Մակար ի Գաղիա,
Փետրուար 1, 2017
Կեդրոնականցին կը սիրէ երազել եւ բաժնել: Խանդավառութեամբ խօսեցաւ եկեղեցիի բակին մէջ Ֆրանսայի խորհրդարանականներու ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին ճանչնալէ ետք անոր ժխտումը քրէականացնելու կոչուած որոշման մասին:
«Կլոպ թրոթըր» է, քաղաքական ղեկավարի պէս, առանց այդ դիրքին եւ ժողովուրդի դրամին, ասդին անդին կ’երթայ: Գնաց «Հրեշտակներու Քաղաք»ը, Երեւան, ագեվազներու երկիրը, «Ասպետական Ֆրանսա»յի որոշման մասին խօսեցաւ:
Բարձրախօսներէ եւ ալիքներէ լսուելու եւ տեսնուելու պատիւին արժանացաւ: Ջերմացուց, աւետեց, բանաստեղծի «լուսաշող եւ վարդահեղեղ արշալոյս»ին պէս: Յաղթանակի ծարաւ հայերը ծափահարեցին:
«Ասպետական Ֆրանսա»յի Սահմանադրական Խորհուրդը, բազմածալ օրէնքներու եւ մեկնաբանութիւններու մառախուղին մէջ վճռեց թաղել խորհրդարանականերու որոշումը, ըսաւ որ ան կը հակասէ ազատութիւնները:
Յուզուած Կեդրոնականցին շաբաթ մը տունէն դուրս չեկաւ:
Երէկ հեռաձայնեց, անտեսեց բեւեռային ցուրտը եւ եկաւ:
Բաժակ մը «կոնեակ» եւ բաժակ մը տաք թէյ:
– Սիրելի Մակա՛ր, մարդու չեմ կրնար ըսել, խենթ կը համարեն,- ըսաւ եւ հառաչեց Արմենակ,- ես ալ վարժուեցայ թուայնացման հրաշքին, եմակ ստացայ ֆրանսացի տը Լա Ֆոնթէնէն, եմակ, գիտես, պարտուածները «փիփըլ» ըլլալու համար կ’ըսեն «նիւմերիք» եւ «ի մէյլ»:
Սպասեցի: Ի՞նչ թուայնացում եւ տը Լա Ֆոնթէ՞նի հետ:
– Հազարաւոր մղոններ հեռու ապրող նորզելանատացի մաորի բանաստեղծ Իմահէր Վիթիյէն եթէ եմակ կարելի է ստանալ, ինչո՞ւ միայն երեք հարիւր տարի առաջ ապրած եւ մեռած ֆրանսացի առակագիրէն եմակ պիտի չստանանք:
Թերահաւատի ժպիտով հարցուցի.
– Ի՞նչ կ’ըսէր ֆրանսացի բանաստեղծը:
– Սիլիքոն Վալլիի թուայնագէտները իր հոգին կեանքի կոչած են: Հանդիպած է «Հայկական Հարց»ին, գտած է «ճանաչումն»ները եւ «ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման» մասին թուայնական եթերին մէջ շրջող լուրերը եւ յուզումները, կ’ըսէ, թէ իր երկրի Սահմանադրական Խորհուրդը լուցկիի բոցի պէս մարեց զանոնք: Ինծի ղրկած է առակ մը, կ’ըսէ որ անոր վերջին տողը յիշեմ երբ այրած սիրտեր կը զովացնեմ, ճշդելով որ մեծխօսիկութիւնը դատարկ է:
– Ի՞նչ կ’ըսէ առակը:
– Կու տամ, որ կարդաս, եւ ղրկես այն բոլոր լրատուամիջոցներուն, որ «ճանաչումներ»ու կողքին այս առակն ալ տպեն: Ի դէպ, այսօր իմացայ որ սպանական քաղաք մըն ալ «ճանաչում» քուէարկած է, բայց ոչ ինք եւ ոչ ալ նախորդող «հայ ժողովուրդին բարեկամներ»ը չըսին որ հայուն հողը պէտք է վերադարձուի հայուն:
Առակը կարդացի բարձրաձայն: Էլպիս եւ Մակարուհի ծափահարեցին: Էլպիս առաջարկեց, որ Լա Ֆոնթէնի արձանը կանգնուի, պատուանդանին վրայ արձանագրուի առակը եւ մեծատառ գրուի անոր իմաստութիւնը.
«Չծախել Արջի մորթը զայն զգետնելէ առաջ»:
ԱՐՋՆ ՈՒ ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
Երկու ընկերներ սուր կարիքով դրամի
Իրենց դրացի մուշտակագործին ծախեցին
Մորթը արջի մը դեռ ողջ,
Զոր պիտի սպաննէին շուտով, գէթ այդ ըսին:
Ան Արջերու Արքան էր, ըստ իրենց:
Վաճառականը անոր մորթով պիտի հարստանար:
Ան պիտի պաշտպանէր ամենէն այրող ցուրտերէն,
Անկէ կարելի էր ստանալ երկու հագուստ մէկի փոխան:
Տէնտընօ նուազ կը գնահատէր իր գառները քան իրենք իրենց Արջը:
Իրենցը, իրենց հաշւով, բայց ոչ Անասունին:
Խոստանալով զայն յանձնել առաւելագոյնը երկու օրէն,
Կը համաձայնին գինին շուրջ, եւ կը սկսին փնտռել,
Կը գտնեն Արջը, որ դէպի իրենց կու գայ ոստոստելով:
Ահա մեր մարդիկը կարծէք շանթով մը հարուածուած:
Համաձայնութիւնը ձախողած էր, հարկ էր լուծում գտնել:
Արջէն հատուցման մասին բառ մը իսկ չըսին:
Երկու ընկերներէն մին կը մագլցի ծառի մը գագաթը,
Միւսը մարմարէն աւելի պաղ,
Կը պառկի քիթին վրայ, մեռածի պէս, կը բռնէ շունչը,
Տեղ մը լսած ըլլալով,
Որ Արջը քիչ անգամ կը բրտանայ
Մարմնի մը դէմ որ չ’ապրիր, չի շարժիր, ոչ ալ կը շնչէ:
Տէր Արջը, տխմարի պէս, խաղին մէջ կ’իյնայ:
Կը տեսնէ ինկած մարմինը, կը կարծէ որ անկենդան է,
Եւ վախնալով խաբէութենէ
Կը դարձնէ, կրկին եւ կրկին, դունչը կը մօտեցնէ
Կը հոտուըտայ շունչի անցքերը:
Ինքնիրեն կ’ըսէ, դիակ մըն է, հեռանանք, նեխած է:
Այս ըսելէ ետք, Արջը կ’երթայ մօտի անտառը:
Մին մեր զոյգ Վաճառականներէն կ’իջնէ իր ծառէն,
Կը վազէ դէպի իր ընկերը, կ’ըսէ թէ հրաշք է,
Որ միայն որպէս սոսկ աղէտ վախն ունեցաւ:
Է լաւ, աւելցուց, անասունի՞ն մորթը:
Բայց ականջիդ ի՞նչ ըսաւ,
Քանի այնքան կը մօտենար,
Քեզ դարձնելով իր ժանիքներով:
– Ինծի ըսաւ երբեք
Չծախել Արջի մորթը զայն զգետնելէ առաջ:
Ժան տը Լա Ֆոնթէն, «Առակներ»
Jean de la Fontaine, L’Ours et les deux Compagnons