Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆՇՄԱՐ.- ՇՔԱՆՇԱՆԻ ԱՐԺԱՆԻ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
sm

 Ս.Մ.

“Նստէ՛, որ քեզի լաւ բան մը ցոյց տամ“, ըսաւ բանաստեղծ բարեկամս, իր բնակարանի հիւրասենեակին մէջ դիմաւորելով զիս. “Տե՛ս, ի՛նչ արձանագրեր եմ քանի մը օր առաջ“, շարունակեց` մօտենալով պատկերասփիւռի գործիքին եւ սեղմելով քանի մը կոճակ:

Երկար ատենէ չէի տեսած զինք, գացեր էի հալը-քէֆը հարցնելու: Մեր խօսակցութիւնները հրատարակելի բովանդակութիւն չեն ունեցած, բացի… իր բանաստեղծութիւններէն: Չէի ալ գիտեր, որ ի՛նչ ցոյց պիտի տար, հետեւաբար, տակաւին չէի կրնար նախատեսլ, որ “լաւ բան մը ցոյց պիտի տամ“ը ի վերջոյ պիտի թարէր այս սիւնակին մէջ:

Մինչեւ արձանագրած ժապաւէնը գտնէր, կարճ զրոյց մը ծայր առաւ: Կ՛երեւակայէի, թէ լաւ երգ մը, լուրերէն քաղուած ուշագրաւ բան մըն էր արձանագրածը. անցեալ փորձառութիւններս ա՛յդ կը թելադրէին:

Պաստառին վրայ երեւցաւ շեշտակիօրէն հայատիպ դէմք մը. “Լսէ՛, Հայաստանի պատկերասփիւռէն արձանագրած եմ, ոստիկանապետ է. լսէ՛, թէ ի՛նչ անխառն ու մաքուր հայերէն մը կը խօսի“, բացատրեց բարեկամս, մասամբ լուծելով հանելուկը:

Միասնաբար մտիկ ըրինք. ինք յայտնապէս քանի մը անգամ ունկնդրած էր. ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը կը ծորէին աչքերէն, կը յորդէին` դէմքին վրայ տարածուող ժպիտով: Ոստիկանապետը ուղերձ մը կ՛արտասանէր տօնական օրուան մը առիթով, կը դրուատէր հայրենիքին ծառայող զինուորներն ու ոստիկանները, մնացեալը… կը թողում ձեր երեւակայութեան:

Իսկապէս, ան կ՛արտայայտուէր պարզունակ, հաղորդական, բայց անխառն հայերէնով. 3-4 վայրկեան ելոյթին ամբողջ տեւողութեան, Ո՛Չ ՄԷԿ ՕՏԱՐ ԲԱՌ, բացի “վեթերան“էն, ինչպէս նկատել տուաւ բարեկամս: Թուղթէ մը չէր կարդար, այլ սրտաբուխ արտայայտութիւն էր, սիրտէն լեզուին հասած, մտածուած, բայց նաեւ յանպատրաստից արտայայտութիւն մը` կարծէք:

Ապշած` զինք դիտեցի պահ մը. ուրեմն Հայաստանի մէջ կա՛ն մարդիկ, որոնք կրնան արտայայտուիլ հրապարակաւ, պատկերասփիւռի ոսպնեակներու առջեւ, առանց օտարամուտ բառերով ծանրացնելու իրենց խօսքը: Մինչդեռ անդին, նախագահէն մինչեւ նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ ու բանբերներ խղճի ամենա՜յն հանդարտութեամբ խառնարան հայերէն մը դուրս կու տան ամէն օր, նոյնը կ՛ընեն խօսնակներ, լուրեր հաղորդողներ, մէկ խօսքով` պատասխանատուութիւն յանձն առած ամէն տեսակի մարդ, որոնց չյայտարարուած առաքելութեան մաս կը կազմէ հայկական արժէքներու պահպանումը, իմանալ նաեւ` մեր լեզուի մաքուր գործածութիւնը:

Եւ նոյն ա՛յդ մարդիկն են, նոյն այդ… անպատասխանատունե՛րը, որոնք յաճախ կը ճառեն լեզուի պահպանման նուիրուած խորհրդաժողովներու բեմերէն, մտածելով, որ իրենց ճառերը, պատուէրները միայն ուրիշին ուղղուած են, իրենք զերծ են նման յանձնառութենէ, ինչպէս կ՛ընեն ընկերային ու մշակութային այլ հարցերու դիմագրաւման մէջ:

Անաչառ ըլլալու համար, պէտք է արձանագրենք նաեւ, որ մայրենիին հանդէպ նման անպատասխանատու վերաբերմունք կը տեսնենք Սփիւռքի տարածքին ալ, նոյնինքն մայրենիի պաշտպանութեան մասին ճառողներէ:

Այլ նիւթերու մասին խօսելէ առաջ, եզրակացուցինք. “Այս ոստիկանապետը արժանի է պետական, նախարարական, զինուորական ու կաթողիկոսական ամէնէն բարձր շքանշաններուն“:

(Ո՜ւր հասած ենք…):

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles