Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Դարձեալ Վարդանանք

$
0
0

Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան

Փետրուարը միշտ ալ խորհրդաւոր է եղած: Վարդանանց տօնը, հօրս Վարդան անունով, ունեցած է յատուկ տեղ ընտանիքիս ներաշխարհին մէջ: Փետրուա՜ր….Վարդա՜ն…:
Կը հաւատամ, որ սովորամոլութիւնը խախտած է այս տօնին նշանակութիւնն ու բարձր խորհուրդը: Վարդանանց տօնակատարութեան կը հաւաքուինք, կ՚երգենք, կը ներշնչուինք, դպրոցական աշակերտներ թատրոն կը խաղան, Վարդանանց պատերազմին ճակատագրական պահերէն մէկը կը ներկայացնեն ու այս բոլորին անյապաղ կը յաջորդեն ճառերն ու քարոզները: Այսքանով կը լրանայ կամ կ՚ամփոփուի Վարդանանց տօնը: Կռիւ, հայրենասիրութիւն, դաւանափոխութիւն ու վերադարձ դէպի հաւատքի ակունքները, դաւաճանութիւն ու քաջութիւն: Մեր հայկական իրականութեան մէջ տռամի կը վերածուի Տղմուտի ափերուն մօտ պատմութեան մէջ արձանագրուած սխրագործութիւնը այն արի զինուորներուն, որոնք Յազկերտներու փիղերուն դէմ ճակատ գացին: Այս բոլորը շատ լաւ: Յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ, 21րդ դարը յատկանշող ապագաղափարական մթնոլորտով, հայ երիտասարդը ի՞նչ պէտք է սորվի Վարդանի ու Վարդաններու հերոսական արարքներէն ու աներեր կեցուածքէն: Թողունք որ պատմաբանները իրենք վիճին թէ ո՛վ էր իսկական հայրենասէրը՝ Վարդանը կամ Վասակը: Հաւանաբար երկուքը…:
Պոռոտախօս ճառերը կը ներշնչեն, զգացումներ կը շարժեն, երեւակայութիւն կը գրգռեն: Մեր մէջ ոմանք դէմ են նոյնիսկ ճառ գաղափարին: Ես համաձայն չեմ: Ճիշդ է, որ ճառերը շատ բան չեն իրագործեր, սակայն իրենց ստեղծած մթնոլորտով շատերը կը պարուրեն: Սխալը, ըստ իս, զգացումին առջեւ կանգ առնելն է: Օրուան մթնոլորտով բաւարարուիլ ու զգացական զեղումներու առիթի վերածելն է Վարդնանց պատգամը: Ի՞նչ պէտք է ընել, սակայն, որպէսզի Վարդանանց տօնակատարութիւնը «զգացական աւանդականութեան» չվերածուի: Ո՞րն է գաղտնիքը այն հրապուրիչ իրականութեան, որուն թարմ յիշտակութիւնը այժմէական է:
Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ իմ խորհրդածութիւնս կը կատարեմ սփիւռքահայու դիտանկիւնէն: Հայրենաբնակ հայրենակից մը թերեւս աւելորդ գտնէ այն, ինչ որ Վարդանանցով կը ներշնչուիմ իբրեւ պատգամ ու օրինակ: Անկախ այն բոլոր մանրամասնութիւններէն, որուն կ՚անդրադառնանք Վարդանանց տօնին առիթով, անկախ մեր աւանդական մօտեցումներէն, կ՚ուզեմ կեդրոնանալ պարզ ու միեւնոյն ատեն կարեւոր հարցի մը վրայ:
Ինչ որ Վարդանանք ըրին՝ կամաւոր էր: Կրնային չընել: Կրնային յանձնուիլ ու ազատիլ հաւանական «գլխացաւէն», տառապանքէն ու անխուսափելի մահէն: Ըրին, որովհետեւ կը հաւատային իրենց արարքին ճշմարտութեան: Ըրին, որովհետեւ սկզբունք մը ունէին, որուն շուրջ կը դառնար իրենց կեանքը: Պատգամը, որ ներշնչող է, արարքին կամաւորականութիւնն է: Բարձրագոյն առաքինութիւնը՝ կամաւոր ընտրութիւնն է որ կը բխի հաստատ համոզումներէ:
Այսօր այս կամաւոր ընտրութեան կարիքը ունինք, մենք, սփիւռքահայերս: Հրապուրի՞չ է յանձնառութիւնը հա՛յօրէն ապրելու: Կը կասկածիմ: Այնքա՜ն այլընտրանքներ կան մեր առջեւ: Կ՚ապրինք տարբեր միջավայրերու մէջ, ուր հանգիստ կեանքը համակերպիլ ու հրաժարիլ կը նշանակէ: Սորվիլ տեղական լեզուէն զատ ուրիշ լեզու, մայրենի լեզուն ու կարդալ մեր գրականութիւնը: Սորվիլ տեղական երգերէ զատ ուրիշ երգ, հայ երգ: Պարել տեղական պարերէն զատ ուրիշ պար, հայկական պար: Հետաքրքրուիլ ընկերային արդարութեան կողքին հայ դատով: Հայկականութիւնը զոհողութիւն կ՚ենթադրէ, յաւելեալ ճիգ, պրկուած կամք, տեղական մթնոլորտին մէջ ապրելով հանդերձ ու զարմանալիօրէն, ապրիլ այլ «մտաշխարհ»:
Վարդանի ու Վարդաններու կամաւոր ընտրութիւնը հոս կը խաղայ մեծագոյն դեր: Դաստիարակիչը՝ ոչ միայն քաջութիւնն էր, վճռակամութիւնը, զանազան խոստումներն ու պոռթկումները, փոքրաքանակ բանակով՝ մեծաքանակ ու հզօրագոյն բանակի դէմ ճակատիլը, այլ ընտրելն էր աւետարանական բացատրութեամբ նեղ ճամբան, երբ լայն ճամբաներու այլընտրանքները աւելի դիւրին էին, կարճ եւ ապահով:
Այսօր մեզի կը մնայ այս ոգիին անդրադարձ կատարել: Համոզուած պէտք է ըլլանք, այլեւս, որ հայ ըլլալը ընտրութեան հարց է: Ճիշդ է, կը ծնինք հայկական ընտանիքներու մէջ, սակայն սփիւռքի մէջ հայ ծնիլ կը նշանակէ նետուիլ պայքարի դաշտ: Այս մէկը ինքնեկ պայքար չէ, այլ ընտրութեան հարց է: Կրնանք անտեսել պայքարը եւ ապրիլ ինչպէս որ կ՚ուզենք, ընտրելով ամէնէն դիւրին ճամբան յաջողութեան ու բիւր բարձունքներու: Իսկ եթէ կ՚ուզենք ապրիլ մեր հայկականութիւնը, հայ լեզուին գաղտնիքներով զարգանալ, ճոխանալ, ներքին պայքարի մէջ անվերջ մաքառումներով մենք զմեզ զտել, այն ատեն կ՚արժանանք Վարդանի ու Վարդաններու իսկական կոչումին:
Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Տերտուղիանոս, դիպուկ խօսք մը ունի, որ նշանաւոր է: Ան կ՚ըսէ. քրիստոնեաներ չեն ծնիր, այլ կը կազմաւորուին: Այսինքն, քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ ծնիլ բնաւ երաշխիք չէ քրիստոնէական հաւատք ընդունելու: Անիկա կ՚ենթադրէ գիտակից ընտրութիւն ու համոզում: Կ՚արժէ մեծ սուրբին բառերը փոխ առնել ու ըսել.-
-Վարդաններ չեն ծնիր, այլ իրենց կոչումը ընտրելով կը կազմաւորուին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles