Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Բաղնիք, Աղօթք Եւայլն

$
0
0


Գէորգ Պետիկեան

Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները, մեզի, տէր եւ տիկին, իբրեւ «օդափոխութեան» նոր վայր՝ Ստեփանաւան երթալ թելադրեցին: Անկեղծօրէն՝ թէեւ գիտէի, որ հայրենիքէն ներս համայնավար հերոս՝ Ստեփան Շահումեանի անունը յաւեյժացնող յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան անտեղեակ էի:
Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ գիւղ մըն էր, որուն շրջապատող բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին, այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ:Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու հոտը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով, ինծի համար ան փոքր Զուիցերիա մըն էր. անկասկած: Միւս կողմէ, մեր բարի բախտէն, առաջին օրն իսկ, պանդոկապետը մեզի մտերմօրէն յայտնեց, որ գիւղէն քիչ հեռու կը գտնուէր «Լոռի միջնաբերդ-ամրոց քաղաքը»:
-Չէք «փուշմանի, գնացէ՛ք եւ տեսէ՛ք, ախր, պատմական էլ է, ըսաւ համոզիչ եւ վայրկեանին առանց իմ պատասխանիս սպասելու «զանգեց» եւ յաջորդ առաւօտ կանուխ մեզի դէպի այդ ամրոցը փոխադրող «թաքսին» ապահովեց, եզակի ու հաստատ անկեղծութեամբ:
Առաւօտուն, որոշուած ժամուն, մեր մեքենավարը, Սէրկէյը, իր ինքնաշարժով արդէն մեզի կը սպասէր: Ու ամբողջ ճամբու ընթացքին, իր աշակերտներուն նոր դասը խանդավառ բացատրող ուսուցիչի մը նման ան խօսեցաւ ու խօսեցաւ, առանց առիթ տալու, որ ես ալ իմ կարգիս գոնէ «բաներ» մը ըսէի աւելցնէի: Նոյնիսկ լաւ ծիծաղով մը յայտնեց նաեւ, թէ ինք ներկայիս թոշակաւոր մըն էր եւ հինգ թոռներու ալ պապիկ, եւ Լոռիի շրջանէն ներս պատմութեան ուսուցիչ ալ եղած էր եւ նոյնիսկ Ղարաբաղեան պատերազմին մասնակից՝ ազատամարտիկ:
Այսպէս, մահը իր մօտէն անցնող աչքերով, սիկարէթը միշտ բերնին, կէս-կատար ակռաներով, կարճահասակ մեր ուսուցիչ-մեքենավար Սէրկէյը, ծանր բան մը բռնած իր ձայնով, պատմեց թէ այդ ամրոցը ե՞րբ հիmնուած էր, թէ ո՞վ էր Բագրատունի տոհմէն Դաւիթ Անհողնի թագաւորը, եւ թէ ամրոցը, որ միեւնոյն ժամանակ Տաշիր-Ձորագետ թագաւորութեան մայրաքաղաք ալ եղած էր, ինչպէ՞ս դարձած էր առեւտուրի հսկայ կամուրջ մը, Վրաստանի եւ Անիի միջեւ, եւ թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունէր ամրոցի եզրին, երկու լեռներուն խորը գտնուող սարսափելի եւ անհուն հովիտի մը մէջէն դարերէ ի վեր մեծ աղմուկով վազող Ձորագետը: Այս բոլորը կը պատմէր վարակիչ ապրումով, որուն հետ ինծի կը բերէր նոր մտածումներ:
Վերջապէս հասանք փլատակ բերդ-ամրոցը: Մեզմէ զատ կային նաեւ հայ եւ օտար մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ալ: Ու թէեւ երկինքը ջերմութեամբ կը ժպտար, սակայն աշունը հասած էր իր խօսքը ըսելու: Ու սկսանք մեր «պտոյտին» զգուշաւոր հետեւելով Սէրկէյին քայլերուն եւ ձայնին: Հինցած ու դարերը մաշեցուցած ժայռերուն վրայ պատմութեան շունչը կար: Սէրկէյ զանոնք մէկ առ մէկ մեր առջեւ սկսած էր պարզել համբերութեամբ:
Ուրախ էի եւ հպարտ: Ի տես այս բոլորին, կը զգայի, որ հայ աշխարհը եթէ փորես, տակէն անպայման կեանք պիտի ծնէր: Անկասկած, որ գիտակցութեանս առջեւ կը բացուէր մեր իսկական էութիւնը: Բայց յանկարծ կնոջս ձայնը ընդմիջեց ամէն մտածում:
Կինս, Լիբանան բնակող իր նախկին ընկերուհիներէն մէկուն հանդիպած էր: Ինչ ուրախութիւն եւ անակնկալ: Ու համաձայն անգիր սովորութեան, պատմական ամրոցի բացատրութիւնները զիջեցան դպրոցական եւ դրացիական կեանքի յուշերուն: Այդ վայրկեանին տարիներու կարօտը կարելի չէր ուրիշ «բանով» մը փոխարինել:
-Դուք գացէ՛ք , ըսաւ կինս համոզիչ, եւ քիչ մը մէն ալ պաղատագին, ես ձեր ետեւէն կը հասնիմ: Հնազանդեցանք: Իրաւունք ունէր: Ու ես ու Սէրկէյը շարունակեցինք փոշոտ ու նեղ մեր ուղին, որ մեզի հասցուց փոքրիկ «շինութեան» մը դիմաց:
-Ահա պալատի մատուռը, ըսաւ իմ հաւատարիմ «կայտ»ս, դու նայէ՛, ես պապիրոզ մը ծխեմ…: Մօտեցայ: Ինչ մեղքս պահեմ, փլատակ եկեղեցւոյ մը անճանաչելի խորանի մը մնացորդացը: Անկեղծօրէն մտովի փորձեցի հայկական մատուռ մը պատկերել: Բայց…: Ապա, ես չեմ գիտեր ինչպէս, յանկարծ որոշեցի աղօթել: Մէջէս ինքնածին, տաքուկ, հաւատք բուրող բառերովս նախ «հայր մեր» մը ըսի արագ, միաժանակ նայուածքիս խառնելով հիացմունք ու զարմանք: Վերջապէս, Բագրատունիներէն ժառանգ հասած «խորան»ի մը առջեւն էի կանգնած: Հաւատքս իսկապէս զօրացած ըլլալու էր, ինչպէս նաեւ ներքին յուզումս ալ՝ բազմացած:
Աղօթեցի: Վերջ: Յետոյ քանի մը քայլ ետեւ եկայ: Սէրկէյը զիս կը դիտէր, մեծ «բարիք մը» ընողի նայուածքով: Ինքն ալ իրաւունք ունէր: Եկած էի Ամերիկայէն: Արդեօք տեղին չէ՞ր, որ այս փլատակ խորանին առջեւ ծունկ մը աղօթք ընէի: Ուխտ: Հայու հաւատք եւ ուխտ:
Յանկարծ կնոջս ձայնը լսեցի: Անպայման ընկերուհիէն զատուած ըլլալու էր:
-Ան, շուտով Երեւան պիտի վերադառնար…, ըսաւ արդարացուցիչ ձայնով եւ արագ, ու դէմքիս զարմանքը փարատելով շարունակեց.-բայց, դուն հո՛ս, ինչո՞ւ կեցած ես , եկո՛ւր, քալէ՛, երթանք ամրոցին մատուռը…, տեսնես ի~նչ գեղեցիկ է..:
Ու թեւս մտնելով, զիս քաշքշելով տարաւ իմ «մատուռ»էս շուրջ հարիւր մեթր անդին գտնուղ փլատակի մը առջեւ: Է~հ, իսկապէս, որ մատուռ էր: Խորանը թէեւ կիսաքանդ, սակայն «ամէն» բան իր տեղն էր: Այս մէկը ո~ւր, «իմս» ո~ւր…:
-Քա՛, մարդ, խելքդ աշխատցո՛ւր, ինչո՞ւ այդպէս կեցա՛ծ ես փլատակ բաղնիքին առջեւ .քալէ՛:
Ալ չուզեցի շարունակութիւնը լսել: Մեծապէս սխալած էի ու մանաւանդ խաբուած: Անմիջապէս վարորդիս նայեցայ: Այդ պահուն գլխուս մէջ կարծես հրաբուխ կար, իսկ աչքերուս՝ կայծակ: Ես յիմարաբար Սէրկէյին հաւատալով կեցած ու աղօթած էի բագրատուներու բաղնիքներէն մէկուն մէջ: Կարծես մէկը «վերէն վար» վրաս պաղ ջուր թափած ըլլար: Մատուռ եւ բաղնիք…: Ես զիս ոչ միայն մեծապէս խաբուած կը նկատէի, այլ նաեւ ծիծաղելի: Եթէ չամչնայի …պիտի լայի…: Մէկ խօսքով ապուշ մը դարձած էի: Հապա, այդ վայրկեանին եթէ մէկը զիս տեսած ըլլար…հապա եթէ «այդ մէկը» կինս ըլլար… այս ի~նչ խայտառակութիւն…: Եկուր եւ համոզէ, որ յիմար Սէրկէյն էր…: Բերնիս մէջ անորոշ տողեր սկսած էին երգել: Այդ մէկը զգալի էր արդէն: Բարկութենէս կրկին անգամ նայեցայ Սէրկէյին: Անոր դէմքն ու մարմինն ալ պաղ քրտինք մը բռնած ըլլալու էր: Ինքն ալ կը զգար իր սխալը: Մեծ «կաֆը»: Անկասկած հիմա իր լիճին մէջ ալ ալիք մը կար, իսկ աչքերուն՝ ինծի նման ցաւոտ նայուածք:
Ծօ՛, կը կրկնէի մտովի ու տանջուած, լաւ որ տակաւին ըստ աւանդութեան բարձրաձայն «տէր ողորմիա» մըն ալ չէի երգած… մարդ Աստուծոյ, ո՞ւր տեսնուած է բաղնիքին մէջ աղօթել, հոն միայն կ՚երգեն, ապուշ…կ՚եր…գեն… ո՛չ թէ կ՚ա…ղօ…թեն…յի…մար…անխելք կկու…:
Ու անկէ ետք, երբ ամէն անգամ այս դէպքը յիշէի, ինքնածին ծիծաղ մը կը գծուէր դէմքիս վրայ:

bedig43@aol.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles