Image may be NSFW.
Clik here to view.Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Զահրատ՝ Սիրոյ Երգիչ
Զահրատի բանաստեղծութիւնները կարդալով անմիջապէս մարդասէր ու կենսասէր մարդը կ՚ուրուագծուի դիմացդ: Եթէ մէկ կողմէն կեանքի անհեթեթութեան ակնարկութիւններ կ՚ընէ, սակայն միւս կողմէն, նոյն այդ կեանքին հանդէպ զօրաւոր սէր կը տածէ ան: Հաւատալ կեանքին, չընկրկիլ, վերապրիլ ու սիրել, ահա գլխաւոր պատգամը բանաստեղծին:
Սիրոյ արտայայտութիւններուն ընդմէջէն Զահրատ կեանքի լայն շերտեր կը բանայ, ուր սէրը տարբեր երանգաւորումներ կրնայ ունենալ: Կեանքը այլազան է, բոլոր սէրերը միանման չեն, անոնք տարբեր են ու կը դրսեւորուին քանի մը մակարդակներու վրայ.-
Սէր՝ սիրած էակին.
Սէր՝ միակողմանի, անհասանելի, իտէալական.
Մերժուած սէր.
Սէր՝ կնոջ.
Սէր՝ լեզուին․
Սէր՝ բարիին, լաւին ու գեղեցիկին.
Մէկ խօսքով, Համակ սէր՝ համայն մարդկութեան:
Սիրոյ այս տարբեր դրսեւորումներուն մէջ իւրաքանչիւր ընթերցող անպայման ինք իր անձը կը գտնէ ու կը նոյնանայ կերպարին հետ, բնականաբար ունենալով նոյն կամ նման ապրումներ ու յոյզեր: Այս առումով ալ բանաստեղծը իր սրամտութեան եւ գերիրապաշտ մօտեցման շնորհիւ բանաստեղծութիւնը կը հասցնէ համամարդկային աստիճանի:
Սէրը տօն է, հոգիդ կը խայտայ երբ կը սիրես, կեանքը իմաստ կը ստանայ, ուրեմն անհեթեթ կեանքին իմաստը սիրոյ մէջ գտնել կը յորդորէ բանաստեղծը, զգալ, այդ ապրումով ներշնչուիլ ու ներշնչել, սիրել նոյնիսկ եթէ այդ սէրերը ըլլան ժամանակաւոր. «Մինչդեռ հոգիս կը վերածնի իւրաքանչիւր սիրոյ հետ»:
Արդ սիրեցէք զմիմիանս ու՝
Համբուրելով համբուրեցէք
Այդ սեւ աչքերը որոնցմէ խանդաղատանք կը ծորի
Ու սիրելով սիրեցէք
Այդ թարթիչներն որոնք թել թել ձեր շրթներուն կ՚երկարին:
Գինովնալով գինովցէք
Երբ այդ աչքերը կը խօսին ձեր աչքերուն հետ միայն
Այդ պսպղուն սեւութեան դէմ պահ մը ամէն չափ մոռցէք
Հիանալով հիացէք:
Եւ երբ սէրը երկուստեք է, կը նշանակէ երանութիւն կայ այնտեղ: Գինովութիւն ու հարբեցում, վերապրում ու կեանք: Ահա այս բանաստեղծութեան մէջ սիրող զոյգերը իրենց աշխարհը կը կերտեն, կը ծնին, հակառակ անոր որ մարդիկ թերահաւատութեամբ կը մօտենան անոնց սիրոյն, ձեռք ձեռքի տուած իրենց շինած պարապութեան մէջ կը կորսուին կը կարծեն.
Մինչդեռ այն զոր պարապութիւն կը կարծէք
Պարապութիւն չէ ինքնին
Մինչդեռ այն որ իյնալ կ՚ըսէք իյնալ չէ
Մինչդեռ այն զոր դուք կորսուիլ կը կարծէք
Վերածնիլ է նոփ նոր:
Սիրոյ արկածախնդրութիւնը նոյնինքն հաճոյք է, բանաստեղծը վարպետօրէն կ՚երգէ իւրաքանչիւր երեւոյթ ու իրական պատկերներու ընդմէջէն կը տարածէ սիրոյ կրակը: Սիրող զոյգերը առանց կաշկանդումի տրուած են սիրոյն ու կը վայելեն պահը՝ բացօթեայ գիշերով, հակառակ անոր որ կողմնակի հանգամանքներ կրնան արգելք հանդիսանալ կրակոտ համբոյրին ամէնէն թէժ պահուն, որովհետեւ «մածուն ծախողը կ՚անցնի»:
Զուարճալի եւ իրական պատկերներ ստեղծելով բանաստեղծը կու տայ խորհուրդը սիրոյ: Միշտ չէ որ սէր կը նշանակէ երկուստեք վայելք: Որքան սէրեր կան, որոնք միակողմանի են ու կը տանջեն այդ սիրոյ կրակով այրողները, սակայն այդ տանջանքն ու տարփանքը նոյնպէս սիրոյ գեղեցիկ ու արդար դրսեւորումներ են: Զահրատ իր «Աղօթք» բանաստեղծութեան մէջ իր օրհնութինը կը բաշխէ բոլոր անոնց, որոնք սիրել ու տառապիլ գիտեն, քանզի սիրելը առանց տառապելու իտէալական չ՚ըլլար, ուրեմն անոնց վրայ «թող օրհնութիւն իջնէ շիթ շիթ…»:
Զահրատ, ինչպէս Վահան Թէքէեան, կ՚անդրադառնայ այն երեւոյթին, թէ կեանքի մէջ պահեր կան, երբ սիրող սիրտը չի կրնար բացայայտել իր սէրը եւ կը նախընտրէ մնալ լուռ ու անխօս: Զուգահեռով մը յիշենք Թէքէեանի սիրոյ բանաստեղծութիւնները, որոնք ամբողջութեամբ անհասանելի, տանջալի ու չբացայայտուած սէրեր են: Թէքէեանը լուռ կը սիրէ, բայց եւ հարց կու տայ. «Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ…», ահա նոյն միտքը կը գտնենք նաեւ Զահրատին քով. «Չիմանալով չիմացան… Մինչդեռ պատմել կ՚ուզէի թէ զիրենք որքան կը սիրեմ»։
Զահրատ-Թէքէեան գեղեցիկ երկխօսութիւն մըն է կարծէք «աղուորներ»ը բնորոշելու իւրաքանչիւրին մօտեցումը: Անհասանելի սէրն է կրկին, որ իր անհասանելիութեան մէջ սիրային զգացումը աւելի կը գեղեցկացնէ, աւելի տենչալի կը դարձնէ: «Աղուորները» սահմանելով Թէքէեան կը շեշտէ այն միտքը, որ «աղուորն անո՛նք են միայն՝ որ տենչանքիդ ընդմէջէն/ Անցան գացին ու հիմա քեզ հեռուէն կը կանչեն»: Նոյն անհասանելի սէրը կ՚աղուորցնէ անոր գոյութիւնը Զահրատի «Արտասահման» բանաստեղծութեան մէջ.
Ով աղուորներ զոր սիրեցի անյուսօրէն — գաղտնաբար
Թէկուզ ըլլաք դուռ դրացի նոյն թաղէն
Արտասահմանս դուք էք»:
Թէ ինչպիսի՞ն են սիրոյ հասանելութեան միջոցները կամ ձեւերը՝ բանաստեղծը ոչինչ կ՚առաջարկէ: Այդ խաբկանքն անգամ երանութիւն է, սակայն երբեմն՝ թաքնուած թախիծ, ցաւ ու տխրութիւն: Ահա թէ ինչո՞ւ «չար հոգիս դուն»ով կը դիմէ իր սիրած էակին, ինչպէս Թումանեանի Սարօն «Աղջի՜ անաստուած» պիտի ըսէր Անոյշին յայտնի «Անոյշ» վիպերգին մէջ: Սակայն այդ զրկանքին մէջ անգամ տակաւին յոյս կայ, սպասում կայ:
Չար հոգիս դուն… որ
իմ քսանչորս ժամս ես
կը սահիս կ՚երթաս ափերուս մէջէն
ողորկ ձուկի պէս
կը սահիս կ՚երթաս
– ափերուս մէջէն
դեռ մուխ – կը մխայ հետքը մարմինիդ –
հեւքը – որմէ մաս մը հետդ տարիր
եւ որ ետ չի գար
կու գա՞յ –
սպասումը զէնքն է վերջին
Շարունակելով զուգահեռը Թէքէեան-Զահրատ բանաստեղծական լուռ սիրոյ վկայութեան, պէտք է նկատենք այդ ապրումին նուրբ տարբերութիւնները: Եթէ Թէքէեանի լռութեան մէջ թախիծ կայ, տխրութիւն, ափսոսանք. «Ինչո՞ւ անունդ այստեղ չկարենամ գրել ես / ու աշխարհի չյայտնեմ թէ քեզ ինչպէ՜ս սիրեցի…», Զահրատի լռութիւնը այդքան ալ տխուր չէ, որովհետեւ այս պարագային երկկողմանի լռութիւն է:
Դուն ալ գիտես ես ալ գիտեմ – կեանքն իրարմով կը սիրեն
Ըսեմ կ՚ըսեմ
Ըսեմ կ՚ըսես
Ըսենք կ՚ըսենք չենք կրնար
Գիշերն անուշ ու գիշերուան սէրերն անուշ – անուշակ:
«Սիրերգ» խորագրով այս քերթուածը մեզ անմիջապէս Մ. Մեծարենցի համանուն բանաստեղծութիւնը կը յիշեցնէ: Հակառակ անոր որ Զահրատի եւ Մեծարենցի արուեստը անհամեմատաբար տարբեր են իրարմէ ձեւի առումով, սակայն երկու բանաստեղծութիւններուն մէջ սիրահար մարդուն գիշերը օծուած է բալասանով ու անուշ անուշակով: Վերյիշենք Մեծարենցի տողերը.
Գիշերն անուշ է գիշերն հեշտագին
Հաշիշով օծուն ու բալասանով
Լուսեղէն ճամբէն ես կ՚անցնիմ գինով
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին:
Ինչպէս յայտնի է, սիրոյ նոյն ու նման գաղափարներ բոլոր ժամանակներուն մէջ բազմաթիւ բանաստեղծներ արտայայտած են: Սէրը նոյն զգացումն է, բան չէ փոխուած մարդկութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր: Ուրեմն, ի՞նչ է այն հանգամանքը, որ կը զատորոշէ Զահրատը իր նախորդ քերթողներէն: Հարկաւ մեր մտասեւեռումը հոս պիտի կեդրոնանայ՝ միտքը հանրութեան բացայայտելու իր ստեղծած ինքնատիպ ոճին վրայ, որ բանաստեղծական նորութիւն կը բերէ, անկախ ներկայացուցած բանաստեղծական խորքէն, սակայն «Ոճն է, որ նորը կը պատմականացնէ»,- ըսած է Մարկ Նշանեան Զահրատի քերթողութեան առթիւ գրած իր «Կոստանդինոպոլսոյ Հաշուեփակը» ուսումնասիրութեան մէջ: Զահրատի ոճը ահա կը յատկանշուի մերթ իր երգիծական պատկերներով, մերթ դառնաժպիտ երանգներով, իր ամփոփ պատկերներով եւ նոյնիսկ առօրեայ խօսակցականի բառերու իր գործածութեամբ: Մէկ խօսքով՝ իր ապրումները եւ միտքերը արտայայտելու իր պարզ ձեւի երանգաւոր դրսեւորումներով: Կարդալով սիրոյ (եւ ոչ միայն) բանաստեղծութիւնները մենք չենք հրապուրուիր իր լեզուի շքեղութեամբ, որովհետեւ շլացուցիչ բան չենք գտներ հոն, այնուամենայնիւ իւրաքանչիւր տող իր պարզութեամբ ու բառերու երանգային նրբութեամբ մտերմութիւն մը կը բերէ իրեն հետ, եւ անմիջապէս սիրելի կը դառնան իր իրապաշտ ու գերիրապաշտ տողերը: Զահրատ այս մասին իր համոզումը արտայայտած է քառատողով մը.
Տարբեր ակեր կը փնտռենք
որ նոր իմաստ բերենք կեանքին
ակերը նոյն
տարբերակներ կու տան լոկ
Ու սիրած էակին անունը, զոր չկարողացաւ արար աշխարհին յայտնել, կը վերապահէ իրեն, մինչ անոր ժպիտն ու աչքերը կը բաշխէ բոլորին: Ահաւասիկ այս գեղեցիկ բանաստեղծութեան մէջ բան մը կորսնցնելու տխուր երանգը կայ.
Կը թողում սքանչելի պատկերդ տարիներուն
որ եթէ օր մը չէ օր մը խաղաղութիւնը մոռցուի
մնաս հինաւուրց յուշարձանի մը պէս
ներշնչես բարին
ու կը պահեմ ինծի
անունդ որ նուագի մը կը նմանի
կը պահեմ սրտիս թանգարանին մէջ:
Ու մերժումին առընթեր սիրած էակը ներքին ալեկոծումներու կ՚ենթարկուի, տխուր է հոգին, հոգեկան վերիվայրումներուն մէջ երբեմն կու լայ, որովհետեւ սիրոյն տիրանալուն յոյսի նշոյլ չի տեսներ: Ու կարեկցութիւն կը հայցէ, այնպէս ինչպէս Մատթէոս Զարիֆեան սիրոյ մերժելի խոստովանութենէն աւելի հեռանալը պիտի նախընտրէր՝ «յետոյ գացի հեռուն լացի», նոյնպէս ալ Զահրատի սիրած էակը կը նոյնանայ Զարիֆեանի սիրող ու անկարելի սիրով տոգորուած ու անոր կրակովը այրած էակին՝ հեռացումը գերադասելով, ի պատասխան մերժումին:
Իր աչքերը ոչ ըսին
երազներս բոլորը մէկ ահա այսպէս մարեցան –
սիրտս չեղաւ որ իր աչքերն արցունքը ինչ է սորվին
հետեւաբար
անդին դարձայ երբ լացի
ան իր աչքերն առաւ – ի սպառ հեռացաւ:
Տխուր սիրտը կ՚որոշէ ա՛լ ի սպառ հեռանալ – հեռանալ ու մոռանալ: «Բոլոր հին աղուոր սէրերուն հրաժեշտ» տալ. սակայն սիրտը որ կպչեր, սիրեր է՝ դիւրին-դիւրին անկէ ձերբազատիլ չի կրնար:
Իր աչքերը մոռցայ կ՚ըսեմ հովերուն –
մինչդեռ բաւ է որ հպանցիկ
զեփիւռ մը գայ դպի մորթիս
ու ճանչնայ
թէ ես Զահրատ
իր աչքերուն կարօտն ունիմ տակաւին:
– Իր աչքերը մոռցայ կ՚ըսեմ բայց սուտ է
Ու եթէ այս սէրը արգիլուած ու անկարելի է, ուրեմն՝ խոչընդոտներու չհանդիպելու համար զգուշանալը աւելի լաւ է: Ու ահա այս միտքը շեշտելու համար վրայ կը հասնի Շահնուրեան «Նահանջը»: Զահրատ իր «Նահանջ» քերթուածով կը թելադրէ Գալ մինչեւ հոն, ուրկէ անդին սէրը կը սկսի ու ետ դառնալ –Առանց երգի-.
Սակայն իրականութիւնը կը հակասէ երբեմն սկզբուքներուն ու չի համապատասխաներ անոր կամ չի հնազանդիր, քանզի զգացումը երբեմն կը կոտրէ միտքի բոլոր պատնէշները:
Զահրատի բանաստեղծութեան մէջ սիրահարուածը յոգնած մինակութենէ, այլեւս զուգորդուիլ կը ցանկայ: Եւ առանձնութենէն ազատելու միակ ճանապարհը ձգտումն է դէպի Միւսը՝ դէպի սիրած էակը, ամէն գնով պէտք է ճամբան որոնել, որ դէպի Միւսը կը տանի, որպէսզի օրը տեւական տօն դառնայ.
Սէր – քեզի ո՞վ ըսաւ որ գաս
Թէ որ եկար – ո՞վ ըսաւ որ
այդքան երկար ատեն մնաս –
սէր որ կ՚ըսեն լաւն այն է որ
կու գայ կ՚երթայ
ոչ թէ քեզի պէս անխնայ
կը յամենայ
Սէր – ես չըսի որ գաս – սակայն
թէ որ եկար – մի երթար:
Իսկ երբ սէրը իր լրումին հասնի՝ բնականաբար ամուսնութեան կ՚առաջնորդէ եւ ահա սէր այր ու կնոջ, որ Զահրատի մօտ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ տարբեր դրսեւորումներով: Չամուսնացած այր մարդուն քունը խանգարողը ընդամէնը լու մըն էր, եւ ահա ամուսնանալէն ետք լուին հետ կը մրցի նաեւ իր կողակիցը՝ կինը: Բանաստեղծութիւն, որ կարելի չէ առանց ժպիտի կարդալ: Սրամտութիւնը, ծիծաղ առթող տարրը յստակ է Զահրատի մօտ, եւ դուն որպէս ընթերցողը միայն զուարճանք չէ որ կը զգաս, այլ պահ մը խորհիլ ու մտածել ալ կը սկսիս իրականութեանց վրայ, որոնց կը հրաւիրուիս նոյնինքն բանաստեղծին կողմէն: Կինը, տարիներու կողակիցը իր սիրած էակն է հարկաւ:
Սիրոյ տիրացած բանաստեղծը այսուհետ թախիծ ու ցաւ չունի, ընդհակառակը ուրախ է ու կը կատակէ, կը զուարճանայ խաղերով, կը հրճուի, այլեւս անքուն գիշերներ չ՚ապրիր, անոր սէրը կը հանգչի սիրելիին ուսին վրայ.
Տուն մտնեմ
տան սեմէն ժպտուն մտնեմ
գլուխս դնեմ ուսին
ու երջանիկ քուն մտնեմ:
Ինչպէս տեսանք, Զահրատ իր բառային խաղերով սիրոյ տարբեր դրսեւորումները ըմբոշխնելու վայելքը մեզի հրամցուց: Սէրը երբեմն բացայայտ է, երբեմն թաքուն, բայց միշտ առկայ է: «Քանզի բանաստեղծին համար տիեզերք կոչուող այս աշխարհին մէջ յաւիտենական արժէքը սէրն է, գեղեցկութիւնն ու համը կեանքին»:
Արդ, կեանքին իմաստ տալու եւ այդ կեանքով ապրելու լաւագոյն միջոցը սէրն է, որ ինքնին եռանդ ու աւիւն կը հանդիսանայ մարդուս՝ ստեղծագործելու, արարելու, ուստի եւ գոյութիւնդ պաշտպանելու ու ներկայութիւնդ ապացուցելու այս անհեթեթ կեանքին մէջ: Սէրն է կեանքի կռուանը. սիրով է որ մարդ երջանիկ ու լիարժէք կը զգայ: Կեանքին հանդէպ լիաբուռն սիրով տոգորուած բանաստեղծը կոչ կ՚ընէ սիրոյ եւ անոր բացայայտ արտայայտման, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ՝ «Սէր ըսելու հազար ձեւ կայ/ միայն թէ բառ չպակսի»: