
ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալէս նահանգի 45-րդ վարչապետն է հայազգի Կլատիս Պէրէճիքլեանը:
Այս առթիւ, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց Պէրէճիքլեանը;
Նոր Հարաւային Կալէսի Ազատական Կուսակցութիւնը իր Յունուար 23-ի գումարած ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց նահանգի գանձապահ Պէրէճիքլեանը ստանձնելու համար կուսակցութեան ղեկավարութիւնը: Ցեղասպանութենէն վերապրող ընտանիքի թոռը դարձաւ նահանգի ազատական կուսակցութեան պատմութեան մէջ առաջին իգական սեռին պատկանող 7,5 միլիոն բնակիչ հաշուող Նոր Հարաւային Կալէս նահանգին նահանգապետը, մինչեւ 2019 թուական:
Աւստրալիոյ Հայ համայնքին անունով Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց նորընտիր նահանգապետը:
Իր երիտասարդութեան օրերէն Պէրէճիքլեան բերած է իր աշխուժ մասնակցութիւնը Աւստրալահայ գաղութի զանազան միութիւններուն իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ եւ մարզիկ, ապա աչքառու դէմք մը եղած է Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան մէջ իսկ իր քաղաքական ասպարէզի անդրանիկ քայլերը առած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակներէն ներս:
Նահանգապետը յաճախած է Համազգայինի Թարգմանչաց շաբաթօրեայ վարժարանը, երբ Աւստրալիոյ մէջ ամէնօրեայ վարժարան գոյութիւն չունէր: Ան լաւապէս կը տիրապետէ հայերէն լեզուին, որ եղած էր իր խօսած միակ լեզուն մինչեւ հինգ տարեկան:
Պէրէճիքլեան 2003 թուականին ընտրուած է Նոր Հարաւային Կալէսի խորհրդարանի անդամ իբր ներկայացուցիչ հայաշատ Ուիլուպի ընտրաշրջանին: Ան ունեցած է իւրայատուկ դերակատարութիւն եւ շարունակ պայքարած ի նպաստ Աւստրալահայ համայնքին: Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Նոր Հարաւային Կալէսի Ցեղասպանութեան եւ Արցախի ճանաչման աշխատանքներուն մէջ:
Նոր Հարաւային Կալէս նահանգը ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար մը զետեղուած է Նոր Հարաւային Կալէսի խորհրդարանի խաղաղութեան այգիին մէջ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած 1,5 միլիոն անմեղ հայորդիներուն: Նահանգը նաեւ ճանչցած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:
2013 թուականին Պէրէճիքլեան օժանդակեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած դիւանագէտներու խումբի Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան ծրագրին: Արցախ այցելութեան արդիւնքով Պէրէճիքլեանի եւ իր ընկերակիցներուն անունները կը գտնուին Ատրպէյճանի սեւ ցանկին մէջ:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան յայտարարեց.- «Մեր համայնքը հպարտ է Պէրէճիքլեանի արձանագրած յաջողութիւններով: Ան ներշնչման աղբիւր է մեր գաղութի բոլոր զաւակներուն: Այս յաջողութիւնը կու գայ վկայելու թէ 2003 թուականէն ի վեր անոր տարած աշխատանքը գնահատուած է ոչ միայն մեր համայնքին այլ ամբողջ նահանգին կողմէ»:
Պէրէճիքլեան արժանացած է Հայ Աւստրալական Բարեկամութեան Մրցանակին ինչպէս նաեւԵրախտագիտութեան Շքանշանին տրուած Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհաւորեց հրաժարեալ նահանգապետ Մայք Պէյրտի տարած աշխատանքը վերջին 3 տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին: