Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ի ՏԵՍ ԵՒ Ի ԼՈՒՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՄԷԿԴԱՐԵԱՅ ՈԴԻՍԱԿԱՆԻ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

$
0
0

 

Յ. Պալեան

Նոյնիսկ փողոցի անկիւնի նպարավաճառը տարեվերջին երկու սիւնակով հաշուեկշիռ կ’ընէ, գիտնալու համար թէ ի՞նչ գնեց, ի՞նչ ծախեց եւ ի՞նչ շահեցաւ:

Մէկդարեայ պայքարներ, ժողովներ, ցոյցեր, ուսումնասիրութիւններ, յայտարարութիւններ, խանդավառութիւններ, յուսախաբութիւններ եւ անվաղորդայն յաջողութիւններ… Հաշուեկշիռ եթէ փորձենք ընել ինչ կը վերաբերի հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, յաճախ չիշուող հայրենահանման սրբագրութեան եւ բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրման, թերեւս դրական քայլ մը կ’առնենք դէպի այնքա՜ն ցանկացուած եւ հոլովուած քաղաքականացումը:

Նման ճիգ թերեւս Հայկական Հարցը զգացականի եւ բարոյախօսականի անձաւներէն դուրս կը բերէ եւ կը հասցնէ միջազգային հրապարակ, զայն կը դարձնէ միջազգային խնդիր, ինչպէս որ ան էր ցեղասպանութենէն եւ հայրենահանումէն առաջ Արեւելեան Հարցին մէջ: Այսօր Հայկական Հարց գոյութիւն չունի՝ որպէս այդպիսին՝ միջազգային յարաբերութիւններու տախտակին վրայ:

Հայկական Հարցը փոխարինելով ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարով, որուն հետեւանք եղան ճանաչումներ, ազգային ի՞նչ շահ ապահովեցինք ցարդ, մեր վնասները եւ կորուստները ո՞ր չափով յաջողեցանք վերականգնել: Ի՞նչ շահ ունեցան սփիւռք(ներ)ը եւ Հայաստանը: Հաշուեկշիռի սիւնակներուն մէջ ի՞նչ կրնանք արձանագրել:

Այսօր ի՞նչ է Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարներու ընկալումը բոլոր անոնց կողմէ որոնք շնորհ ըրած են զայն ճանչնալու որպէս այդպիսին: Այդ շնորհը ընողները ըլլան պետութիւններ, քաղաքապետութիւններ, մտաւորականներ, բարոյական հեղինակութիւններ: Այսինքն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ո՞ր գլխուն տակ կը դասուի. քաղաքակա՞ն, մարդասիրական, բարոյամխիթարակա՞ն, կրօնակա՞ն: Կը խօսուի՞ անոր մասին եւ ո՞ւր հասնելու համար:

Ճանաչումներ, գիրքեր, ճառեր: Յետոյ ի՞նչ:

Երբ Միացեալ Նահանգներու նահանգներէն մին կամ քաղաք մը, կամ Սպանիոյ քաղաքներուն մէկուն խորհուրդը, կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայկական Հարցը կը վերակենդանացնե՞ն, ինչպէս կը սիրենք ըսել՝ կը քաղաքականցնե՞ն: Կամ աւելի ճիշդ հարցադրումով, մենք ի՞նչ կ’ակնկալենք կամ կրնանք ակնկալել այդ ճանաչումներէն հայրենահանուածներու եւ բռնագրաւուած հայրենիքի վաղուան համար:

Ուրուկուայի խորհրդարանի ճանաչումէն (1965) եւ անոր հետեւած բազմաթիւ ճանաչումներէն ետք, ի՞նչ փոխուած է արդարութեան, հայոց իրաւունքի վերահաստատման եւ ձեռքբերման տեսակէտէ:

Այդ ճանաչումները բարոյական կեցուածքէ եւ յապաղած մխիթարութենէ անդին կ’անցի՞ն, անցա՞ն: Ի՞նչ կարելի է արձանագրել որպէս վերականգնումի արդիւնք:

Այս մասին մտածեցի, երբ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ համայնքի կազմակերպած ճաշկերոյթին ներկայ ըլլալու պատիւը ընելով, միշտ ցեղասպանութութիւն լսելու ծարաւ ունեցող հայերուն ըսած է, որ  ցեղասպանութիւններու միջազգային օր մը պիտի հռչակէ, յիշատակի օր: Իսկ ի՞նչ բան է յիշատակը, եթէ ոչ մոռացման շեմը: Եկեղեցին կը նշէ մարտիրոսներու օրը, օրացոյցի վրայ տող մը: Անկասկած հայութեան նկատմամբ բարեացակամութիւն ունեցան ցեղասպանութեան ճանաչում քուէարկողները, բայց մէկ քայլ առաջ գնա՞ց հայոց քաղաքական հարցը:

Բարի կամքի տէր մարդիկ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար կրնան օրէնք մշակել, յայտարարութիւններ ընել, յիշատակի օր սահմանել:

Իսկ ի՞նչ կը մտածեն, կամ ի՞նչ պէտք է մտածեն ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու գէթ այն զաւակները, որոնք երբ չեն այլասերիր, կը մնան իրաւազրկուած, նոյն այդ այլասերման սպասման սենեակին մէջ կ’ապրին հոգեխոցով (trauma), անկէ անդին օր մըն ալ հանգրուանելու համար «ծագումով հայ»ու կամայ-ակամայ ինքնութեան կորուստի դրախտը գտնուողներու մարգագետինները:

Մեր սնապարծութիւնը շոյող ճանաչումներու հեղինակներուն, անոնք ըլլան յայտնի անձնաւորութիւններ, մեծանուն ժողովներ թէ պետութիւններ, ինչո՞ւ չենք ըսեր թէ յափշտակուած իրաւունքներ ունինք, ինչո՞ւ դադրած ենք պահանջելէ, որ ցեղասպանութեան դատապարտութիւնը պատմութեան եւ իրաւունքի տեսանկիւնէ մախիթարական պարգեւ մըն է սոսկ (lot de consolation), որ բախտաւոր պարագային խղճահարութիւններ ամոքել է: Իսկ ճանաչումներով գոհացողներս, ինչո՞ւ չենք համարձակիր ըսել, որ միջազգային ընտանիքը իր բարոյական յանձնառութիւններուն տէր պէտք է կանգնի, չէ կանգնած, այն երկիրները՝ որոնք դաշնագրերով հայ ժողովուրդի իրաւունքը հաստատած էին, բարոյականէ անդին յանձնառութիւններ ստանձնած էին:

Ցեղասպանութեան ճանաչումները անվաղորդայն հրավառութիւններ են:

Բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական արդար վերաբերումը դաշնագիրներու տակ դրուած ստորագրութիւններու յարգումն է, յարգելի ըլլալու համար: Ե՛ւ ստորագրողին եւ պահանջողին համար: Ոչ ոք կը խօսի այս մասին: Ցեղասպանութեան մասին մեզ յուզողներուն ինչո՞ւ չենք հարցներ, թէ ի՞նչ կը մտածեն 10 օգոստոս 1920-ին իրենց ստորագրութեամբ զիրենք յանձնառու դարձուցած Սեւրի դաշնագրի մասին, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքը կը ճանչնար:

Հայկական Հարցը կը մոռնանք եւ ան կը մոռցուի միջազգային անտարբերութեամբ, անհանգիստ հոգիներ ամոքող ճանաչումներով, «այսքանով գոհացէք եւ դարձուցէք էջը» խրատ են: Այդ կ’ընենք արդէն հայրենալքում-արտագաղթով, հայրենադարձութենէ հրաժարելով եւ գոհանալով հայրենասիրական զբօսաշրջութեամբ, օտարախօսութեամբ, օտարամոլութեամբ եւ օտարագրութեամբ:

Եւ կը մնանք զգացումով հայ, հարիւր առ հարիւր տոկոսով հայ եւ այս կամ այն ազգի անդամ կրկին հարիւր առ հարիւր տոկոսով, կը ծափահարենք այդ չնաշխարհիկ գիւտը, երբեմն ալ կ’երջանկանանք յիշելով եւ յիշեցնելով որ այս կամ այն մեծանունը կէս հայ է, քառորդ հայ է, մէկ վաթսունչորսերորդ տոկոսով հայ:

Այս համայնապատկերին մէջ բնական է որ գոհանանք ճանաչումներով եւ «Ցեղասպանութիւններու Օր» մը ունենալու յուզումով ծափահարենք, տպուած թուղթին եւ բարձրախօսներուն ծառայելով, պատմութեան էջը դարձնելու համար:

Հայկական Հարցը ազգի քաղաքական խնդիրն է: Որուն կամ տէր ենք կամ տէրը չենք: Եթէ տէր ենք, պիտի յանդգնինք ըսել, որ ոչ փուչիկով եւ ոչ հրավառութեամբ պիտի գոհանանք: Եւ ի հարկէ գինը պիտի վճարենք…

Այն ատեն կը դադրինք մենք մեզ խաբելէ եւ կը մերժենք միջազգային հրապարակի փարիան ըլլալ: Կամ…

Երեք տարի վերջ, հանդիսութիւններով նոր հարիւրամեակ մը պիտի տօնենք: Ժագոյին կամ Վալոտին տարեդարձը տօնելու պէս:

Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակ:

Լաւ պիտի ըլլար որ այդ տօնախմբութիւններուն, ճառերու փոխարէն լսէինք Կոմիտասի «Անտունի»ն՝ Արմենակ  Շահմուրատեանի ձայնով:

Եթէ այսօր լսէք վաղուան համար թերեւս աւելի օգտակար կ’ըլլայ:

Նորոյթի հետեւելու համար  ահաւասիկ համացանցային հասցէն.

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles