Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ո՞Ր­ՔԱՆ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ ՍՈՐ­ՎԵՑ­ՆԵԼ ԵՒ ԻՆ­ՉՈ՞Ւ

$
0
0

ARM  ՅԱՐՈՒԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Նման հար­ցում մը իսկ առա­ջին ակ­նար­կով անի­մաստ կրնայ թուիլ հայ­կա­կան դպրո­ցի պա­րա­գա­յին, եթէ նկա­տի չու­նե­նանք, որ հա­յե­րէն լեզ­ուի ու­սու­ցու­մը կրճա­տե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը լռել­եայն կեր­պով կը կի­րարկ­ուի կամ կը հե­տապնդ­ուի Սփիւռ­քի շատ մը գա­ղութ­նե­րուն մէջ, եր­բեմն առաջ­նոր­դե­լով աղի­տա­լի ար­դիւնք­նե­րու:

Խօս­քը պե­տա­կան սեղ­մում­նե­րուն մա­սին չէ, որոնց յա­ճախ հան­դի­պած ենք որոշ տա­րի­ներ Մի­ջին Արե­ւել­եան կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ, կամ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի մէջ կի­րարկ­ուած լուռ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը, որ կ՛են­թադ­րէ թէ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը յա­ւել­եալ ծան­րու­թիւն մըն է հայ աշա­կեր­տի ու­սին, որուն պատ­ճա­ռաւ ծնող­քը այդ բե­ռը պի­տի չ՛ու­զէ տես­նել իր զաւ­կի վզին, կամ զայն պէտք է իջեց­նել նուա­զա­գոյն աս­տի­ճա­նի …:

Այս բո­լո­րը որոշ “առաս­պել­ներ“ կամ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն, որոնց պէտք է անդ­րա­դառ­նալ առան­ձին- առան­ձին:

 

Ա.- ՄԵՆԵՔ ՇԱՏ ՀԱՅԵՐԷՆ ՉԵՆՔ ՏԱՐ

Այս մէ­կը քա­րոզ­չա­կան կար­գա­խօս մըն էր, որ եր­կար ատեն որոշ դպրոց­նե­րու կող­մէ օգ­տա­գործ­ուե­ցաւ` սի­րա­շա­հե­լու հա­մար այն ծնող­նե­րը, որոնք մտա­հոգ էին, թէ հա­յե­րէ­նը կը դժուա­րաց­նէ ար­դէն իսկ բա­ւա­կան բարդ իրենց զա­ւակ­նե­րու դպրո­ցա­կան առօր­եան: Վեր­ջին երեք տաս­նամ­եակ­նե­րու փոր­ձը ցոյց տուաւ, որ նման դպրոց­ներ կա՛մ թուա­կան ան­կում ար­ձա­նագ­րե­ցին, կա՛մ փակ­ուե­ցան, եւ կամ ալ ոչ հայ աշա­կերտ­ներ ստիպ­ուած եղան ըն­դու­նե­լու:

Վեր­ջին հա­շուով` երբ բա­ւա­րար հա­յե­ցի ու­սում եւ գի­տակ­ցու­թիւն չես տար մա­նու­կին կամ պա­տանի­ին, ին­չո՞ւ կ՛ակն­կա­լես, որ ան իր զա­ւա­կը ապա­գա­յին հայ­կա­կան դպրոց ուղ­ղար­կէ: Սա­կայն կը թուի որ հա­ւա­քա­կան ամ­նիզ­իա­յէ` յի­շո­ղու­թեան կո­րուս­տէ կը տա­ռա­պինք եւ մէկ գա­ղու­թի փոր­ձա­ռու­թիւնը չու­սում­նա­սիր­ուիր ու­րիշ գա­ղու­թի մը կող­մէ: Կամ` դպրո­ցի մը կրթա­կան կամ հո­գա­բար­ձա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը այն­քան մը ծա­նօթ չեն մեր գա­ղութ­նե­րու պատ­մու­թեան եւ նոյն սխալ­նե­րը կը կրկնեն: Այլ խօս­քով` մեր ձեռ­քով իսկ կը կտրենք այն ճիւ­ղը, որուն վրայ նստած ենք, այ­սինքն` բա­ւա­րար հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն չենք տար մեր զա­ւակ­նե­րուն, որ­պէս­զի իրենք եւս իրենց զա­ւա­կ­նե­րը ապա­գա­յին հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ ղրկեն:

 

Բ.- ԽՄԲԱԳԻ՞Ր ՊԻՏԻ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆՔ

Յա­ճախ լսուած ու­րիշ առար­կու­թիւն մը կարգ մը պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէ եւ ծնող­նե­րէ, երբ հայ ու­սու­ցի­չը նուա­զա­գոյն բծախնդ­րու­թիւնը կը ցու­ցա­բե­րէ հա­յե­րէն լեզ­ուի նկատ­մամբ: Օտար լե­զու­նե­րու կամ գի­տու­թեանց ու­սու­ցի­չը կամ ու­սուց­չու­հին կրնայ առա­ւե­լա­գոյ­նը պա­հան­ջել, կամ նոյ­նիսկ եր­բեմն տրա­մա­բա­նա­կա­նի սահ­ման­նե­րը անց­նիլ, սա­կայն այս գծով առար­կու­թիւն չկայ: Թե­րեւս կը կար­ծենք որ այս մէ­կը անհ­րա­ժեշտ է մեր զա­ւակ­նե­րուն ապա­գայ յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, կամ ալ այս երե­ւոյ­թը պէտք է վե­րագ­րել … դա­րե­րէն եկող մեր ստրկամ­տու­թեան, որ ազ­գա­յի­նը շա­րու­նակ կը քննա­դա­տէ, սա­կայն օտա­րին դի­մաց կը խո­նար­հի կամ կը պա­պան­ձի:

Ո՛չ, խմբա­գիր պատ­րաս­տե­լու չափ հա­յե­րէն չենք տար այ­սօր, սա­կայն հա­մես­տօ­րէն կ՛ակն­կա­լենք հա­յե­րէն ըն­թեր­ցող­ներ պատ­րաս­տել: Իսկ խմբագ­րու­թիւնը նոյն­քան աս­պա­րէ­զա­յին պատ­րաս­տու­թիւն կը պա­հան­ջէ, որ­քան այլ մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ: Սա­կայն երբ օտար լե­զու­նե­րու պա­րա­գա­յին այդ­քան պա­հանջ­կոտ ենք` նոյ­նիսկ ստո­րա­կէ­տի մը գոր­ծա­ծու­թեան պա­րա­գա­յին, կրնա՞յ պա­տա­հիլ, որ հայ պա­տա­նին չգիտ­նայ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բա­յե­րու ժա­մա­նակ­նե­րը …

Տա­կա­ւին չեմ խօ­սիր այն ծնող­նե­րուն մա­սին, որոնք իրենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան դպրոց ղրկե­լով հան­դերձ յա­ճախ կը կրկնեն` նախ թուա­բա­նու­թիւնդ կամ ֆրան­սե­րէ­նը սոր­վիր, հա­յե­րէ­նը այդ­քան ալ կա­րե­ւոր չէ, եթէ ժա­մա­նակ ու­նե­նաս` կը պատ­րաս­տես: Նման ար­տա­յայ­տու­թիւն մը ուղ­ղա­կի կը սպան­նէ մեր լեզ­ուին հան­դէպ երե­խա­յին շա­հագրգ­ռու­թիւնը: Իսկ այդ ծնող­նե­րը հայ­կա­կան դպրո­ցը ընտ­րած են պա­ր­զա­պէս գիտ­նա­լով, որ ապա­հով մի­ջա­վայր է եւ զա­ւա­կը հե­ռու կը պա­հէ կարգ մը ըն­կե­րա­յին վտանգ­նե­րէ:

Գ.- ՄԵՆՔ ՈԳԻՆ ԿՈՒ ՏԱՆՔ

Ահա մէկ-մէկ կրկնուած այլ ար­դա­րա­ցում մը լեզ­ուի կամ գրա­կա­նու­թեան պա­հե­րը զեղ­չե­լու: Բնա­կա­նա­բար հայ ու­սու­ցի­չը պէտք է ոգե­ւո­րու­թիւն ու հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծէ մայ­րենի­ին նկատ­մամբ, այ­լա­պէս հա­յե­րէ­նը եւս, դա­սա­ւանդ­ուած որե­ւէ նիւ­թի պէս, կը վե­րած­ուի չոր ու ցա­մաք գի­տե­լիք­նե­րու փո­խանց­ման: Սա­կայն “ոգին“ միայն տա­լը կը նմա­նի զի­նուո­րին առանց բա­ւա­րար պատ­րաս­տու­թեան, ազ­գա­յին ճառ մը խօ­սե­լով ու խան­դա­վա­ռե­լով ռազ­մա­ճա­կատ ղրկե­լու: Ան կա՛մ առա­ջին ճա­կա­տա­մար­տէն ետք պի­տի նա­հա­տակ­ուի, կա՛մ ալ յու­սա­խաբ պի­տի ըլ­լայ եւ նա­հան­ջէ:

Եթէ հա­յոց լեզ­ուին, գրա­կա­նու­թեան, պատ­մու­թեան, հայ եկե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն ու հայ մշա­կոյ­թին բա­ւա­րար ծա­նօ­թու­թիւն չենք տար` ինչ­պէ՞ս կ՛ակն­կա­լենք, որ հայ պա­տա­նին ու երի­տա­սար­դը ինք­զինք գի­տա­կից կամ յանձ­նա­ռու հայ զգայ:

 

Դ.- ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԷ ՊԵՏԱԿԱՆ

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄԸ

Ահա­ւա­սիկ այլ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մը, որ գի­տակ­ցա­բար կամ տե­ղե­կու­թեան պա­կա­սէն մեկ­նած կը տա­րած­ուի:

Բնա­կա­նա­բար, ամէն ծնողք հե­տա­մուտ է իր զաւ­կին լաւ դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ հայ դպրո­ցը պար­տա­ւոր է այս մէ­կը ապա­հո­վե­լու իր աշա­կերտ­նե­րուն: Ան­գամ մր որ այս վստա­հու­թիւնը խախ­տի որե­ւէ դպրո­ցի նկատ­մամբ` ծնողք մը իր զա­ւա­կը պի­տի տա­նի այ­լուր: Սա­կայն ե՞րբ մեր դպրոց­նե­րը պե­տա­կան ծրա­գիր­նե­րը մին­չեւ անոնց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թիւնը չեն կի­րար­կած: Իսկ Քե­պէ­քի նման տեղ մը (Ին­ծի այս մէ­կը առա­ւե­լա­բար ծա­նօթ է), ուր պե­տա­կան յատ­կա­ցում­ներ կը կա­տար­ուին եւ դպրոց­նե­րու դա­սա­ւան­դե­լու ար­տօ­նու­թիւնը պե­տա­կան ծրագ­րի կի­րար­կու­մէն կախ­եալ է, կրնա՞յ տար­բեր բան մը ըլ­լալ: Իսկ նման թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ տա­րա­ծող պա­րոն­ներն ու տի­կին­նե­րը հար­ցու­ցա՞ծ են, թէ հայ դպրո­ցը ին­չո՞ւ օրա­կան մէկ ժամ աւե­լի եր­կար կը տե­ւէ: Բնա­կա­նա­բար այս յա­ւել­եալ ժամն է, որ կը յատ­կաց­ուի հա­յե­րէն լեզ­ուի կամ պատ­մու­թեան դա­սե­րուն: Թե­րեւս հա­յե­րէ­նի կա­պակ­ցու­թեամբ առար­կող ան­ձե­րը պի­տի փա­փա­քէ­ին, որ այս ժա­մերն ալ տրա­մադր­ուին այլ նիւ­թե­րու դա­սա­ւանդ­ման:

 

Ե.- ԶԱՒԱԿՍ ԲԱՒԱՐԱՐ

ՀԱՅԵՐԷՆ ՉԻ՞ ԳԻՏԵՐ

Կը հասկ­նամ որ կարգ մը ծնող­նե­րու հա­մար իրենց զաւ­կին հա­յե­րէ­նով հա­ղոր­դակ­ցի­լը իրենց մեծ-հայ­րե­րուն ու մեծ-մայ­րե­րուն հետ բա­ւա­րար է իբ­րեւ հա­յե­րէ­նի ճա­նաչ­ման մա­կար­դակ. հաց-պա­նի­րի հա­յե­րէն մը պի­տի ըսէ­ին հի­նե­րը: Լահ­մա­ճու­նի, չի-քիւֆ­թէի ու քե­պա­պի հա­յե­րէն մը, որ հաց-պա­նի­րի հա­յե­րէ­նէն քա­նի մը աս­տի­ճան նա­հան­ջած է` պի­տի աւելց­նեմ ես, որով­հե­տեւ ինչ­պէս նշած գո­յա­կան­ներս կը յու­շեն` նոյ­նիսկ հա­յե­րէն չեն այդ բա­ռե­րը, այլ արա­բե­րէ­նի, թրքե­րէ­նի եւ չեմ գի­տեր ու­րիշ ին­չե­րէ­նի խառն այ­լա­սե­րած լե­զու մը, զոր յա­ճախ կը լսենք: Առտ­նին հա­յե­րէ­նով կա­րե­լի չէ աւե­լի բարդ մտքեր ար­տա­յայ­տել կամ լուրջ գրու­թիւն մը հասկ­նալ: Եւ երբ մեր պա­հան­ջը միմ­իայն ա՛յս հա­յե­րէնն է, հա­յե­րէ­նը կը վե­րած­ուի սահ­մա­նա­փակ ժա­ռան­գա­կան կամ ժա­ռան­գա­բար փո­խանց­ուած լեզ­ուի (heritage language), որը դա­տա­պարտ­ուած է սե­րունդ մը ետք աւե­լի եւս տժգու­նե­լու կամ մեռ­նե­լու:

Երե­խան գո­նէ մէկ լեզ­ուի կա­ռոյ­ցը պէտք է հասկ­նայ եւ գիտ­նայ, որուն վրայ կրնայ աւելց­նել այլ լեզ­ուի մը տի­րա­պե­տու­մը: Իսկ այդ լե­զուն, բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պա­րա­գա­յին` մայ­րե­նին է: Եթէ երե­խան մայ­րենի­ին չի տի­րա­պե­տեր` բնա­կա­նա­բար այլ լե­զու­նե­րու ալ չի տի­րա­պե­տեր: Հար­ցը չշփո­թենք. ես չեմ խօ­սիր այն աշա­կերտ­նե­րուն պա­րա­գա­յին, որոնք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու, Ֆրան­սա­յի մէջ կամ այ­լուր, տան մէջ առա­ջին օրէն այլ լե­զու մը կը լսեն եւ բնա­կա­նա­բար այդ լե­զուն կը դառ­նայ իրենց իրո­ղա­կան մայ­րե­նին: Մեր տղոց պա­րա­գա­յին մայ­րե­նին հա­յե­րէնն է եւ եթէ անոր չտի­րա­պե­տեն` չեն կրնար այլ լե­զու­նե­րու տի­րա­պե­տել:

 

Զ.- ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԻ՞

ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ

Ար­դա­րօ­րէն ծնող­նե­րը կը պա­հան­ջեն ժա­մա­նա­կա­կից ար­հես­տա­գի­տու­թեան` թեք­նո­լոճիի մուտ­քը հայ դպրո­ցէն ներս` հա­յե­րէն եւ օտար նիւ­թե­րու մա­տուց­ման պա­րա­գա­յին: Իսկ այ­սօր հա­մա­կար­գիչ­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ “Խե­լա­ցի“ գրա­տախ­տակ­նե­րու մուտ­քը (smart boards) ընդ­հան­րա­ցող երե­ւոյթ է գէթ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի մէջ: Ասոր կը հե­տե­ւին պե­տա­կան պա­հանջ­նե­րու պար­տադ­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­նե­րը: Իսկ նո­րե­րու պա­րա­գա­յին` այս հար­ցը բնա­կա­նա­բար լուծ­ուած է, որով­հե­տեւ անոնք իրենց ման­կա­վար­ժա­կան վկա­յա­կան­նե­րով կը սկսին աշ­խա­տան­քի:

Բայց ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը օժան­դակ մի­ջոց մըն է միայն, վստա­հա­բար ու­սու­ցի­չին եւ լեզ­ուի ու­սուց­ման հա­մար օգ­տա­կար, սա­կայն կեն­սա­կան կը մնայ բո­վան­դա­կու­թիւնը, կեն­դա­նի եւ ու­ժա­կան ծրա­գի­րը, որ կը պատ­շա­ճի նո­րօր­եայ պա­հանջ­նե­րուն: Լե­զուն խա­րիսխն է, որուն վրայ կը կա­ռուց­ուին ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մնաց­եալ տարրեը, եւ զայն կա­րե­լի չէ փո­խա­րի­նել այլ նիւ­թե­րով:

Երբ ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ մաս­նա­գի­տու­թեան հար­ցե­րը կը քննար­կենք` հոս եւս մեր մօ­տե­ցու­մը հար­ցին մէկ երե­սին միայն կը վե­րա­բե­րի եւ եր­բեմն եր­կու չափ ու կշի­ռի կը հան­դի­պինք – վկա­յա­կա­նը կը դա­ռ­նայ առաջ­նա­հեր­թը, առանց հարց­նե­լու թէ թեկ­նա­ծուն բա­ւա­րար հա­յե­րէն դա­սա­ւան­դե­լու պատ­րաս­տու­թիւնը ու­նի՞: Այս առըն­չու­թեամբ տխուր օրի­նակ մը պատ­մե­ցին Լոս Ան­ճե­լը­սի բա­րե­կամ­ներս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէս մէ­կուն ըն­թաց­քին – շրջա­նի տնօ­րէն­նե­րէն մէ­կը պա­հան­ջած էր անգ­լե­րէն դա­սա­ւան­դող հայ ու­սուց­չու­հի­նե­րէն նա­եւ … հա­յե­րէն դա­սա­ւան­դել, հա­կա­ռակ անոր որ անոնք կ՛ա­ռար­կէ­ին, որ նման պար­տաս­տու­թիւն չու­նին: Երբ տնօ­րէն մը վկայ­եալ կամ վկա­յուող ան­ձի մը կ՛ը­սէ, որ կրնաս հա­յե­րէն դա­սա­ւան­դել, հա­յե­րէ­նը այն­քան ալ կա­րե­ւոր չէ, ար­դէն հար­ուա­ծած կ՛ըլ­լայ ազ­գա­յին լեզ­ուի ու­սու­ցու­մը:

Իսկ քա­նի՞ ան­գամ աշա­կերտ մը չենք ըն­դու­նած, երբ բա­ւա­րար ֆրան­սե­րէ­նը կամ անգ­լե­րէ­նը չու­նի, իսկ նոյն բծախնդ­րու­թիւնը ցոյց տուա՞ծ ենք, երբ երե­խան իր մայ­րե­նին չի գի­տեր կամ չ՛ու­զեր սոր­վիլ:

 

Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ

Այս գծով կա­ցու­թիւնը եր­բեմն այն­քան ող­բեր­գա­զա­ւեշ­տա­կան կը դառ­նայ, որ մարդ կը շուա­րի ի՞նչ ըսել:

Քա­նի մը տա­րի առաջ, երբ Իւ­նես­քօն արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը վտանգ­ուած լե­զու­նե­րու շար­քին դա­սած էր, ձեռ­նար­կի մը ըն­թաց­քին միու­թեան մը ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը խօսք առ­նե­լով իր ընդվ­զու­մը յայտ­նեց, թէ ինչ­պէ՞ս Թէ­քէ­եա­նի եւ Վա­րու­ժա­նի լե­զուն վտանգ­ուած կամ մեռ­նող լե­զու­նե­րու շար­քին կա­րե­լի էր հա­մա­րել: Լաւ տպա­ւոր­ուե­ցայ իր­մէ, մին­չեւ որ քո­վէս մէ­կը նշեց, որ են­թա­կան զա­ւակ­նե­րը իր իսկ հո­վա­նա­ւո­րած դպրո­ցէն հա­նած էր:

Եր­բեմն մարդ կը տար­ուի հարց­նե­լու, թէ տեղ մը դա­ւադ­րու­թիւ՞ն մը կայ հա­յե­րէն լեզ­ուին նկատ­մամբ: Կը հասկ­նամ որ կրթա­կան կամ հո­գա­բար­ձա­կան մար­մին­նե­րը միայն ման­կա­վար­ժա­կան հար­ցե­րով զբա­ղող մար­մին­ներ չեն, նա­եւ վար­չա­կան ու տնտե­սա­կան հար­ցեր կ՛ու­նե­նան լու­ծե­լիք: Սա­կայն ին­չո՞ւ այդ մար­մին­նե­րէն հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն դուրս կը ձգուին հա­յե­րէ­նի նախ­կին փոր­ձա­ռու ու­սու­ցիչ­ներ կամ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ: Թե­րեւս մտա­հո­գու­թիւնը այն է, որ անոնք աւե­լի՞ հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լան մեր լեզ­ուի դա­սա­ւանդ­ման:

Մար­դու­ժի պա­կա­սը յա­ճախ առար­կու­թեան նիւթ կը դառ­նայ, սա­կայն ո՞ր­քա­նով կ՛օ­տա­գոր­ծենք նախ­կին հա­յե­րէ­նի պատ­րաստ­ուած ու­սու­ցիչ­նե­րը մեր լեզ­ուի դա­սա­ւանդ­ման այս կամ այն աշ­խա­տան­քին ծրագ­րու­մին հա­մար. Կամ գոր­ծի կը հրա­ւի­րենք իրենք զի­րենք փաս­տած ու­ժեր, երբ հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կա­նի մը պա­հան­ջը չկայ:

Ամէն առ­թիւ կը շեշ­տենք, որ հայ դպրոցն է խա­րիս­խը գա­ղու­թի մը գո­յա­տեւ­ման, սա­կայն բա­ւա­րար լրջու­թեամբ չենք մօ­տե­նար հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, որուն արդ­ի­ա­կա­նա­ցումն ու նոր պայ­ման­նե­րուն պատ­շա­ճե­ցու­մը մնա­յուն մար­տահ­րա­ւէր է: Հա­յե­րէ­նը շատ աւե­լի մար­դու­ժի եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու կը կա­րօ­տի, քան օտար լե­զու­նե­րու դա­սա­ւան­դու­մը, քա­նի նա­խա­րա­րու­թիւն մը եւ մեծ հրա­տա­րակ­չա­կան տու­ներ չկան անոր ետին: Իսկ մենք մեր մի­ջոց­նե­րուն առա­ւե­լա­գոյ­նը ին­չի՞ կը տրա­մադ­րենք, ո՞ւր կը գտնուին մեր առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը:

Դժբախ­տա­բար, ամէն ան­գամ որ մեր լեզ­ուին նկատ­մամբ այս գի­տակ­ցու­թիւնը պակ­սած է` գա­ղութ­ներ դա­տա­պարտ­ուած են գու­նա­թափ­ման եւ ձու­լու­մի: Իսկ գա­ղութ­ներ այս ըն­թաց­քով փաս­տօ­րէն չեն մեռ­նիր, այլ անձ­նաս­պան կ՛ըլ­լան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles