Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԽՈՐՔ՝ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի ԱՄՐԱՑՄԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

$
0
0

Յ. Պալեան

ՄՏԱԾԵԼ ՀԱՍՆՈՒՄԻ ԿԷՏԻՆ ՆԱՅԵԼՈՎ

Ազգային-քաղաքական ոեւէ հարց եւ նպատակ անմիջականէ եւ անհատականէ անդինը չսեւեռեն, առանց ամբոխավարական աղմկարարութեան նկատի չունենան ազգի գալիք սերունդները, կը ծանծաղին տօն օրերու հրավառութեան ակնթարթին մէջ:
Սփիւռք(ներ)ի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնները շատ կը սիրեն խօսիլ «հզօր» սփիւռքի կամ անոր «հզօրացման» մասին: Յուզիչ եւ յուզական:
Ո՞ր ռազմավարութեան հետեւելով պէտք է ամրացնել սփիւռք(ներ)ը: Ան կրնա՞յ սոսկ մարտավարութենէ աւելին ըլլալ, որ կ’արտայայտուի օրը օրին կատարուող եւ յաջորդ օրն իսկ գզրոցի մէջ դրուող աշխատանքներով:
Ի՞նչ է վախճանական նպատակը (finalité) սփիւռքի «հզօրացման»:
Առանց այս հարցման պատասխանին, հին գաղթականութիւնը, անոր յաջորդած սերունդները եւ նոր հասնող հայրենիք լքողները դատապարտուած են արագ կամ դանդաղ մաշումով ազգի իրաւ անդամութենէ դադրելու, անցնելէ ետք համայնք ըլլալու կղզիացման հանգրուանէն, որուն կը յաջորդէ մերուածներու նոր քաղաքացիութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի իրաւութեան:
Ժամանակի գիծին վրայ ո՞ւր կրնայ հասնիլ այդ հզօրացումը եւ ինչպէ՞ս կարելի է այդ կամ անոր հակառակ ընկրկումները չափել: Հզօրացում՝ անհատակա՞ն, թէ ազգային-զանգուածային մակարդակներու վրայ: Ան ինքնախաբէութեան տարա՞զ մըն է, ունի՞ ազգի ապագայ սեւեռող խորք եւ բովանդակութիւն:

ՀԱՅՐԵՆԱՍԷ՞Ր, ԹԷ ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ

Պարզ հարցումներու պատասխանելով եթէ յառաջանանք, խարխափումներէ կը հեռանանք եւ կը կանխենք յուսախաբութիւնները, գերանցելով անմիջականի «էսթէպլիշմընթային» եւ նպարավաճառային ընթացիկը, որ բեմերու վրայ կամ պատկերներով ինքնահաստատում փնտռող խմբակներու իրականութիւնները ծխածածկոյթի ետին պահելու զբաղումն է:
Սփիւռք(ներ)ը ազգի հատուա՞ծ է, պարտադիր հատո՞ւմ, թէ կամովին հատում: Ան ընդհանուր բնորոշումով հայերու գումար է, բայց ազգ չէ: Ազգ ըլլալու ձգտում, կամք եւ գործունէութիւն ծաւալել բաւարար չեն, երբ կը բացակայի ազգի լիիրաւ անդամ ըլլալու եւ մնալու ռազմավարութիւնը, զոր հարկ է սահմանել առանց հրեշտակներու սեռը ճշդելու նմանող բիւզանդական բառային աճպարարութիւններու:
Ազգի էական ստորոգելին հայրենատիրութիւնն է: Ազգը առանց հայրենիքի եւ անոր տարածքին զարգացող կեանքի, տեսութիւններու միգամած մըն է: Սփիւռք(ներ)ը հայրենատէ՞ր է, թէ բարեսէր, այս վերջին բառը երբեմն փոխարինելով հայասէրով, ինչպէս կ’ըլլան նաեւ օտարները:
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ հայրենատէրը:
Ազգի հատուած սփիւռք(ներ)ը, թերեւս աւելի ճիշդ է ըսել ազգէն հատուած, երբ կը խորհի եւ կը գործէ սփիւռք-ազգի ըմբռնումով, կը զարգացնէ այն միտքը, որ կրնայ տեւել որպէս ինքնուրոյն շարունակութիւն այլ տեղ եղածի, ինչպէս տարաշխարհիկ բոյսը՝ կակտենի կամ արմաւենի, կը դատարկուի ազգային-պատմական ռազմավարութեան մը գիծին վրայ գտնուելէ:
Երբ առաջադրանք կը դառնայ սփիւռք(ներր)ի հզօրացումը, ան կ’ըմբռնուի որպէս մնայո՞ւն կացութիւն, թէ հայրենադարձութիւն-հայրենատիրութիւնը կանխող հանգրուան:
Սփիւռք(ներ)ի մասին տեսակէտներ կ’արտայայտենք. կազմաւորում, թուական աճ, ազգային բովանդակութիւն, ազգի մաս ըլլալու ցանկութիւն եւ կամք: Բոլորը կը պսակենք ընդունելի համարուած եւ հաճելի ամրացում-հզօրացում բանաձեւով, շաբաթավերջը եւ տօն օրերը զարդարելով, Երեւան, Քամչաթքա, Հրոյ Երկիր, Ալասքա, Հոնկ-Քոնկ, Թասմանիա, Պեվըրլի Հիլզ եւ Մոնաքօ…:
Տեսակէտները կը տեսնե՞նք հայ ազգային ռազմավարութեան մը շրջանակին մէջ, անմիջականի մարտավարութիւնները չշփոթելով ընդհանուր տեսիլքի մը հետ:
Հարկ է մեկնիլ հիմնական եւ հիմնարար սկզբունքէ մը. ազգի մէկութիւնը: Ան հարուածած է պատմութեան իրադարձութիւններու ընթացքին, յառաջացնելով տարբերութիւններ բնակավայրի, մշակոյթի, կենցաղի, տնտեսական պայմաններու, լեզուի եւ անոր լքման: Տարածուած ենք բիւզանդական, օսմանեան, ռուսական, խորհրդային կայսրութիւններու մէջ, այսօր՝ Խաղաղականի եւ Ատլանտեանի ափերուն, մինչեւ բեւեռներ, տեւաբար կորսնցնելով ուժի պատուանդան համրանքը, յաջորդական պատշաճեցումներով:
Ուսումնասիրողի եւ հաշուապահի հայեացքով կը խօսինք զանազան երկիրներ ապաստան գտած հայ հին եւ նոր գաղթականութեան անհետացման կամ իսլամացած հայերու մասին, ճակատագրապաշտի վերաբերումով կը հաշտուինք, կ’ընդունինք կատարուած իրողութիւնը, ժամանակ մըն ալ ապրելու համար անցեալի եղած-չեղած փառքերու յիշատակով, առանց մեր վաղը ազգային հողի վրայ իմաստաւորող յանձնառութեան:

ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի ՀԶՕՐԱՑՈՒՄ

Ինչո՞ւ ամրացնել «սփիւռք(ներ»ը, հարցում՝ որուն պէտք է պատասխանել ինչպէ՞ս ամրացնելու մասին տեսակէտներ յայտնելէ առաջ: Ցարդ այս հարցը ոչ մէկ ատեն եւ ոչ մէկ տեղ քննութեան առարկայ չէ եղած: Խօսուած եւ գրուած է այնպէս՝ որ կարծէք սփիւռք(ներ)ը բնական կացութիւն մըն է, ինչպէս ազգը՝ որ կը զարգանայ, կը տեւէ իր բազմաշերտ ինքնութեամբ, հայրենիք-հողէն եւ իր ստեղծած-ստեղծուող պատմութենէն ստացուող շնչառութեամբ, որ չի բաւարարուիր բարձրախօսներու աղմուկով, փող ու թմբուկով:
Սփիւռք(ներ)ի ամրացումը առաջին հերթին ազգային որակի նուաճումն է, որ հողի բացակայութեան կու գայ լայն առումով մշակոյթով եւ լեզուով: Այս գաղափարական իմաստութիւնը երբ կ’անտեսուի մարդորսական եւ դիրքապաշտական հաշուարկներով, ամրացումը կը շփոթուի մանր եւ անվաղորդայն սնապարծութիւններով, որոնց պարկեշտ քննադատութիւնը դադրած ենք ընելէ:
Սփիւռքի հզօրացման մասին երբ կը խօսինք, միշտ ի մտի պէտք է ունենանք ընկերային գիտութիւններու (sociologie) լուսաւորումը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ խորհրդային Հայաստանը անցանկալի կացութեան մէջ էր, սփիւռքէն տեղի ունեցաւ զանգուածային ներգաղթ, որուն բացասական երեսներուն մասին յաճախ կը խօսուի: Այսօր այւելի յաճախ եւ աւելի պարկեշտութեամբ:
Պահ մը մտածենք, թէ ինչո՞ւ հայերը պատասխանեցին ներգաղթ-վերադարձի կոչին: Պատասխանեցին հայրենադարձութեան կոչին, քանի որ հայ գաղթականութիւնը դեռ չէր հաշտուած հայրենազրկման հետ, հետեւաբար վառ էր իր մէջ հայրենատիրութիւնը, որ հեռուէն դիտելով, փոխանորդագրով, բարեսիրութեամբ, հայասիրութեամբ չի փոխարինուիր: Հայրենատիրութիւնը ազգային ամբողջական ըմբռնում եւ կեանքի անսեթեւեթ յանձնառութիւն է, առանց տեսական ճապկումներու:
Հայրենադարձները չմտածեցին սփիւռքի ամրացման մասին: Անոնք եւ իրենց ժամանակակիցները ներիմացական հասկացողութեամբ գիտէին, որ սփիւռքը ժամանակաւոր էր, ժամանակաւոր պէտք է ըլլար, այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ եւ պիտի չըլլայ: Շարունակութեան արգանդը հայրենիքն էր եւ է: Սփիւռք(ներ)ը շարունակութիւն պիտի չըլլայ, անոր ամրացումը կարկտանային է, տոկալու մարտավարութիւն է, տեւելու եւ շարունակութիւն ըլլալու ռազմավարութիւն չէ, այսինքն՝ ժամանակաւոր է:
Այսօր չենք ուզեր խօսիլ սփիւռք(ներ)ու ժամանակաւոր ըլլալու մասին, կարծէք ան փոխանցիկ հիւանդութիւն մը ըլլար, եւ կը խուսափինք պատմութեան ընթերցումէն, խուսափում՝ որ կը յառաջացնէ հաւկուրութիւն: Իսկ ի՞նչ կ’ըսեն այդ պատմութիւնը եւ ներկայի սփիւռք(ներ)ի հայկական կացութիւնը:
Ինչո՞ւ պատմութեան ընթերցումը չենք կատարեր հասկնալու համար մեր ներկան եւ պատկերացնելու համար գալիքը:
Ո՞ւր են Հնդկաստանի (ուր առաջին հայերէն թերթը լոյս տեսած է), Լեհաստանի եւ ընդհանրապէս Արեւելեան Եւրոպայի հին գաղութները: Մնացած են քարեղէն հետքեր: Ոմանք կ’ուսումնասիրեն զանազան արխիւներու մէջ մնացած հայկական հետքեր, հին թուղթեր կամ տոհմական ծառեր, գտնելու համար թէ այսինչ իշխանուհին…1/64րդ տոկոսով հայ է, չես գիտեր ո՞ր սնապարծութեան տուրք տալով: Թատրոնը տեւաբար կը խաղցուի հայու ծագում փնտռելով հռչակաւորներու մէջ. գրականութիւն, գիտութիւն, մարզիկ, երգիչ-երաժիշտ, շարժանկարի աստղ, առօրեայ հետաքրքրասիրութիւններ բաւարարելով, սկսելով Բիւզանդիոնի հայ կայսրերէն, հասնելու համար Եւրոպայի այսինչ կամ այնինչ թագաւորին:

ԶԻՆԱԿՈՉԻԿԻ ՄԸ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ՎՍԵՄՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի հեռատեսիլէն տեսարան մը մեկնակէտը եղաւ այս մտորումնրուն: Արտագաղթած ընտանիքի երիտասարդ զաւակը Հայաստան եկած էր իր զինուորական ծառայութիւնը կատարելու, ազգի անդամի անխարդախ գիտակցութեամբ, որ հայրենատիրութիւն է: Սփիւռք(ներ)ը կրնա՞յ իր հզօրացման օրակարգին արձանագրել հայրենատիրական այս կէտը: Սփիւռք(ներ)ը իր դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու կրթական եւ աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ հայրենատիրութիւնը եւ հայրենադարձութիւնը արձանագրա՞ծ է, ի՞նչ ձեւով եւ ո՞ր արդիւնքով:
Սմփիւռք(ներ)ի բազմամիլիոն հայերը, նորերը, նախկինները, «ծագումով»ները գիտե՞ն, իրենց կ’ըսուի՞, որ ներկայ կացութիւնը միայն անցումային է, եւ ազգապահպանումը կ’իրագործուի հայրենադարձութեամբ: Այսքան ճշմարտութիւն պէտք է ըսուի զանգուածներուն, եթէ նոյնիսկ գործնապաշտներ (ի՞նչ բանի) երազատեսութիւն համարեն այդ:
Սփիւռք(ներ)ի ամրացումը հայ ազգի ռազմավարական ո՞ր ծրագրին մաս կը կազմէ: Ան յաւերժական ըլլալու կրկներեւոյթով առաջնորդուող սփիւռք(ներ)ու կազմակերպում-հզօրացո՞ւմ է, կը հետապնդէ՞ ոչ միաւորներով յատկանշուող հայրենա-տէր հայերու հայրենադարձութեան տեսիլքը, այլ ազգի վերադարձը իր հայրենիքը, այն պարզ իրատեսութեամբ, որ սփիւռք(ներ)ը, հակառակ իր աճող համրանքին, բաղկացնողներու նիւթական եւ գիտական ներուժին, հայկական շարունակութիւն պիտի չըլլայ: Իրատեսութիւնը չշփոթելով կարկտանային վերաբերումներու հետ:
Սփիւռք(ներ)ի հզօրացումը մարտավարական օրակարգ պէտք է ըլլայ, հայրենատիրական հայրենադարձութեան ռազմավարութիւնը իրականացնելու համար:
Պարզ. սփիւռքի հզօրացումը նպատակ պէտք է ունենայ ազգի մէկութեան վերականգնումը, որ ոչ Քամչաթքայի ոչ ալ Ալասքայի մէջ պիտի ըլլայ: Այդ հզօրացումը պէտք է առաջնորդէ սփիւռք(ներ)ը գիտակից ռազմավարական քանդումին, գիտնալով որ անպատասխանատուութեամբ եւ կրաւորականութեամբ ան դատապարտուած է ինքնաքանդումի, որ արդէն ընթացքի մէջ է, եթէ մատներու արանքէն չենք դիտեր իրականութիւնները:
Ինչո՞ւ ունենալ հզօր սփիւռք(ներ). ունենալու համար ոչ թէ հպարտութիւն պատճառող «յաջողած ծագումով հայեր», այլ հայրենատէր եւ հայրենադարձ հայեր:
Բիւզանդիոնի հայազգի Նիկեֆոր կայսրը հայերով բնակեցուած է Իտալիոյ հարաւը: Հոն եկեղեցիի մը գագաթին կայ Գրիգոր Լուսաւորիչի հրաշագործ արձանը, հայկական կոչուած եկեղեցիներ կան, բայց հայեր չկան: Շրջանը իտալերէնով կը կոչուի Փուլիա, ֆրանսացիները կ’ըսեն Լէ Փույ: Նիկեֆոր կայսեր հոն բնակեցուցած հայերը ինչպէ՞ս կը կոչէին այդ երկիրը՝ ուր ապրած են եւ կորսուած: Գէթ մէկ հոգի մնացած ըլլար՝ վկայելու համար:

ՓՈՒԼԻԱՅԻ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԸ ԼՍՈՂ ՀՕՏԸ Ո՞ՒՐ Է

Ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ Տէքարթ կ’ըսէր, որ «ողջախոհութիւնը հաւասարապէս տրուած է բոլոր մարդոց»: Ի՞նչ եզրակացնել: Տէքարթի օրերուն ոչ համաշխարհայնացում կար, ոչ սպառողական ընկերութիւն: Այդ օրերուն մենք ալ չունէինք «մենք համաշխարհային ազգ ենք» ըսող իմաստուններ:
Սփիւռք(ներ)ի հզօրացման նոր բովանդակութիւն պիտի տա՞նք, որպէսզի տոկանք, տեւենք եւ իրաւ մէկութիւն (կոնկրետ) վերականգնենք:
Եւ հայութիւնը շաբաթավերջի զբօսանք կամ ամառնային զբօսաշրջութիւն համարելու ճապկումներուն վերջ տանք:
Տէքարթ իմաստասէրէն ժառանգա՞ծ ենք մեր բաժին ողջախոհութիւնը՝ խորքային հարցերուն տալու համար ոչ մասնակի, այլ՝ համազգային նշանակութիւն:
Փուլիայի գիւղի եկեղեցիի գագաթին կանգնած Գրիգոր Լուսաւորիչը կը մտորի, թէ ո՞ւր են Նիկեֆոր հայազգի կայսեր հոն բնակեցուցած հայերը, որոնց հետ խօսի…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles