Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՓԱՐԻԶ.- Շաբաթ Յունուար 14-ին,Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Քոլպէր սրահէն ներս, Հ.Յ.Դ. 126-ամեակի ձեռնարկներու շարքին տեղի ունեցաւ երկու կլոր սեղաններու շուրջ քննարկում «Հայութիւնը ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման» ընդհանուր խորագրին տակ։
Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, բացման խօսքին մէջ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեան ներկայացուց Հայաստանն ու հայ ազգը յուզող հիմնական խնդիրները եւ ըսաւ թէ պարտինք աւելի յանձնառու դառնալ ու հանդէս գալ հայ ազգի ու Հայաստանի ապագան յուզող հարցերու շուրջ նորանոր գաղափարներով։ Պէտք է յուսալից տեսլական մը կերտել ու դադրիլ իրադրութիւններուն ենթակայ դառնալէ, այլ նոր շունչ ու իմաստ դնելով գաղափարներուն ու աշխատանքներուն մէջ։
Image may be NSFW.
Clik here to view.Image may be NSFW.
Clik here to view.Image may be NSFW.
Clik here to view.
Այնուհետեւ սկիզբ առաւ առաջին կլոր սեղանը, որ վարեց Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ եւ «Ֆրանս Արմէնի» թերթի խմբագիր Յարութ Մարտիրոսեան.- «Ներկայ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմանները Միջին Արեւելեան եւ Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը» նիւթով, մասնակցութեամբ՝ Ֆրանսային մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի ( Քանատա) եւ Կիրօ Մանոյեանի (Հայաստան) ու քաղաքագէտ Վիգեն Չեդերեանի (Զուիցերիա)։
Քննարկուեցան մօտակայ եւ հեռակայ երկիրներու ներքին զարգացումներն ու անոնց ազդեցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան վրայ։ Հայաստանի յարաբերութեանց որակն ու մակարդակը իւրաքանչիւրին հետ ու անկէ փխող ապագայի պատկերացումները։ Քննարկուեցաւ յատկապէս Ատրպէյճանի ռազմական իսկական կարողականութիւնն ու պատերազմի զարգացման դիպաշարներն ու անոնց վնասները երկու կողմերուն համար։
Երկրորդ կլոր սեղանը վարեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ու «Այբ»
ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեան, «Որո՞նք են Հայաստանի ու Սփիւռքի ներքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտ ռազմավարական ուղղութիւններն ու գործնական քայլերը» նիւթով, որուն մասնակցեցան պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեան (Ֆրանսա), Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան), Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան (Ֆրանսա) եւ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական։
Արծարծուեցան հիմնական, երբեմն իրարու հակադրուող կարծիքներ։ Խօսուեցաւ հայերէնի տարածման առարկայական անհրաժեշտութեան մասին, որպէս համահայկական հաղորդակցութեան միջոց, Սփիւռքը վերակազմակերպելու նոր օրակարգ մշակելու ու Հայաստանի ընդհանուր կեանքին աւելի մասնակից դառնալու խնդիրներուն մասին։ Նաեւ Հայաստանի պետութեան աւելի ծրագրուած ու աշխոյժ ներդրումին մասին Սփիւռքի պահանջներուն ու յատկապէս համեմատաբար աւելի փոքր կամ նորակազմ համայնքներու ուղղութեամբ։
Բոլոր ճառերն ալ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին։
Հանդիպման փակման խօսքը կատարեց՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, որ նշելով այս ձեռնարկի ձգած դրոշմին մասին շեշտեց նման նախաձեռնութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը։