ՓԱՐԻԶ.- Յունուար 26-ին, յատուկ նիստէ մը ետք, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական համարեց ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին Ազգային Ժողովի Դեկտեմբեր 22-ին ընդունած որոշումը:
Սահմանադրական խորհուրդը որոշ փոփոխութիւններ պահանջեց օրէնքի 173-րդ յօդուածի երկրորդ կէտին մէջ, որ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու եւ որոշ յանցագործութիւններու ժխտման համար վերապահուած տուգանքին:
Սահմանադրական խորհուրդը սահմանած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելը եւ անկէ բխող տուգանքները պարտադիր են կիրառման համար, քանի որ կը խախտեն 1881-ին ընդունուած խօսքի եւ մամուլի ազատութեան մասին օրէնքը, որ կը հակասէ Ֆրանսայի սահմանադրութեան:
Հոլանտի նախագահութեան հնգամեակի կարեւոր վերջին օրինագիծերէն կը նկատուէր այս օրինագիծը: Անոր մէջ ընդգրկուած էր միջազգային ատեաններու կողմէ ճանաչում չգտած ոճիրներու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան դրոյթը:
Այս որոշումին մասին անդրադառնալով, կը նշուի.- «Խորհուրդս հաստատեց, որ մէկ կողմէն այս տրամադրութիւնները անհրաժեշտ չեն ճնշելու համար ատելութիւն կամ բռնութիւն սերմանող գրգռութիւնները, որոնք արդէն ճնշուած են մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ 1881 Յուլիս 29-ի օրէնքով։ Իսկ միւս կողմէ ալ հիմնուեցաւ այն փաստին վրայ, որ բողոքարկուող օրինագիծը թոյլ պիտի տար հետապնդման ձեռնարկել որոշ արտայայտութիւններու առիթով, այն պատճառաբանութեամբ, որ անոնք կը ժխտեն դէպքեր, որոնք մինչդեռ իբրեւ ոճրային՝ իրաւաբանօրէն ճանաչում իսկ չեն գտած, այն պահուն երբ այդ արտայայտութիւնները կ՚ըլլան։ Սահմանադրական խորհուրդը գնահատեց, որ ատիկա պիտի առաջնորդէ վիճարկումի կարօտող պատմական դէպքերու նկատմամբ եղած արտայայտութիւններու կամ կատարուած արարքներու օրինականութեան մասին անորոշութեան։
Հետեւաբար, Սահմանադրական խորհուրդը դատեց, որ բողոքարկուող տրամադրութիւնները կը հանդիսանան արտայայտութեան ազատութեան հարուած մը, ինչ որ ոչ անհրաժեշտ է ոչ ալ համեմատական։ Ուստի, Խորհուրդը զանոնք յայտարարեց հակասահմանադրական»։
Աւելի քան 60 ծերակուտականներ եւ աւելի քան 60 երեսփոխաններ բողոքելով այս օրինագիծին դէմ, դիմած էին Սահմանադրական խորհուրդին:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց, տեղեկացնելով թէ.- «Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը կը դատապարտենք, անիկա անհիմն է, համաձայն չենք այդ որոշումին: Գիտէինք, որ վտանգ կայ, հնարաւոր է, որ մերժէ, ինչպէս 2012 թուականին եղաւ, բայց լաւատես էինք»: Փափազեանի խօսքով, Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը չի կրնար պատճառ դառնալ, որպէսզի Ֆրանսայի հայ դատի յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծաւալած պայքարը դադրեցնէ: «Սահմանադրական խորհուրդը խնդիր տեսաւ եւ անվաւեր համարեց օրէնքը, բայց ատիկա մեզի չի կրնար ստիպել, որպէսզի չպայքարինք, որ Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ: Մենք մեր պայքարը տարբեր ձեւերով պիտի շարունակենք, բայց նախ պէտք է հասկնանք` ինչպէս պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումները հնարաւոր է, որ ազդած են Սահմանադրական դատարանին վրայ: Ֆրանսայի հայ համայնքը արդէն 10 տարիէն աւելի կ՛աշխատի այս օրինագիծի ընդունման համար, իսկ վերջին տարիներուն ահռելի աշխատանք կատարուած է, որովհետեւ նախագահ Օլանտ իր խոստումը կ՛ուզէր կատարել: Ֆրանսացի եւ մեր իրաւաբաններու հետ այս օրէնքի վրայ լրջօրէն աշխատած ենք, որպէսզի այս օրէնքը անցնէր, սակայն, Սահմանադրական դատարանը նման որոշում կայացուց», յայտնեց Փափազեան: