Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԽԻԶԱԽ ԵՒ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

 

iravapannerou hamahaigagan 2rt hamazoghov

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ կազմակերպուած իրաւաբաններու համաժողովէն աւելի յիշատակելի էր, այս առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի կատարած յայտարարութիւնը:

Առանց բառերը ծամծմելու եւ տատամսելու, ամենայն հմտութեամբ եւ փորձառութեամբ եւ մատը վէրքին վրայ դնելով, Հայաստանի թիւ մէկ իրաւաբանը շեշտեց թէ միայն թութակաբանութեան վերածուած Հայոց Ցեղասպանութեամբ կարելի չէ, ամբողջական չէ բաւարարուիլ: Այլ անդին կայ հողային պահանջք եւ հատուցում:

Այս կատարուած յայտարարութիւնները զգացական եւ քաղաքական ակնոցով կամ մօտեցումով կարելի չէ դիտել, այլ իրաւաբանի ակնոցով, դատախազի արդարութիւն պահանջող կշիռքով եւ վճիռ արձակող մուրճի հարուածով:

Այսպէս, յայտարարուած խօսքերը անկիւնադարձային էին, հակառակ անոր որ կատարուած էին սեղմ միջավայրի մէջ, եւ հեռու միջազգային բեմահարթակէն: Պետական մակարդակի յայտարարութիւն մըն էր կատարուածը, որ համեմատած վերջին տարիներուն եւ յատկապէս 2009-ին, Ցիւրիխի մէջ կատարուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ստորագրութեան օրերու պղտոր բովանդակութեանց, բոլորովին յստակ, ջինջ եւ վճռակամ էին:

Դեռ աւելին, Դատախազ Յովսէփեան յանդգնեցաւ նաեւ անդրադառնալ միջազգայնօրէն անվաւեր նկատուող եւ իրաւական զօրութիւն չունեցող Մոսկուայի 1921-ի դաշնագրի մասին, ուր յայտարարուած էր թէ Արցախն ու Նախիջեւանը պիտի կցուին Ատրպէյճանին…

Դատախազ Յովսէփեան պատմական, իրաւական եւ փաստագրական մէջբերումներով պարզաբանած էր, թնճուկ ըլլալու աստիճան այս բարդ խնդիրը: Անոր համար պարզ ու յստակ էր թէ Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարը հարցադրումի տակ առնելը սեթեւեթաբանութիւն մըն էր, սակայն իրաւաբանական բնագաւառէն ներս, աշխատանք կայ կատարուելիք, յատկապէս վերադառնալով պատմութեան եւ յետ-Ցեղասպանութեան դաշնագրերուն, ուր Օգոստոս 10-ին արձանագրուած Սեւրի դաշնագիրը կը մնայ առաջնահերթ փաստաթուղթ մը, ջահակիր մը, աւետարան մը` յաչս Հայ Դատին:

Նմանօրինակ խիզախ եւ յանդուգն յայտարարութիւններ շատ աւելի ազդեցիկ բնոյթ կ՛ունենան, եթէ նաեւ արտայայտուին միջազգային բեմահարթակներէն…Մ.Ա.Կ.-ի զանազան ենթայանձնախումբերու ժողովներէն մինչեւ Լա Հէյի միջազգային ատեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles