Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Երեւան
Ինչքա՜ն հարուստ է մեր գրականութիւնը հայ կանանց գովքը հիւսող իր չափածոներով եւ արձակներով: Ինչքա՜ն ազատ ու անկաշկանդ են այսօրուան մեր գրողները իրենց սիրոյ արտայայտութեանց մէջ: Ինչքա՜ն ազատ է ի՛նքը՝ կինը այսօր (համեմատելով անցեալին) իր վարքագիծով եւ աշխարհընկալման դրսեւորմամբ: Սակայն եթէ պահ մը յետադարձ ակնարկ նետենք դէպի անցեալ, պիտի տեսնենք, թէ սկզբնական դարերուն, հեթանոսութեան տապալումով եւ քրիստոնէութեան մուտքով, երբ գեղարուեստական գրականութեան նպատակը եղած էր միա՛յն քրիստոնէութեան ամրապնդումը եւ եկեղեցւոյ շահերը հետապնդելը, որքան սեղմ էին գրողի մը սահմաններն ու իրաւասութիւնները: Այդ դարերուն կինը իրաւազրկուած էակ կը համարուէր: Ով որ կնոջ մասին որեւէ խօսք գրէր՝ անպատուաւոր գրող կը համարուէր եւ իր գործը կը քննադատուէր որպէս «անբարոյ» կամ ցած ճաշակի արուեստ: Բարեբախտաբար միջնադարեան գրողները 13-16-րդ դարերուն շարունակելով հանդերձ այդ աւանդները, կրօնական քօղի տակ աստիճանաբար սկսան բացուիլ կեանքին, առօրեային, մարդկային զգացումներուն եւ սիրոյ գաղափարին առջեւ: Կինը դարձաւ աստուածային պարգեւ մը.
Դու ստեղծեր զկինն ի կողէն,
Վասն Ադամայ սիրոյ համար: (Յովհաննէս Թլկուրանցի)
Այսպիսով, միջնադարեան գրողները հետզհետէ սկսան գովերգել կինը աւելի անկաշկանդ եւ առանց քօղարկումներու: «Մարդ որ սիրոյ կու հանդիպի, այլ ոչ աղօթք ի միտ կու գայ»: Յովհաննէս Թլկուրանցիի պատկերացումով՝ սէրը այնպիսի զգացում մըն է, որմէ ոչ ոք կրնայ զերծ մնալ: Ան կը խոստովանի, թէ կնոջ թովչանքին ու սիրոյն առջեւ անզօր են նոյնիսկ վարդապետները:
Ո՜վ չի յիշեր միջնադարեան գրող Նահապետ Քուչակի համարձակ տողերով գրուած «Հայրէնները» նուիրուած կնոջ ու սիրոյ մասին: Կինը պատկերուած է նոյնիսկ իր արտաքին յատկանիշներու ամենայն մանրամասնութիւններով: Քուչակի մօտ է նաեւ, որ առաջին անգամ կը հանդիպինք տղամարդու եւ կնոջ հաւասարութեան գաղափարին: Անոր համոզմամբ՝ ինչպէս տղամարդը, այնպէս ալ կինը պէտք է ազատ ըլլայ իր զգացմունքային աշխարհին մէջ: Մեծ ատելութիւն եւ ցասում ունի Քուչակ կինը դրամով կամ բռնի ամուսնացնողներուն նկատմամբ.-
Սէրն որ դրամով լինի, զինք էրել պիտի կրակով:
Սէրն խնձորով պիտի ու տրհեմ տրհեմ շէքէրով:
Արդի գեղարուեստական գրականութեան մէջ, ինչպէս վերը յիշեցի անթիւ անհամար են կնոջ նուիրուած ստեղծագործութիւնները: Կինը ի յայտ կու գայ տարբեր դրսեւորումներով: Ան կը գովերգուի որպէս հմայիչ, սիրուհի, գեղեցկուհի եւ որպէս առողջ դատող, ոգեւորող, դաստիարակ եւ վեհ արժէքներու ներշնչարան:
Այսօր, հայ իրականութեան մէջ որքան ալ կ՚ըսենք որ կինը ձերբազատուած է առաջուան կարծրատիպերէն, սակայն տակաւին միջնադարու տաղերգուի երգած հաւասարութեան հասնելու համար դեռ երկար ճամբայ ունի կտրելիք։ Հայ կնոջ տեսլականը միայն ընտանիք կազմելը պէտք չէ որ ըլլայ, ճերմակ հագուստը պէտք չէ ըլլայ իր կեանքի ամենամեծ իրագործումը: Կինը միայն հաճոյակատարի դեր պէտք չէ ստանձնէ իր վրայ, ան իր դերը մարդոց հաճոյք պատճառելէն անդին պէտք է տեսնէ: Ի՜նչ հաւասարութիւն, երբ տակաւին ծնողներ կը նախընտրեն մանչ զաւակ ունենալ աղջիկի փոխարէն… ինչպիսի՜ հաւասարութիւն, երբ տակաւին, այս դարուս, օրական դէպքեր կը լսուին հայ կնոջ դէմ գործուած բռնութիւններու, նոյնինքն ամուսիններու կողմէ զիրենք ծեծի ենթարկելու չափ կոշտ ու կոպիտ վերաբերմունքին մասին: Հայ կինը դեռ երկար ճամբայ ունի կտրելիք, որպէսզի դուրս գայ զինք կաշկանդող պատնէշներէն եւ ինքզինք կերտէ ու հասարակութեան մէջ բոլոր մակարդակներու վրայ դառնայ աւելի տիրական ներկայութիւն իր խօսքով եւ բեղուն գործունէութեամբ: