Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Գեղանկարիչ Զոհրապի Հրաժեշտը

$
0
0

Փետրուար 5-ին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ գեղանկարիչ Զոհրապ Քէշիշեան;
Լոյսի, գոյնի, յոյսի եւ գեղեցիկի նկարիչը հանդիսացող Զոհրապ ծնած է Հալէպ, 1943 թուականին, արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961-ին, ապա ժամանած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսումը ամբողջացուցած է իտալական «Ժուլիանօ» արուեստանոցին մէջ, 1970-ին: Ապա, ան արուեստի բարձրագոյն վկայականի տիրացած է Քասլիքի արուեստի հիմնարկէն:
Զոհրապի գործերուն մէջ, ակնդիրը կը հանդիպի զանազան կերպարներու, ինչպէս` կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը եւ այլն:
Անոր գործերը կարելի է դասել իբրեւ տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ դասական դպրոցներու պատկանող գործեր:
Զոհրապ 1972 թուականէն սկսած է աշխատիլ իբրեւ արհեստավարժ գեղանկարիչ եւ դասախօս: Նկարած է լիբանանեան եւ օտար քաղաքական գործիչներու, նախագահներու եւ հոգեւորականներու դիմանկարներ: Ան 1972-էն 2016 մասնակցած է աւելի քան 40 անհատական ցուցահանդէսներու՝ Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Կիպրոսի եւ Քուէյթի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է մեծաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles