Յ. Պալեան
Ամէն կարգի հարուածներու, աւերներու, պարտութիւններու դիմադրած մեր մեծագոյն ժառանգութիւնը այլեւս արտաքին թշնամիի կարիք չունի, քանի որ մենք դադրած ենք անոր տէր ըլլալէ, անով շնչելէ, անով գինովնալէ: Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ կը կարծէք որ կրնայ ըլլալ իր ուրոյն մշակոյթ-ինքնութեամբ ցարդ ապրած ազգի ապագան:
Խօսքը չի վերաբերիր Քամչաթքայի, Զուլուլանտի կամ բեւեռային աշխարհի բնակիչներուն, այլ մեր ժողովուրդին, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որ ամէն օր քիչ մը աւելի իր մայրենին կը փոխարինէ զանազան եւ զարմանազան լեզուներով, կը դառնայ այլաբարբառ եւ այլագիր, յանուն բարեկեցութեան եւ… թեթեւսոլիկութեան:
Աշակերտներուն եւ ուսանողներուն շարադրութեան եւ խորհրդածութեան նիւթեր կու տան, որպէսզի այդ մասին գրեն, զարգացնեն իրենց վերլուծելու եւ դատելու կարողութիւնները (dissertation, դիսերտացիա): Ինքզինքս այդ վիճակին մէջ զգացի, երբ գտնուեցայ չիլեցի բանաստեղծ Փապլօ Ներուտայի ինքնակենսագրական գիրքի ֆրանսերէնի թարգմանուած էջերուն առջեւ*(էջ 80-81):
Բանաստեղծը այդ երկու էջերը խորագրած է՝ «ԲԱՌԵՐԸ»: Անասնական վիճակը գերանցելով մարդկութիւն նուաճած ենք լեզուով, իսկ հաւաքականութիւնը՝ անով ազգային ինքնութիւն:
Ինքնուրոյն լեզուն կ’ապրի եւ կը շնչէ իր բառերով, որոնք ոչ միայն իմաստներ, այլ նաեւ գաղափարներ եւ պատմութիւն կը փոխադրեն:
Փակագիծ մը:
Ֆրանսայի մէջ այսօ՛ր, Փետրուար 17, 2017, աղմուկ բարձրացաւ Էյֆէլի աշտարակի ճակատին անգլերէն գրուած քարոզչական երկու բառի համար եւ Ակադեմիայի անդամներ բողոքեցին, պահանջելով որ այդ զոյգ մը բառերը ֆրանսերէն ըսուին: Բողոք՝ անգլերէն երկու բառի համար, «Made for sharing», որ փոխարինուեցաւ «Venez partager»ով: Հանրածանօթ մտաւորական եւ գրական հաղորդումներու վաստակաւոր հեղինակ մը անվարան ըսաւ, որ այդ երկու անգլերէն բառերը «մեղանչում մը, իշութիւն մը, սխալ մըն էին ֆրանսերէնի դէմ»**:
Բարձրամակարդակ գիտակցութեան փաստ մը: Իրաւ մեծերը գիտեն, թէ ի՛նչ է լեզուն ազգին համար: Ազգի հարազատութեամբ ապրողները այդ գիտեն: Բոլոր ժողովուրդներու թեթեւսոլիկ եւ երեւելիութեան մարմաջ ապրող պատեհապաշտները եւ պարտուածները չեն գիտեր եւ չեն հասկնար:
Վերագտնենք Փապլօ Ներուտան, որ իր ժողովուրդի լեզուով գրած է եւ արժանացած է մրցանակներու, նաեւ՝ Նոպէլի:
Էջը խորագրուած է՝ ԲԱՌԵՐԸ
… Ամէն ինչ որ կ’ուզէք, այո՛ պարոն, բայց բառերն են որ կ’երգեն, բառերն են որ կը բաձրանան եւ կ’իջնեն… Կը խոնարհիմ անոնց առջեւ… Զանոնք կը սիրեմ, անոնց կը փարիմ, զանոնք կը հետապնդեմ, կը խածնեմ, կը մսխեմ… Այնքա՜ն կը սիրեմ բառերը…Անսպասելի բառեր… Անոնք՝ զորս անյագօրէն կը սպասենք, դարան մտած, մինչեւ որ յանկարծ իյնան… Սիրուած եզրեր… Անոնք կը փայլին զերթ գունաւոր քարեր, կը ցատքեն ինչպէս լսնոսկիէ ձուկեր, անոնք փրփուր են, թել, մետաղ, ցօղ… Բառեր կան՝ զորս կը հետապնդեմ… Անոնք այնքա՜ն գեղեցիկ են՝ որ բոլորն ալ կ’ուզեմ դնել բանաստեղծութեանս մէջ… Զանոնք կը բռնեմ իրենց թռիչքին մէջ, երբ կը բզզան, եւ զանոնք կը պահեմ, կը մաքրեմ, կը կեղեւազերծեմ, կը պատրաստուիմ պնակին առջեւ, զանոնք կը զգամ ինչպէս բիւրեղ, թրթռացող, փղոսկրեայ, բուսական, իւղալի, նման պտուղներու, ջրախոտի, ակաթներու, ձիթապտուղի…Այն ատեն զանոնք կը դարձնեմ, կը ցնցեմ, կ’ըմպեմ, կուլ կու տամ, կը ճմլեմ, կը պճնեմ, կ՛ազատագրեմ… Զանոնք բանաստեղծութեանս մէջ կը թողում նման շթաքարերու, կործանման բեկորի, յղկուած փայտի կտորներու, ածուխի, ալիքներու նուէրի… Ամէն բան բառի մէջ է… Ամբողջ գաղափար մը կը փոխուի երբ բառ մը իր տեղը կը փոխէ կամ ուրիշ բառ մը կը նստի փոքրիկ թագաւորի մը պէս խօսքի մը մէջ որ զինք չէր սպասեր եւ անոր կը հպատակի… Անոնք ունին շուքը, թափանցիկութիւնը, ծանրութիւնը, փետուրները, մազը, ունին այն ամէնը որ աւելցած է իրենց վրայ քանի թաւալած են գետին մէջ, հայրենիք փոխած են եղած են արմատ… Անոնք միաժամանակ շատ հին են եւ շատ նոր… Անոնք կ’ապրին թաքուն դագաղին եւ հազիւ ծնած ծաղիկին մէջ… Ո՜հ, որքան գեղեցիկ է իմ լեզուս, ո՜հ որքան գեղեցիկ այս բարբառը զոր ժառանգած ենք շիլ աչքով նուաճողներէն… Կը յառաջանային հսկայ քայլերով սարսափելի լեռնաշղթաներով, գէշ լիզուած Ամերիկաներու մէջ, փնտռելով գետնախնձոր, երշիկներ, լուբիաներ, սեւ ծխախոտ, եգիպտացորեն, ձուածեղ, անկէ ի վեր երկրի վրայ այլեւս չտեսնուած անյագ ախորժակով… Կուլ կու տային ամէն բան, այդ կրօնները, բուրգերը, ցեղախումբերը, կռապաշտութիւնները՝ յար եւ նման անոնց՝ զորս կը բերէին իրենց թամբի հսկայ մախաղներուն մէջ… Ուրկէ որ կ’անցնէին իրենց ետին կը ձգէին աւերուած հողը… Բայց այդ բարբարոսներու մոյկերէն, մօրուքէն, սաղաւարտներէն, երկաթներէն, խճաքարերու պէս կ’իյնային, լուսաւոր բառեր, որոնք հոս երբեք չեն դադրած պսպղալէ… լեզուն: Մենք կորսնցուցինք… Մենք շահեցանք: Անոնք տարին ոսկին եւ մեզի ձգեցին ոսկին… Տարին ամէն բան եւ մեզի ձգեցին ամէն բան… Մեզի ձգեցին լեզուն:
Չիլեցի բանաստեղծը իր լեզուի բառերուն հետ տեւական հաղորդութեան մէջ է: Կենսական-բնախօսական յարաբերութիւն մը: Անոնք «կ’երգեն», կ’ըսէ «կը խոնարհիմ անոնց առջեւ»: Անոնք բնութեան տարրերուն պէս են: Իրմէ առաջ Վահան Թէքէեան ըսած էր հայերէն բառերուն համար՝ «հիւթեղ», Չարենց ըսած էր՝ «արեւահամ»: Այսօր մենք ազգովին կրնա՞նք ըսել Փապլօ Ներուտայի պէս. «Մենք կորսնցուցինք… Մենք շահեցանք: Անոնք տարին ոսկին եւ մեզի ձգեցին ոսկին… Տարին ամէն բան եւ մեզի ձգեցին ամէն բան… Մեզի ձգեցին լեզուն»:
Արդարեւ, մեր պատմութեան ընթացքին մեզ ճնշողները տարին մեր ոսկին, մեր հարստութիւնները, հարուածեցին մեր համրանքը, յափշտակեցին մեր հողը, բայց չկրցան տանիլ լեզուն: Ներուտայի հետեւութեամբ՝ «մեզի ձգեցին լեզուն»: Բայց ի՞նչ է մեր յարաբերութիւնը մեր լեզուին հետ, տէ՞ր ենք այդ ժառանգութեան: Կրկին կարդանք. «Ամէն բան բառի մէջ է… Ամբողջ գաղափար մը կը փոխուի երբ բառ մը իր տեղը կը փոխէ կամ ուրիշ բառ մը կը նստի փոքրիկ թագաւորի մը պէս խօսքի մը մէջ որ զինք չէր սպասեր եւ անոր կը հպատակի… Անոնք ունին շուքը, թափանցիկութիւնը, ծանրութիւնը, փետուրները, մազը, ունին այն ամէնը որ աւելցած է իրենց վրայ քանի թաւալած են գետին մէջ, հայրենիք փոխած են, եղած են արմատ..»
Հայուն խօսքը կ’ըլլայ հայերէն բառով, «հիւթեղ» եւ «արեւահամ» բառն է որ «շուք» եւ «թափանցիկութիւն» կու տայ հայու խօսք ու միտքին, Մ. Իշխանի բառերով ան «տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն»: Այսօր, ճշմարտութեան պահու մը, կրնա՞նք կրկնել բանաստեղծին տողը, ան է՞ հայու տուն՝ աշխարհի չորս ծագերուն: Երբեմն կարեւոր խնդիրները պէտք է դիմաւորել առանց ճամարտակութեան:
Փապլօ Ներուտա կ’ըսէ. «Ուրկէ որ կ’անցնէին իրենց ետին կը ձգէին աւերուած հողը»…
Յիշե՛նք մեր պատմութիւնը… Աւերուած հողէն եւ ջարդերէն ետք մնացած էր լեզուն:
Քանի դեռ տեղի չէ ունեցած հայերէնի փոխարինումը «ուր հաց հոն կաց»ի լեզուներով, ուր որ հայեր կան, եւ հպարտութիւն չէ ըսել «ամէն տեղ հայ կայ», հայերէնը կը փոխարինուի ուրիշ լեզուով մը, նոյնիսկ խօսուած հայերէնը կ’ենթարկուի «գաղութացման»՝ սփիւռք(ներ)ի մէջ, վերածուելով Շաւարշ Միսաքեանի այնքան դիպուկ գնահատման՝ «հաց պանիրի հայերէն», կիրակնօրեայ համեմ, նաեւ Հայաստան՝ ուր օտարամոլութիւնը, օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը կը համարուին որպէս դասակարգ փոխելու միջոց: Հայրենի մտաւորական մը, արդարացնելով տեղատուութիւնը, կ’ըսէր՝ «լեզուն կը յառաջդիմէ»: Յառաջդիմութիւն՝ բոլոր օտար բառերը դարձնելով աղճատուող հայերէնի «բնակիչ», ինչպէս հայ հին եւ նոր գաղթականները կ’ըլլան քաղաքացի նոր հայրենիքի, կ’ըլլան «սիթիզըն»:
Ոմանք կը յուզուին, երբ միջազգային կազմակերպութիւն մը կ’ըսէ՝ թէ արեւմտահայերէնը կորսուելու վտանգ կ’ապրի: Թերթերը կը հաղորդեն տեղեկութիւնը: Բայց մէկ տասնամեակէ միւսը ի՞նչ կ’ըլլայ այլեւս հայերէն չխօսողներու տոկոսը, եւ այդ տոկոսը նկատի ունենալով, ղեկավարութիւնները ի՞նչ նախատեսութիւններ կ’ընեն եւ ինչպէ՞ս կը հակազդեն:
Հայաստանի մէջ, ուր պետութիւն կայ, կան մշակոյթի նախարարութիւն, լեզուի պետական տեսչութիւն, ակադեմիա, ո՞ր չափով խօսուած եւ գրուած հայերէնը, նաեւ ցուցանակներու, հեռատեսիլի, թերթերու, կառավարութեան անդամներու, Ազգային ժողովի, կ’ազատագրուի օտար ուժերու ներխուժումէն: Գէթ այս ներխուժման դէմ պայքարելու համար միջոցները դուրսէն ակնկալելու կարիք չկայ:
Այսօր Փապլօ Ներուտայի պէս պիտի կարենա՞նք ըսել, ներազգային դժգոհութիւն պատճառելու գնով, «տարին ամէն բան եւ մեզի ձգեցին ամէն բան…»…«մեզի ձգեցին ոսկին»… «Մեզի ձգեցին լեզուն»: Համազգային քաղաքականութիւն է, աթոռամարտերէ անդին, մարդորսական ճապկում-կեղծիքներէ անդին, այդ մեզի ձգուած ոսկիին տիրութիւնը:
Օտարամոլութեամբ, օտարախօսութեամբ եւ օտարագրութեամբ կը մսխուի այդ «ոսկին», եթէ ժառանգորդները ըլլան «անառակ որդի»ներ: Պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի դատէ մեր ժամանակը:
Եթէ ճիշդ է, որ քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է, ի՞նչ ապագայ կը պատրաստենք ժառանգուած ոսկի-լեզուին համար, եւ նոյն հունով՝ անով ինքնութիւն պահած ազգին:
Դեռ կրնա՞նք քաղքենիական ճապկումներով ժամանակ մսխել…
Փապլօ Ներուտա հայ չէր: Կրկին կարդալ իր խօսքը: Չէր գրած հայոց համար: Բայց մեծ մտածողները գրած կ’ըլլան լսուելու համար նաեւ իրենց աշխարհագրական սահմաններէն հեռու, հեռուներ:
Իրաւ ղեկավարը չի լսեր կրաւորականութեամբ: Կը հակազդէ:
«Հաց պանիրի հայերէն»ը ոչ կ’երգէ ոչ ալ լոյս կու տայ:
* Pablo Neruda, J’avoue que j’ai vécu, Gallimard, folio, 2016, pp. 540
**«Évidemment, je trouve que ce slogan est une faute, une ânerie, c’est une erreur. C’est une faute contre la langue française qui est une langue olympique, c’est une ânerie car, même dans la langue de Shakespeare, ce slogan est d’une grande platitude.» Bernard Pivot, ըսուած RTL կայանէն: