ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը տարածած է Սպիտակ տան` Միացեալ Նահանգներ օտարերկրեայ ահաբեկիչներու մուտքը չարտօնելու ուղղուած հրամանագիրին առնչութեամբ:
Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարած է, որ կը շարունակէ մտահոգ մնալ հրամանագիրին շուրջ զարգացող իրավիճակին առնչութեամբ` թէ՛ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան, թէ՛ ալ հայ անհատներու եւ ընտանիքներու վրայ այդ հրամանագիրին ձգած հետեւանքներուն առումով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի չեղողներուն վրայ այդ իրաւական գործողութեան ամբողջ ազդեցութիւնը տակաւին յստակ չէ: Յանձնախումբը կը յայտնէ, որ կը շարունակէ աշխատանքը համապատասխան կողմերուն հետ, ներառեալ Քոնկրէսը եւ Սպիտակ Տունը, եւ շարք մը խորհուրդներ կու տայ:
Յանձնախումբը խորհուրդ կու տայ այն հայերուն, որոնց բարեկամները կամ ընկերները ձերբակալուած են Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու ընթացքին, կամ որոնց չեն արտօնած վերադառնալ Միացեալ Նահանգներ` կապուիլ յանձնախումբին հետ եւ պատրաստ ըլլալ փոխանցելու որոշակի տեղեկութիւններ:
Մինչեւ որ աւելի յստակ դառնայ այդ սահմանափակումներուն իրաւական ամբողջ տարողութիւնն ու բնոյթը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խորհուրդ կու տայ Իրանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն, Սոմալէն, Սուտանէն, Սուրիայէն եւ Եմէնէն հայերուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չեն, խուսափելու Միացեալ Նահանգներէն դուրս գալէն, որովհետեւ անոնց կրնայ չարտօնուիլ վերադառնալ երկիր` անկախ գաղթականական կարգավիճակէն:
«Իբրեւ հայկական ծագումով ամերիկացիներ` հպարտ ներգաղթեալներու համայնք, որոնցմէ շատերը Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ այս հրամանագիրին մէջ նշուած այլ երկիրներու մէջ արմատներ ունեցող Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ընտանիքներէն են, մենք կը շարունակենք խորապէս մտահոգուած մնալ այս նոր սահմանափակումներուն բարոյական, իրաւական եւ մարդասիրական հետեւանքներուն առնչութեամբ: Իբրեւ պետական քաղաքականութեան հարց` մենք մեր մտահոգութիւնները կը յայտնենք թէ՛ Քոնկրէսին, թէ՛ ալ Սպիտակ տան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
↧
Հայ Դատի Յանձնախումբը Մտահոգուած Է Թրամփի Գործընթացէն
↧