Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Երեւանեան Հանրակառքի Մը Մէջ

$
0
0

Ցողիկ Աշըգեան

Երեւանի Կոմիտաս պողոտայէն դէպի Օփերա գացող հանրակառքին մէջ նստած էր Անին: Մայիսեան իրիկնամուտ էր. գարունը դրան սեմին: Հանրակառքը այդքան լեցուն չէր ամէն անգամուան պէս, եւ ան կրցած էր գրաւել նստարան մը: Կանգառները կը յաջորդէին իրարու արագօրէն: «Երթեւեկութիւնը թեթեւ է : Լաւ որ աւելի կանուխ չելայ ճամբայ», մտածեց Անին:
Ամերիկեան Համալսարանի կանգառն էր: Տարիքոտ կին մը բարձրացաւ հանրակառք եւ նստաւ Անիին դիմացի նստարանին վրայ:
Անին նմանութեան գիծեր տեսաւ այդ կնոջ եւ իր մեծ մօր միջեւ: Կարծեց, որ իր Մեծ Մայրը կը տեսնէ:
«Մազերը ճիշդ նէնէիս մազերուն կը նմանին, հապա աչքե՜րը… կ՚ըսես ամբողջութեամբ ինքն է ՝ մեծ մայրս»: Իր գծած զուգահեռներուն իսկական պատճառներ փնտռելով՝ երեւակայութեան թափը կտրեց:
Պահ մը յիշեց ողորմած մեծ մայրը եւ իրեն թուաց, թէ անոր խնդուքին ձայնը կը լսէ հանրակառքին աղմուկին մէջ: Բայց այդ պարզ էր արդէն: Իր մեծ մօր ձայնը շատ տպաւորած էր զինք եւ յաճախ կը հնչէր իր ականջին մէջ:
«Կրնայ ըլլալ, որ մեզի ազգական կու գայ»,- ըսաւ միտքին մէջ, եւ նոյն ակնթարթին իսկ սկսաւ այլ վերլուծութիւն մը կատարել: Այո՚ , ան հասաւ մինչեւ Եղեռն…
Իսկ այդ հիւսուածքէն, հարցադրումներու տարափէն, Անիին միտքին մէջ ծնաւ հետապնդող եւ հալածիչ հարցումը. «Ինչո՞ւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ: Ա՜խ, եթէ միայն տեղի ունեցած չըլլար…»:
Սրտցաւէն ակնթարթ մը ետք, Անիին ստեղծագործ ուղեղը սկսաւ նկարել փոխարինող իրականութեան մը պատկերը:
«Հայաստանը միացեալ է եւ մայրաքաղաքը Վանն է, քանի որ մայրաքաղաքը երկրի մը սիրտը պէտք է գտնուի՝անոր կեդրոնը, չէ՞», հարցումը տուաւ ինքն իրեն եւ զգաց, որ այդ հարցական մտածումը դէմքին ալ հարցական արտայայտութիւն մը կու տար եւ ժպտաց:
«Այ՚ո, Վանն է մայրաքաղաքը»,- վճռեց եւ շարունակեց իր իմացական նկարչական աշխատանքը,-«Ես հիմա, թերեւս, հոն ըլլայի», երկմտաց,-«կամ, ըսենք, Պոլիս» ըսաւ մտովի, երկրորդ անգամ մտածելէ ետք: «Արդեօ՞ք քանի միլիոն կ՚ըլլայինք»: Խորհեցաւ պահ մը հաշուել: Բայց շուտով հրաժարեցաւ այդ մտքէն: Թուաբանութեան մէջ փայլուն, միշտ ալ խուսափած էր այդ հաշիւը ընելէ, նոյնիսկ ընդվզած, որովհետեւ համոզուած էր, որ անհեթեթութիւն է մարդը թիւի վերածելը: Անցաւ առաջ: Փորձեց անուններ տալ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոնէն իւրաքանչիւրին…: Եւ ահա այդ պահուն , կարծես թէ առաջին անգամ կը զգար, կ՚ըմբռնէր ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր կորուստներուն իմաստը եւ արժէքը: «Մեր նահատակ գրագէտները նահատակ պիտի չկոչուէին, այլ մեր տաղանդաւոր լուսահոգի գրագէտները պիտի ըլլային»,-մտածեց ափսոսանքով:
Անին յիշեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնին Մէջ» գիրքը, որ ընթերցած էր տարիներ առաջ:
Վերապրեցաւ այդ գիրքին պատմութիւնը եւ կսկիծէն ու ափսոսանքէն աւելի զգաց ընդվզում: Ձեռքը բռունցքի վերածեց՝ առանց զգալու, երբ ականջին մէջ անընդհատ կը հնչէր Սիամանթոյի ձայնը. «Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնե՚մ քու ճակատիդ»:
Հասած էր Օփերա: Կանգնեցաւ տեղէն: Այդ հարազատ, բայց անծանօթ կնոջ ժպտաց նրբօրէն, եւ վճառելով վարորդին հարիւր դրամ՝ իջաւ հանրակառքէն: Զգաց, որ տրամադրութիւնը լաւ չէ: Նեղացաւ իր մտածումներէն: Այդ ուրկէ՜ ո՞ւր նման մտածումներ պաշարած էին զինք, երեւանեան պայծառ օրուան մէջ:
«Ի՚նչ ալ ընեմ, ի՚նչ ալ ըլլայ, ա՚յս է իրականութիւնը, փախուստ չկայ այս մտածումներէն», դժգոհանքով ակնարկեց ինքն իրեն: Յետոյ՝ «Այս բոլոր մարդիկը, կը մտածե՞ն ինծի պէս: Թերեւս ամէն մարդ իւրովի ձեւով կ՚ըմբռնէ ցեղասպանութեան հետեւանքները», եզրակացուց ան՝ գիւտ մը ընողի պէս:
Մաքուր հայերէնով մտածումները կը յաջորդէին իրարու: Քալելով դէպի իր ժամադրավայրը՝ ներքին վճիտ ձայնով վճռեց, եւ այս անգամ աւելի հաստատուն կը զգար իր վճիռը.- «Պէտք է սկսիմ հայերէնով «չաթ»ել: Գոնէ ա՚յս ձեւով անմահացուցած կ՚ըլլամ մեր նահատակ գրագէտները եւ իրենց ժառանգութիւնը՝ հայերէնը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles