Թաթուլ Սոնենց
Քրոջս՝ Ատինին
Ծափիկ, ծափիկ
ու ծիրան, կարմիր արմաւ,
եղջենի, խարկած ոլոռ
ու կաղին՝ ափերուդ մէջ
մանուկի կը բերէիր
դուն ինծի…
Ոսկէ դեղձան
մազերդ, քոյր իմ
հովը թել թել կը տանէր
ովասիսի տաք շունչով,
երբ գոգնոցիդ գրպանէն
ափով չամիչ եւ ընկոյզ,
կուտ ու պիստակ, ժպիտ
ու սէր կը բաշխէիր
դուն ինծի՝
մինչ ես,
յիմար պատանի,
կարմիր խնձո՛ր կÿուզէի
աւազապատ Նեղոսի
արեւահար ծառերուն
նուռ ու կեռաս կÿերգէի
ձիւնասպիտակ լեռներու
հազարամեայ երգարանէն
ամպերն ի վեր բարձրացող
հայրենաշունչ, անզիջող
կոմիտասեան
տաղերով…
Ժամանակը
ձիւն է ցաներ ոսկէ
դեղձան քու մազերուդ,
բայց դեռ մանուկ երազներով,
ովասիսի տաք յուշերով,
ափերուդ մէջ սեղմ, ապահով,
սէր ու ժպիտ կը բերես
դուն ինծի…