Թրքական ուտեստեղէններով յորդող հայկական նպարատան մէջ գտայ Արմենակը: Երկուքս ալ հոն էինք տօնական գնումներու համար: Էլպիսի ցանկը իր ձեռքին, Մակարուհիին ցանկը իմ ձեռքիս, յունական կամ լիբանանեան ապրանք կը գնէինք, անյոյս պայքար մղելով թրքականի դէմ:
Գացինք սրճարան, իտալական սուրճ ապսպրեցինք: Մեր շուրջ կաղ ֆրանսերէն եւ թրքերէն աղմուկ կար: Իրարու նայեցանք պարտուածներու պէս:
– Սիրելիս, հայու լեզուին վրայ նորեր կ’աւելնան,- որպէս ներածական հառաչեց Կեդրոնականցին:
– Ինչո՞ւ կը սրտնեղիս, մէկ աւելի մէկ պակաս: Դեռ չվարժուեցա՞ր:
– Չեմ յաջողիր:
Սուրճը բերին:
– Կրկին ի՞նչ պատահած է,- հարցուցի զրոյցի կծիկը քակելու համար:
– Կը ճանչնաս Լիբանանի եւ Սուրիոյ կռիւներուն պատճառով իր դրամը շալկած եւ հոս եկած Կ.Ա.ը: 25-ի գիշերը մեզ ալ հրաւիրած էր:
– Լաւ ըրած ես, պէտք է պատշաճիլ գիտնալ:
– Տասնեակ մը հայեր էինք, կէսն ալ հայերէն չէր խօսեր: Յիսունէ աւելի էինք, կէսը չինացի: Զարմացանք: Էլպիս, անխօս, ոտքի մատներս ճզմեց՝ որպէս զգուշացում: Տանտիրուհին մեզի մօտեցաւ չինացի տիկինի մը հետ, ներկայացուց ըսելով, որ իրենց զաւակին՝ Փասքալին,- որ հոս չեկած Յարութիւն էր,- նշանածին՝ Շոնկի մայրն է: Քիչ վերջ մատանի պիտի փոխանակեն:
– Ի՞նչ լեզուով խօսեցաք մամա Շոնկի հետ:
– Իր եւ մեր չգիտցած անգլերէնով: Յետոյ իմացանք, որ Փասքալ եւ Շոնկ նոյն ընկերութեան պաշտօնեայ էին: Զիս զսպող հրեշտակ Էլպիս գրեթէ բարձրաձայն ըսաւ, որ «չինացի Շոնկը Շանթալ կամ Նաթալի չէր եղած, բայց Յարութիւնը Փասքալ եղած էր»: Քանի մը ժամ թռչուններու լեզու լսեցինք խռնուած սրահին մէջ: Սեղանները կը յորդէին ֆրանսական եւ չինական ազնուական ճաշերով:
– Էլպիս խոհարարական նոր փորձառութիւն ձեռք բերած ըլլալու է,- ըսի:
– Տանտիրուհի տիկին Անժելինան, որ տասը տարի առաջ Անժէլ էր, կրկին մօտեցաւ, եւ պատմեց որ Շոնկը լաւ աղջիկ էր, եկեղեցի տարած էին եւ մկրտած, մեծ ընտանիք էին, բարի էին: Թուեց Շոնկի բարեմասնութիւնները, վկայականները:
– Մեծ-մայրս պիտի ըսէր, թէ այս «ռոման» է: Յետո՞յ,- ըսի, որ Արմենակ շարունակէ:
– Ի՞նչ կ’ուզես որ ըլլայ: Տանտիրուհի Անժելինային ըսի, որ հայ միջավայրի մէջ այսքա՜ն բազմաշնորհ աղջիկ եւ այսքա՜ն մեծ գերդաստանով խնամի չէր գտներ: Հայերը այսպէս խումբով Չինաստանէն մինչեւ հոս չէին գար հայ աղջկան եւ տղուն նշանդրէքին:
-Կեցցե՛ս Արմենակ, դիւանագէտ դարձեր ես:
– Ինչպէ՞ս չըլլալ: Տիկին Անժելինան եւ իր ընտանիքը հայոց հին բարեկամութիւնները կը վերահաստատեն: Իրենք եւ իր խնամիները գիտցած ըլլալու են, որ Մամիկոնեանները յաջորդներն էին չինացի Մամդուն խանի: Սիրելիս, այսպէս կ’ըլլայ ազգային գոյատեւման առողջ քաղաքականութիւնը:
Նոր Արմենակ մը կար դիմացս, լաւատես եւ անտրտունջ:
Մտածեցի, թէ ինչո՞ւ կը զարմանանք երբ հայ Սուրբիկը կամ Մարալը կը գտնեն Ապտուլա մը, Լասսանա մը, եւ նոյնիսկ Հայաստան կը տանին… Չըսի՞նք, որ «համաշխարհային ազգ ենք»…
Մակար ի Գաղիա, Յունուար 2017