու Տուժիկ Պապ լեռը (ըստ Խորենացիի՝ Առիւծ լեռ): Դաշտային Տերսիմը յաճախ ենթակայ եղած է Օսմանեան իշխանութեան, մինչ լեռնային Տերսիմը պահած է իր կիսանկախ գոյութիւնը: Տերսիմցիները եւ Տերսիմի շրջակայ սիւննի իսլամ քիւրտերը կը գործածեն զազա լեզուն, այս պատճառով ստեղծուած է շփոթ կացութիւն, որ նոյն լեզուն խօսող հաւաքականութիւնը մէկ ժողովուրդ է: Տերսիմի ժողովուրդը կը բաժնուի կրօնական երկու հատուածներու, Շիի եւ Սիւնիի: Շիի իսլամութեան աղանդաւորական մէկ ճիւղը համարուող ալեւիական կրօնքը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ունի 17 միլիոն հետեւորդներ: Տերսիմի Քիզիլպաշ ալեւիներու կրօնքը հիմնականօրէն կը տարբերի, ալեւիական կրօնը իր մէջ կը պարփակէ քրիստոնէական, Մովսիսական, հեթանոսական (կրակապաշտութեան եւ արեւապաշտութեան¤ եւ հայ քրիստոնէական հաւատալիքները ու ծեսերը: Այս մասին կը վկայեն հայկական աղբիւրները, ինչպէս նաեւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Խարբերդի շրջանին մէջ գործող ամերիկացի եւ եւրոպացի աւետարանական միսիոնարներ, քարոզիչներ: Քիզիլպաշ տերսիմցիները իրենց գլխաւոր սուրբ Ալիի կողքին Յիսուսը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ որդի եւ մարգարէ-առաքեալ: Սուրբ կը նկատեն նաեւ Ս. Սարգիսը ու Ս. Գէորգը: Հայկական աւանդութեամբ կը խաչակնքեն հացը: Պաշտամունքի առարկայ է նաեւ Մովսէս Մարգարէի Կարմիր ծովը բաժնող Աստուածաշնչական գաւազանը: Քուրանը կ’ընդունին որպէս սուրբ գիրք, սակայն չեն հաւատար անոր օրէնքներուն: Չեն յարգեր Ռամատանը: Խորապէս կը հաւատան վերամարմնաւորման (Reincarnation գաղափարին: Մասնայատուկ աղօթատեղիներ չունին, տարեկան ուխտագնացութեան համար որպէս ուխտավայր կ’օգտագործեն հայկական եկեղեցիները, գլխաւոր ուխտատեղի ունենալով Հալւորի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին (չշփոթել Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետին հետ):
Հետաքրքրական է անդրադառնալ The Missionary Review of the Wօrld պարբերականին 1911-ի թիւին մէջ լոյս տեսած ամերիկացի աւետարանական քարոզիչ Հենրի Ռիկզի ,Տերսիմի քիւրտերու կրօնքըե խորագրով ճանապարհորդագրութեան մէջ յիշուած կարգ մը մանրամասնութիւններուն մասին: Ան, տերսիմցի հոգեւորականներուն հետ մօտէն ծանօթանալով եւ երկարատեւ զրոյցներ ունենալէ ետք, կը հաստատէ, թէ իսլամ նկատուած այս ազգային փոքրամասնութիւնը իր հոգեւոր հաւատալիքներով եւ կրօնական գաղափարախօսութեամբ աւելի մօտ է քրիստոնէութեան քան իսլամութեան եւ աւելին՝ կրօնական իր աւանդութիւններով սերտօրէն կ’առնչուի հայութեան հետ: Տերսիմցիները Սուրբ Գիրք չունին: Անոնք իրենց կրօնական աղօթքները յաջորդող սերունդներուն կը փոխանցեն բերանացի: Հոգեւոր իրենց երգերէն մէկը կ’անդրադառնայ հայ քահանայի մը մասին, որ քիզիլպաշ սուրբերէն Հիւսէյնի ապաստան տալուն համար, Հիւսէյնի թշնամիներուն վրէժխնդրութեան զոհ կու տայ իր 7 զաւակները:
Հայկական եւ միջազգային պատմագիտական աղբիւրները սահմանափակ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Տերսիմի եւ անոր բնիկներու անցեալի մասին: Հայկական բազմաթիւ աղբիւրներու համաձայն, Տերսիմի հիւսիսը, պատմական Եկեղեցւոյ գաւառին մէջ կը գտնուէին հայոց հեթանոսական կրօնքի՝ Արամազդի, Անահիտի եւ Միհրի մեհեանները:
1990-ական թուականներէն ետք թափ առած Տերսիմի մշակութային վերազարթօնքէն ետք, կարգ մը տերսիմցի մտաւորականներ բնիկ ժողովուրդը կը նկատեն պարթեւներու եւ հայոց Մամիկոնեան տոհմին շառաւիղները: Ըստ Նիկողայոս Ադոնցի, տերսիմցիներու նախահայրերը Պաւղիկեան աղանդաւորական շարժման հետեւորդներն են: Որոնք չէին ընդունիր Քրիստոսի մարդկային կեանքի եղելութիւնը եւ կը մերժէին խաչի երկրպագութիւնը, հաղորդութիւնը, մկրտութիւնը եւ եկեղեցական այլ ծեսեր: Յատկապէս հակադրուած էին Բիւզանդիոնի Քաղկեդրոնական եկեղեցւոյ: Քրիստոնէական այս շարժումը միջնադարուն այնքան ուռճացաւ, որ իր մէջ ներքաշեց փոքրամասնութիւններ եւ զէնքի ուժով սպառնացին գրաւել Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը: Շարժումը հետագային խեղդուեցաւ Բիւզանդիոնի կայսրերէն հայազգի Վասիլ Բ.ի կողմէ: Բիւզանդիոնի շղթայազերծած հալածանքներէն ետք, անոնք անցան արաբներու կողմը եւ խնդրեցին անոնց պաշտպանութիւնը եւ հովանին: Արաբ Խալիֆայի հրահանգով անոնց տրուեցաւ հողատարածք Կապադովկիոյ Արգէոս լերան շրջակայքը, Տերսիմի անմիջական արեւմուտքը, ուր անոնք հիմնեցին Տիվրիկ, Արաբկիր եւ Կիւրին քաղաքները: Հետագային, յաւելեալ ճնշումներէ խուսաբելու համար, անոնք գաղթեցին աւելի արեւելք, դէպի մօտակայ անառիկ Տերսիմ:
Այլ վարկած է նաեւ Խութեցի մարտունակ ցեղախումբերու Տերսիմի մերձակայ Խութաց ձորէն լեռնային Տերսիմ հաստատուիլը սելճուքեան արշաւանքներու ժամանակ (Տերսիմի Քիզիլպաշ ցեղախումբերէն մէկը կը կոչուի Խութի աշիրէթ): Այլ աղբիւրներ կը շեշտեն անոնց պարթեւական կամ մարտական ծագման մասին: Նոյնիսկ նկատի, կ’առնուի անոնց Պարսկաստանէն ժամանած արեւորդիներու շառաւիղները ըլլալու վարկածն ու պարսկական Տիմիլ ցեղի պատկանելիութեան մասին ենթադրութիւնը (Անդրանիկ, ,Տերսիմե, Թիֆլիս 1990): Ինչպէս նաեւ Գէորգ Հալլաճեան ”Տերսիմի Տեղեկագրութիւնը”: 16-րդ դարէն մինչեւ 1938 Տերսիմ մնացած է անառիկ եւ երբեք ենթակայ չէ եղած Օսմանեան կայսրութեան:
1990-ական թուականներէն ետք, աքսորի մէջ գտնուող տերսիմցի շարք մը մտաւորականներ յառաջ մղեցին այն տեսութիւնը, ըստ որու, տերսիմցիք հայոց Մամիկոնեան տոհմի շառաւիղներն են, ըստ աւանդութեան, պարթեւ Մամիկ եւ Կոնակ իշխանները ապստամբելով պարթեւներու արքայից արքային դէմ, կ’աքսորուին Հայաստան, ուր ժամանակի ընթացքին հիմը կը դրուի Մամիկոնեան սպարապետից նախարարական տան: Տերսիմի գլխաւոր աշիրեթներէն մէկն էր Մամըկա ցեղախումբը, որոնք կը ճանչցուէին իբրեւ Մամըկանցիք: Հայկական բարձրավանդակի տարածքին,19-րդ դարուն վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, կը յիշատակուի բազմաթիւ քրտական ցեղախումբեր, որոնք կը կոչուին Մամըքա, Մամաքան, Մամաքանլի, Մամիկիյէ, Մամըքոն: Մեր ազգային պատմութեան մէջ յաճախ կը յիշատակուի այն մասին, Սելճուքներու եւ այլազգ ցեղերու Հայաստանի բռնագրաւումէն ետք, շատ մը նախարարական տուներ բռնեցին ուծացման եւ այլադաւութիւնը ընդունելու ճամբան: Հայր Չամչեանի պատմագրութեան մէջ կը յիշտակուին Ռշտունիներն ու Մանդակունիները:
Անգլիացի քաղաքական գործիչ եւ ճանապարհորդ Մայք Սաքս կը վկայէ քրտական կարգ մը ցեղախումբերու հայկական ծագումնաբանութեան մասին 1908-ին հրատարակած ,Օսմանեան կայսրութեան քիւրտ ցեղախումբերըե աշխատասիրութեան մէջ, ուր ան Միջագետք եւ Փոքր Ասիոյ մէջ կատարած ճանապարհորդութեան ընթացքին, հաւաքագրած եւ արձանագրած է շրջանի քիւրտ ցեղախումբերու տեղեկագրութիւնը: Անգլիոյ պահպանողական կուսակցութեան անդամ Սաքս հռչակաւոր Սայքս-Փիքօ զոյգի Սայքսն է, որոնք 1916-ին, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կառավարութեանց յանձնարարութեամբ գծեցին Օսմանեան Թուրքիոյ տարանջատման ու մասնատման քարտէսը: Սաքսի ուսումնասիրութեան մէջ Մամիկոնեան անունին հետ կապուած քրտական ցեղախումբերը կը գտնենք Մշոյ դաշտի, Տիարպէքիրի, Խնուսի եւ Պինկէօլի շրջաններուն մէջ: Օրինակ՝ Պինկէօլի շրջանի Մամաքանլի ցեղախումբի առնչութեամբ Սաքս կը հաստատէ բնիկներու կողմէ իրենք զիրենք Մամիկոնեաններ նկատելու պարագան: Ինչպէս նաեւ Վանա Լիճի հիւսիսակողմը գտնուող Մամական ցեղախումբը: Ան, Քրտական ցեղախումբերու սովորութիւններու ծանօթանալով կը հաստատէ, թէ անոնք նախապէս կամ հայ քրիստոնեաներ եղած պէտք է ըլլան կամ արեւորդի հայ-պարթեւներ: Կը յիշատակէ նաեւ Սղերդի շրջանի Պեքրան ցեղախումբը՝ որպէս Բագրատունեաց շառաւիղներ, իսկ Վանայ լիճի հարաւակողմի Ռաշքոթանլիները: Ռշտունիներու շառաւիղները: Ամենէն ուշագրաւը, Մշոյ դաշտի Պոշիքան եւ Քուրեան ցեղախումբերու պարագան է, որոնք կը պաշտէին ժայռի մը մէջ խրած ամրակուռ սուր մը եւ իրենց նախահայրը կը նկատեն քրիստոնեայ թագաւոր մը, որ կը կոչուէր Դաւիթ (Սասունցի Դաւիթ):
Անդրանիկ գրչանունը գրող մը, 1900-ին Թիֆլիս հրատարակուած իր ,Տերսիմե աշխատութեան մէջ կ’անդրադառնայ լեռնային Տերսիմի Միրագեան հայ ցեղախումբին, որ համերաշխօրէն կ’ապրէր Քիզիլպաշ տերսիմցիներու հետ: Ան, Միրագեաններու թիւը կը գնահատէ 8000-ով, իսկ լեռնային Տերսիմի մնացեալ Քիզիլպաշներուն թիւը՝ 70 հազարով: Միրագեանները ունէին յատուկ բարբառ եւ կը հաստատէին, թէ իրենք Մամիկոնեան տոհմի շառաւիղներն են: Ընդհանրապէս անգրագէտ էին: Երկար տարիներ Քիզիլպաշներու եւ հայերու ուխտավայր Հալուորի Սուրբ Կարապետ վանքի պահապաններն էին: Իրենց գլխաւոր բնակավայրն էր Տուժիկի լեռնային Տէր Օվանի (Տէր Յովհաննէս) դաշտագետինը: Ռազմունակ հայկական այս ցեղախումբը Օսմանեան բանակներուն դէմ տերսիմցիներու ըմբոստութեան ժամանակ, միշտ ճակատային առաջին գիծի վրայ կը գտնուէր եւ ահ ու սարսափ կ’ազդէր թուրքերուն: Կռուի ժամանակ կարողութիւն ունէր 3000 հրացանակիր մարտի դաշտ հանել: 1934-ին, թրքական 40 հազար հասնող բանակը Ռէշիտ Փաշայի հրամանատարութեամբ կ’արշաւէ Տերսիմ, սակայն ծանր պարտութեան կը մատնուին: Այս պատերազմին, Քիզիլպաշ ցեղախումբի կողքին մարտնչող Միրագեաններու դերակատարութիւնը մեծ կ’ըլլայ:
Տերսիմցիք շատ սերտ յարաբերութիւն ունեցած են Չարսանճագ գաւառի հայութեան հետ: Քիզիլպաշները ընդհանրապէս խաշնարածութեամբ միայն կը զբաղէին դաշտային, այդ պատճառով իսկ, իրենց կենցաղային այլ կարիքները հոգալու համար, առեւտուրը կը կատարէին դաշտային Տերսիմի հայերուն հետ: Լեռնային շատ մը գիւղերու մէջ, հայ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւնը համերաշխ կ’ապրէին, նոյնիսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախեն եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը տերսիմցիներու Քիրվարներ (կնքահայր) էին: Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, 1604 թուականին սկսեալ,Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուին Տերսիմ: Աւանդութիւնը կ’ըսէ 1604-ին, Տէր Սիմոն կը հաւաքէ Տերսիմի գիւղերու հայ բնակչութիւնը եւ ժողով մը կը գումարէ, այդ ժողովին իրենց ֆիզիքականը պահելու համար կրօնափոխ դառնալով կ’ընդունին քիզիլպաշութիւնը: Լեռնային Տերսիմի հայ բնակչութեան թուաքանակին մասին Անդրանիկի այն վկայութեան, որ կը հաստատէր, թէ Միրիգեաններու թիւը կը կազմէր 8000: Սակայն հոս պէտք է նկատի ունենալ, որ բացի լեռնային Տերսիմէն, լեռնալանջային եւ դաշտային Տերսիմի մէջ գոյութիւն ունէր 100-է աւելի հայ-քիզիլպաշ խառն գիւղեր, որոնց թուաքանակին մասին պատմական յստակ տեղեկութիւներ ժլատ են:
Բրիտանական խորհրդարանի անդամ եւ ճանապարհորդագիր Հէնրի Լինչ, 1893-ին եւ 1898ին Հայաստան կատարած իր երկու ճամբորդութիւններէն ետք հրատարակած ,Հայաստան ուղեւորութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններե երկհատոր աշխատութեան մէջ լեռնային Քիզիլպաշներու թիւը կը գնահատէր 62 հազարով, իսկ հայութեան թիւը կը գնահատէ 8000-ով, որ կը համապատասխանի Անդրանիկի տուեալներուն: Գէորգ Երեւանեան Տերսիմի կամ Չարսանճաքի հայութեան թիւը կը գնահատէր 40 հազարով ,Պատմութիւն Չարսանճաքի հայոցե): Տուեալ թիւերու համաձայն կարելի է Տերսիմի դաշտային եւ լեռնային հայ բնակչութեան թիւը կազմած ըլլայ 50-75 հազար հոգի: Հայկական յեղափոխական կուսակցութիւններ այնքան ազդու ներկայութիւն չեն եղած Չարսանճաքի մէջ եւ այդ պատճառով տերսիմցիներու հետ համագործակցութիւնը յաճախակի չէ եղած: Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն, Տերսիմցիք մասնակից չդարձան հայերու դէմ ջարդերուն, ինչ որ ըրին սիւնիի իսլամ քիւրտերը: Տերսիմցիք անհեռատեսօրէն չէզոք դիրք բռնեցին, չմբռնեցին որ 20 տարիներ ետք նոյն ճակատագրին իրենք պիտի ենթարկուէին: Հակառակ այս իրողութեան, 1915-ին, Տերսիմցիք իրենց գիւղերուն մէջ ջարդերէն ճողոպրած 30-40 հազար հայերուն ապաստան տուին: Որոնցմէ մաս մը անցան Արեւելահայաստան, իսկ մաս մըն ալ մնաց Տերսիմի մէջ: Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ եւ Կայծակ Առաքել Տերսիմի եւ անոր շրջակայքին մէջ գործադրեցին որբահաւաք ,Մէկ հայ, մէկ ոսկիե ծրագիրը: Եղեռնէն ճողոպրած հայեր փրկելու իւրողութեան մասին կ’անդրադառնան ամերիկեան եւ գերմանական Թուրքիոյ հիւպատոսարաններու փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի միսիոնար Հէնրի Ռիկզի եւ այլոց վկայութիւնները: Գերմանական ,Տէյր Շփիկըլե թերթը Հոկտեմբեր 13, 2005-ի իր թիւով կը գրէ այն մասին, թէ թրքական ազգային հեռատեսիլէն Հրանդ Տինքի ելոյթէն օրեր ետք, Տերսիմէն ժամանած գիւղի մը բնակիչները բացայայտեցին իրենց հայկական ինքնութիւնը, թէ 1915ին, ջարդերէն փրկուելու համար, այլադաւան դառնալով ընդունած էին ալաուիականութիւնը եւ ապաստանած հարեւան Քիզիլպաշ տերսիմցիներու մօտ:
Մեզի քիչ ծանօթ է 1938-ին տերսիմցիներու յեղափոխութեան ընթացքին հայերու մասնակցութեան պատմութեան: Ըստ Տերսիմցի արդի ժամանակներում մտաւորականութեան, 1938-ին տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են հազարաւոր հայեր, եւ ապստամբութեան տխուր վախճանին քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպաննուած ու ջարդուած են նաեւ հայեր: Ռուբէն (Ռուբէն Տէր Մինասեան) տերսիմցիներու հետ Հ.Յ.Դ. յարաբերութիւններուն կ’անդրադառնայ իր յուշերուն մէջ, շեշտելով, որ Հ.Յ.Դ. իր աշխատանքները կեդրոնացուցած ըլլալով Սասնոյ, Վասպուրականի եւ Կովկասի մէջ, առիթ չէր ունեցած հետեւողական կապ հաստատել Տերսիմի աշիրէթներուն հետ: Գլխաւոր կապը եղած է Պինկէօլի քիզիլպաշ Խորըմընկ աշիրեթի ցեղապետ Զէյլանը, որու հետ առաջին հանդիպումը կ’ունենայ Կորիւնը, 1905-ին: Յարաբերութիւնները աւելի կը սերտանան եւ Զէյնալին անպաշտօն ,Դաշնակցականե կը դառնայ: Ռուբէն մօտէն ծանօթ եղած է Զէյլնալին, որ կը հալածուէր թրքական կառավարութեան կողմէ: 1907-ին Զէյնալ իր զինեալներով կը փորձէ անցնիլ Մուշ եւ միանալ Դաշնակցութեան ֆետայական խումբերուն, սակայն թրքական բանակը, խիստ շարքերով կը փակէ անոր ճանապարը: Հետագային դաւադրաբար կը սպաննուի:
Հ.Յ.Դ. նկատելով Տերսիմի կարեւորութիւնը հոն կը ղրկէ Երզնկացի իր գործիչներէն Տերսիմի Քեռին (Ռուբէն Շիշմանեան), որ սերտ յարաբերութիւններ կը հաստատէ Քիզիլպաշ ցեղապետներուն հետ, մանաւանդ Սէյիտ Ռիզային հետ, որ հետագային ղեկավարեց 1937ի Տերսիմի ապստամբութիւնը:
Տերսիմցիներու եւ քիւրտերու յարաբերութիւնները երբեք հաշտ չեն եղած, քրտական եւ տերսիմական յեղափոխութեան շարժումներու ընթացքին, երկու կողմերը իրարու ձեռք չեն երկարած: Այստեղ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է կրօնական ուղղուածութեան գործօնը, որովհետեւ տերսիմցիք ալեւի են, իսկ քիւրտերը՝ սիւննի իսլամ: Օրինակ 1920- Քոչկիրիի յեղափոխութեան ընթացքին, Սեբաստիոյ քիզիլպաշ ցեղախումբի նախաձեռնած ապստամբութեան շարժման չþօժանդակեցին սիւննի իսլամ քիւրտ ցեղախումբեր: Փոխադարձաբար, 1925ի շէխ Սայիտի յեղափոխութիւնը պոյքոթի ենթարկուեցաւ ալեւի ցեղախումբերու կողմէ, որովհետեւ ան կը կրէր սիւնիի իսլամական դրոշմ: 1930 Արարատի յեղափոխութեան ժամանակ, տերսիմցիները չէզոք դիրք բռնեցին քրտական ազգայնական ,Հոյուպ» կազմակերպութեան նախաձեռնած ապստամբութեան հանդէպ: Կարօ Սասունիի տուեալներով այս յեղափոխութեան ընթացքին ,Հոյպունեի հետ սերտ կապեր հաստատած է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, եւ զինեալ ուժերու ղեկավարներէն մէկը եղած է Հ.Յ.Դ.-ի անդամ մը: 1937-ի Սէյիտ Ռիզայի յեղափոխութեան ժամանակ, տերսիմցիք մնացին առանձին, եւ երկարատեւ մարտերէ ետք, որոնց ընթացքին թրքական բանակը օգտագործեց ռազմօդուժ, քեմալական բանակները տեղահանեցին ու ջարդեցին Տերսիմի ժողովուրդը: 1930-ական թուականներուն, քեմալական Թուրքիոյ մէջ Տերսիմը կը մնար միակ շրջանը, որ ենթարկայ չէր կեդրոնական կառավարութեան եւ կը շարունակէր իր կիսանկախ գոյութիւնը: Թրքական կառավարութիւնը կ’որոշէ զէնքի ուժով վերջ տալ այս կացութեան: Բախումները կը սկսին 1937-ին Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորած ապստամբութիւնը կը միանան 5 քիզիլպաշ ցեղախումբեր, իսկ մնացեալ ցեղախումբերը կը մերժեն միանալ ըմբոստութեան: Երկարատեւ մարտերէ ետք Սէյիտ Ռիզա 1937-ի Սեպտեմբերին կը ձերբակալու եւ կախաղան կը բարձրացուի: Քեմալական բանակները կը տեղահանեն ու կը ջարդեն տերսիմցիները: Քեմալի 1938-ի Տերսիմի տեղահանութեան պատրուակը հայութեան մնացորդացը ոչնչացնելն էր:
1937-38 երկարող Տերսիմի ապստամբութեան մասին իր վկայութիւնը կու տայ տերսիմցի քաղաքական գործիչ Նուրի Տերսիմի, իր ,Քիւրտիստանի Պատմութիւն, Տերսիմե յուշագրութեան մէջ: Այս գրքին մէջ ան կը գրէ, թէ ինչպէս թրքական բանակը ճզմելէ ետք յեղափոխականները, չէր խնայեր կիներուն եւ երեխաներուն: Հայոց Ցեղասպանութեան աղեխարշ պատկերները յիշեցնող բազմաթիւ վկայութիւններ կը գտնենք Նուրի Տերսիմիի վկայութիւններուն մէջ. թուրք զինուորին չյանձնուող եւ բարձունքներէն վար նետուող տերսիմցի երիտասարդուհիները, քարանձաւներու մէջ ապաստանած անմեղ մանուկներ ու մայրեր կրակի ծուխով հեղձամահութեան արարքները: Թուրքերը նոյնիսկ սիւնահարեցին ապստամբութեան չմասնակցած ցեղախումբերու անդամները: Եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38, Քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ:
1937-38-ի ապստամբութենէն ետք, թրքական կառավարութիւնը յետին թշուառութեան մէջ պահեց Տերսիմը, որուն բնակիչներէն շատեր, աշխատանք գտնելու համար մեկնեցան արեւմտեան Թուրքիա: Այս ձեւով, կառավարութիւնը ամէն միջոց օգտագործեց՝ շրջանը իր ժողովուրդէն պարպելու համար: 1960-70 թուականներուն, Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան շարժումը սկիզբ առաւ եւ տերսիմաբնակ երիտասարդները միացան թրքական ձախակողմեան շարժումին: Ձախակողմեան շարժումին մասնակից էին նաեւ թուրք ալեւիները, որոնք բացի կրօնական գործօնէն, ոչ մէկ կապ ունին տերսիմցիներու հետ. աւելին՝ քիզիլպաշ աղանդին մէջ այլ աղանդ մըն է, բոլորովին տարբեր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ալեւի աղանդաւորականութենէն:
80-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ձախակողմեան շարժումներէն ոմանք արդէն իսկ ունէին զինեալ իրենց կազմակերպութիւնները, ինչպէս Tekosin (պայքար ) եւ անշուշտ PKK: Զինեալ այս շարժումներէն ոմանք շուտով վերածուեցան Տերսիմակեդրոն շարժումներու եւ այս ընթացքին տերսիմցի երիտասարդներուն մօտ սկիզբ առաւ ազգային-ցեղային արմատներու ինքնագիտակցութեան շարժումը:
Թուրք կառավարութիւնը, զսպելու համար իր բնակչութեան աւելի քան 50 առ հարիւրին (թուրք ալեւիներ եւ քիւրտեր) տարանջատման ուղղութիւնը՝ բռնի ուժով խեղդեց ձախակողմեան այ շարժումը: Ձախակողմեան եւ Մարքսիսթ շատ մը տերսիմցի զինեալներ դուրս ելան Թուրքիայէն եւ հաստատուեցան Եւրոպա, յատկապէս Գերմանիա: Այս շարժումին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ Թուրքիոյ մէջ ծնած հայ երիտասարդներ, որոնցմէ Օհան Պաքըրի (Արմենակ Պաքըրճեան) որուն մասին թրքական թերթերը շատ գրեցին: Պաքըրճեան սպաննուեցաւ1980-ին: Ան սերտ յարաբերութիւն ունէր Տերսիմ մնացած հայութեան հետ, որոնք այդ օրերուն ունէին ստորերկրեայ եկեղեցի եւ քահանայ: 1994-ին թուրք բանակը եւ թրքական ազգայնապաշտ ,Գորշ Գայլերե կազմակերպութիւնը, տեղափոխութիւն պարտադրեցին հարիւրէ աւելի տերսիմական գիւղերուն: Հայոց Ցեղասպանութեան օրերը յիշեցնող, երկրորդ անգամ ըլլալով բնակչութիւնը պարպեցին Տերսիմէն:
1990-ական թուականներուն Տերսիմ վերազարթնումի շրջանի աշխոյժ գործիչներէն է Եւրոպա հաստատուած Սէյֆի Ճէնկիզ, որ Տերսիմի ազգային ինքնութեան պահպանման գլխաւոր ջատագովներէն է: Տերսիմ ծնած Սէյֆի Ճենկիզ, 80-ականներուն Տերսիմի մէջ թրքական բանակին դէմ զինեալ պայքարին մասնակից եղած է եւ Tekosin-ի հիմնադիրներէն է: Սկզբնական շրջանին իր գործակիցներուն հետ կը միանան քրտական յեղափոխական շարժումներու, սակայն, կ’անդրադառնան իրենց ինքնութեան որ իրենք քիզիլպաշներ են եւ ոչ թէ սիւնիի քիւրտ: 1990-ին սկիզբները Գերմանիա հաստատուելով կը հիմնէ Serbestiya Dersi, այսինքն Տերսիմի Ազատութեան կուսակցութիւնը, որուն հիմնական նպատակը՝ Տերսիմի 1938-ի ջարդերուն համար միջազգային դատական ատեանի մը առջեւ թրքական կառավարութիւնը պատասխանատուութեան կանչել է: Այս գծով, երեք տարի առաջ սկսած է կազմակերպութեան The Initiative of Dersim 38 ծրագիրը, որ ցարդ հաւաքած են հինգ հազար ստորագրութիւն: Հայ եւ օտար ուսումնասիրողներ կը հաստատեն եւ կը վկայեն տերսիմցիներու իւրայատուկ ցեղ կամ հաւաքականութիւն ըլլալու իրողութիւնը: Տերսիմցիք կը հաստատեն, որ իրենք աւելի մօտ կը զգան քրիստոնէութեան՝ քան իսլամութեան: Սերտ յարաբերութիւն ունեցած են հայերու հետ:
Յարգելի դասախօսը իր խօսքը փակելէ առաջ աւելցուց թէ պատմութիւնը տակաւին երկար ուսումնասիրութիւններու կարօտը ունի լոյս աշխարհ բերելու Տերսիմի բնակչութեան անցեալը: