Խ. Տէր Ղուկասեան
2016 թուականը պատմութեան պիտի անցնի որպէս «սեւ կարապներ»ու տարի:
Յունիս 23ին Միացեալ Թագաւորութեան քաղաքացիներուն 52 տոկոսը թեր քուէարկեց երկիրը Եւրոպական Միութենէն դուրս բերելու մասին եղած ժողովրդային հարցախոյզին: Հոկտեմբեր 2ին Գոլոմպիայի մէջ կառավարութեան եւ ըմբոստ զինեալ խմբաւորումին միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը որ կ՚ենթադրէր վերջ տալ աւելի քան վեց տասնեակներու տագնապին եւ սկիզբը դնել խաղաղութեան հոլովոյթին, մերժուեցաւ քաղաքացիներու աւելի քան յիսուն տոկոսի քուէներով: Նոյեմբեր 8-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուեցաւ Տոնըլտ Թրամփ: Դեկտեմբեր 1-ին, Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց որ ընթացիկ տարուայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի չներկայանայ երկրորդ ժամանակաշրջանի մը համար: Ընկերվարական Նախագահին որոշումը հրապարակային խոստովանութիւն մըն էր իր քաղաքական ձախողութեան, բայց ամենամտահոգիչ երեւոյթը հանրային հարցախոյզերու մէջ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային Ճակատի մեծ յառաջընթացն էր եւ Մարին Լը Փէնի ընտրական յաջողութեան լուրջ հաւանականութիւնը: Դեկտեմբեր 4-ին իտալացիները 60 տոկոսով մերժեցին վարչապետ Մաթթէօ Ռէնզիի բարեկարգումներուն փաթեթը որ կը միտէր հեզացնել կառավարական համակարգը, արդիւնքով Վարչապետը հրաժարեցաւ եւ յաջորդ ընտրութիւններուն կատակերգակ Պեփէ Կրիլոյի Հինգ Աստղ Շարժումին եւ Մաթէօ Սալվինիի ֆաշիստական Հիւսիսային Լիկայի նման հակա-եւրոպական համակարգում քաղաքական ուժերու յառաջընթացը աւելի նախատեսելի դարձաւ…
Ծագումով լիբանանցի Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ «սեւ կարապներ» որակած է հասարակական զօրաւոր եւ յարատեւող անդրադարձ ունեցող երեւոյթները որոնց կանխատեսման մաթեմատիկական հաշուարկումը շատ դժուար է: Թէեւ իրարմէ շատ տարբեր, վերոյիշեալ իրադարձութիւնները, որոնք ոչ մէկ վերլուծող կարողացած էր նախատեսել, կու գան յուշելու որ համարկումի, խաղաղասիրութեան եւ, ընդհանրապէս, ազատական համակարգի լաւագոյն ապագայի խոստումները միշտ չէ որ կը համոզեն քաղաքացիական հասարակութիւնը:
Անշուշտ, Պրեքզիթն ու Թրամփի ընտրութիւնը «սեւ կարապ» նկատողները յետ-Պաղ Պատերազմեան համաշխարհային ազատական համակարգի ջերմ պաշտպաններ են, անոնք որոնց համար տասնիններորդ դարէն ի վեր Պատմութեան գործընթացը ենթադրաբար ցոյց կու տայ այս համակարգի ամրագրման անխուսափելիութիւնը: Այդ տրամաբանութեամբ ալ 1990ին, Պերլինի Պատի փլուզումէն յետոյ, Ֆրանսիս Ֆուքույամա հանրածանօթ յօդուածով մը յայտարարեց «Պատմութեան Աւարտ»ի մասին, որուն հիմնական թէզին համաձայն ազատական ժողովրդավարութիւնն ու շուկայական տնտեսութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման գերագոյն եւ վերջնական բնորդներն են: Գաղափարախօսական պայքարը Հեկէլեան տիալէքթիքի իմաստով կը դադրէր իմաստ ունենալէ: Խորհրդային եօթանասունամեայ պատմական փորձառութեան ձախողութիւնը անոր լաւագոյն փաստն էր: Մարքս համոզուած էր որ աշխատաւոր դասակարգի համաշխարհային յեղափոխութեամբ պատմութեան դրամատիրական զարգացման հանգրուանը պիտի վերջանար: Հեգնականօրէն, սակայն, դրամագլուխի համաշխարհայնացումն էր որ սեփականատիրութեան համայնացման պատմական փորձի ձախողութիւնը կը հաստատէր:
Այդպէս ալ եղաւ յաջորդ տարիներուն:
Միաբեւեռ աշխարհակարգի միակ գերհզօր պետութիւնը, Միացեալ Նահանգները, միջազգային հաստատութիւններու, դիւանագիտական աշխուժութեան թէ զինուորական միջամտութեան ճամբով ստեղծեց իրավիճակներ, պարտադրեց լուծումներ եւ դրաւ խաղի կանոններ: Այս Համաշխարհային Նոր Կարգը, ինչպէս Ճորճ Պուշ, բանաձեւեց 1991ի Ծոցի Պատերազմի նախօրէին ծնունդ առնող միջազգային իրավիճակը, իր էութեամբ համամարդկային էր եւ, հետեւաբար, տնտեսական, քաղաքական եւ մինչեւ իսկ զինուորական որեւէ նախաձեռնութիւն, Միջազգային Առեւտուրի Կազմակերպութեան ստեղծում ըլլայ այն, ազատ առեւտուրի գօտիներու ստեղծում, Օսլոյի խաղաղութեան գործընթաց, ժողովրդավարութեան տարածում, Քոսովոյի մէջ ՆԱԹՕ-ի ուժերու միջամտութիւն, թմրեցուցիչներու դէմ պատերազմ թէ հակաահաբեկչական կանխազգուշային հարուածներ… բոլորը կը բանաձեւուէին, կ՚արդարացուէին համայն մարդկութեան բարեկեցութեան եւ զարգացման նպաստող այդ աշխարհակարգի պահպանման հիմնաւորումով: Միացեալ Նահանգները, ինչպէս Մեծն Բրիտանիան տասնիններորդ դարուն, ազատական աշխարհակարգի յառաջապահ գերուժն է որուն միջամտութիւնները, թէկուզ եւ ռազմական, ընդունելի պէտք է ըլլան յանուն գերագոյն բարիքին:
Թէ ազատական աշխարհակարգը իր մէջ կը ներփակէ համամարդկային յառաջդիմութեան սկզբունքներ՝ կասկածէ դուրս է: Ազատութիւնն ու մարդ-անհատի իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնն ու այլազանութեան հանդուրժողականութիւնը, աշխարհականութիւնը… մէկ խօսքով ամէն ինչ որ պատմութեան զարգացման յառաջդիմական գործընթացին բաղկացուցիչ տարր համարուած է Լուսաւորութեան դարէն ի վեր նաեւ ազատական մտածողութեան է: Տասնիններորդ դարուն ընկերվարութիւնը կը բանաձեւուէր որպէս ազատականութեան քննադատութիւն: Այդ քննադատութիւնը, սակայն, ազատականութեան սկզբունքները չէր մերժէր: Կը յուշէր որ գերազանցապէս մարդ-անհատի վրայ կեդրոնացած ազատական գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքական ծրագիրը կը «մոռնար» որ հասարակութիւնը մարդ-անհատներու գումար չէ որպէսզի ճիշդ ըլլայ այն ենթադրութիւնը որ մարդ-անհատի իրաւունքներու ապահովումը կ՚երաշխաւորէ նաեւ բոլորին ազատ ու անկաշկանդ զարգացումը: Լուսարձակի տակ առնելով դրամատիրութեան շահագործման իրողութիւնն ու աշխատաւոր դասակարգի թշուառացումը, ընկերվարութիւնը առաջադրեց հարստութեան արդար բաժանման անհրաժեշտութիւնը: Առանց հարստութեան արդար բաժանման, ազատականութեան ամենաազնիւ սկզբունքները՝ մարդկային իրաւունքներ, ժողովրդավարութիւն… իրենց բովանդակութենէն կը պարպուէին: Ահա թէ ինչու պատմականօրէն աշխատաւորական շարժման պայքարն էր որ ժողովրդավարութիւնը ձգտեցաւ դուրս բերել քուէարկութեան ձեւականութենէն եւ որոշումներու կայացման մասնակից դարձնել հասարակութեան բոլոր անդամները: Պոլշեւիկեան զաւթումը այն իշխանութեան որ ցարական Ռուսիոյ մէջ արդէն 1917ի Փետրուարէն ի վեր աւելի արդար ու հաւասար կարգերու ուղի հարթելու յանձնառութիւնը վերցուցած էր ծնունդ տուաւ պատմական այն փորձառութեան որ թէկուզ եւ սկզբունքային կերպով հաւատաց ընկերվարական սկզբունքներու գործադրութեան սակայն զարգացաւ որպէս միակուսակցական ամբողջատիրութիւն եւ կայսերական-մեծապետական պետութիւն, որ, ի վերջոյ, ընկերվարութիւնը բարոյազրկեց եւ իր էութիւնը աւաղաղեց:
Այս չի նշանակեր, սակայն, որ ազատութեան ջահակիր ԱՄՆը Պաղ Պատերազմի տարիներուն ազատականութեան սկզբունքներու հարազատ պաշտպանն էր: Պետական հարուածներու զօրակցութենէն մինչեւ այլ երկիրներու ներքաղաքական ոլորտին մէջ ուղղակի թէ անուղղակի միջամտութիւններու ամբողջ շարք մըն է Միացեալ Նահանգներու Պաղ Պատերազմեան պատմութիւնը: Կը մնայ որ երկբեւեռեան մրցակցութեան տրամաբանութեամբ, Խորհրդային Միութեան փլուզումը ոչ միայն իր մրցակիցին յաղթանակի փաստին վերածուեցաւ, այլ նաեւ՝ անոր աշխարհահայեացքի օրինականացման որպէս քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային զարգացման միակ բնորդ: Այդ է պատճառը թերեւս, որ քոնէ մինչեւ 2011, Դեկտեմբեր 25, 1991-ը, այն օրը երբ Պորիս Ելցին մերժեց Խորհրդային Միութեան համաձայնագիրը վերանորոգել եւ Քրեմլինի վրայ աւելի քան եօթ տասնամեակ ծածանած կարմիր դրօշը վար առնուեցաւ եւ տեղը բարձրացաւ ռուսական ազգային դրօշը, այնքան ալ ուշադրութեան առարկայ չէր դառնար: Պատմական անկիւնադարձը, կարծես, Պերլինի Պատի փլուզումն էր եւ ոչ թէ Խորհրդային Միութեան կազմալուծումը:
Խորհրդային Միութեան փլուզման քսանամեակին, Վլատիմիր Փութին, այն ժամանակ՝ Վարչապետ, Իզվեսթիայի Հոկտեմբեր 4, 2011ի համարով լոյս ընծայեց յօդուած մը ուր կը հիմնաւորէր Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ծրագրի կարելիութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը նախքին խորհրդային տարածքին: Համարկումի նոր գործընթացը պիտի գար փոխարինելու Ելցինի նախաձեռնած Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ծրագիրը որ ըստ էութեան ձախողած էր: Փութին շեշտեց որ հարց չկար նախքին Խորհրդային Միութեան վերականգնումին, այլ՝ համարկումի գործընթացի սկսման: Որպէս այդպիսին Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը սկզբունքով անյարիր չէր ազատական աշխարհակարգին քանի որ համարկուած շուկայի մը առաջացման կը ձգտէր եւ, ինչպէս Եւրոպայի պարագային, երկիրները իրենց ազատ կամքով կը մասնակցէին անոր: Այս մէկը, անշուշտ, շատ աւելի տեսական էր, չըսելու համար շնական…, քան իրական: Մայտանեան այսպէս կոչուած «յեղափոխութենէն» յետոյ, Սեպտեմբեր 2013-ին Փութին-Սարգսեան մոսկովեան հանդիպման Հայաստանին այլընտրանք չտրուեցաւ. կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն կամ Եւրոպական Միութեան գործընկերութիւն… Որքան ալ որ տեսականօրէն եւրասիական համակարգումը կը ներկայացուէր որպէս զուտ տնտեսական գործընթաց անկարելի էր անտեսել անոր աշխարհաքաղաքական բնոյթը:
Թէ Մոսկուա պիտի յաջողի թէ ոչ ամրագրել այս գործընթացը յայտնի պիտի ըլլայ մօտ ապագային: Մինչ այդ, անցնող հինգ տարիներուն Եւրասիական Տնտեսական Միութեան նախ եւ առաջ աշխարհաքաղաքական բնոյթը ինքզինք պարտադրեց եւ վերածուեցաւ ազատական աշխարհակարգի վերատեսութեան ազդակի: Ռուսական ղեկավարութեամբ առաջ տարուող գործընթացը դրամատիրութեան սկզբունքները չէ որ հարցականի տակ կը դնէ, ոչ ալ կը ձգտի հարստութեան աւելի արդար ու հաւասար բաշխումին: Անոր յառաջընթացը կը զուգադիպի ազատական աշխարհակարգի ենթադրած «ազատ շուկայ եւ ազատական ժողովրդավարութիւն» բանաձեւման խոր ճգնաժամին որուն բառացուցական է Տոնըլտ Թրամփի ընտրութիւնը: Փաստօրէն, անցնող հինգ տարիներուն Արեւմուտք-Ռուսաստան լարուածութեան ոլորտին մէջ Ուաշինկթընէն թէ Պրիւքսելէն Մոսկուայի հասցէին հնչած քննադատութիւնները թիրախ դարձուցած էին անոր քաղաքական վարչակարգը՝ ժողովրդավարութեան «ոչ-ազատական» տարբերակը, ինչպէս Ֆարիտ Զաքարիա զգուշացուցած էր դեռեւս 1990ականներու երկրորդ կէսին, ամբողջատիրութիւնը, Փութինին «պոպուլիզմ»ը… Այլապէս՝ հարստութեան պատմականօրէն աննախընթաց կեդրոնացումը հասարակութեան մէկ տոկոսի ձեռքերուն մէջ նոյնն է ամենուրեք՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, Չինաստան եւ Հնդկաստան, նշելու համար միջազգային տնտեսութեան մէջ ամենէն աւելի կշիռ ունեցող քաղաքական դերակատարները: Կը մնայ որ Պրեքզիթն ու Թրամփի ընտրութիւնը, ռուս-թրքական մերձեցումը, Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջին եւ «պոպուլիստական» ղեկավարներու վերելքը քուէներուն մտայնութեան հարցախոյզերուն մէջ, եւ ամենուրեք Փութինին ժողովրդականութիւնը, կու գան ցոյց տալու որ ազատական աշխարհակարգը հետզհետէ կը կերպարանափոխուի աւելի ու աւելի նմանելու համար Ռուսիոյ, առանց յաջողելու որ համայնավար կարգերու փլուզումէն յետոյ ժողովրդավարութիւնը, ազատ շուկայի հետ միասին, անարգել առաջանայ դէպի Եւրասիա: Տակաւի՛ն, ազատական աշխարհակարգի ամենաբացայայտ երեւոյթը համարուող համացանցը, տեղեկատուութեան անարգել հոսքը որ ազատութեան գերագոյն խորհրդանիշի վերածուած էր ազատականութեան գաղափարախօսներուն կողմէ, Փութինի հովանաւորութեամբ վերածուեցաւ ազատականութեան աւաղաղման եւ «յետ-ճշմարտութեան» տարածման միջոցի:
«Ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը ոչ-ազատականութեան վերածուած է» խորագրած է Ֆարիտ Զաքարիա Դեկտեմբեր 29, 2016ի իր սիւնակը Ուաշինկթըն Փոսթին մէջ: Յօդուածը Թրամփին մասին չէ, այլ՝ ամերիկեան ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներու կորուստին: Բայց իրողութիւն է որ Թրամփ Փութինի բարեկամն ըլլալէ առաջ իսկ անոր կը համակրէր, իսկ իր կազմած կառավարութիւնը, յար եւ նման ռուսական թէ նախքին խորհրդային որեւէ հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակին, մեծահարուստներու հաւաքավայր է թէեւ իր քուէներուն մեծամասնութիւնը կու գայ նոյն այդ մեծահարուստներու ընչաքաղցութենէն տառապած, գործազրկուած եւ լաւագոյն ապագայի հանդէպ ամէն յոյս կորսնցուցած աշխատաւորական զանգուածներէ…
Ոչ Փութին Թրամփի ընտրական յաղթանակի ուղղակի ազդակ է, ոչ ալ ռուսերու կողմէ համացանցի օգտագործումը որպէս ճնշումի միջոց իւրայատուկ է: Քիչեր կրնան կասկածիլ, որ, օրինակի համար, չինական կառավարութիւնը շատ աւելի առաջացած է համացանցը ռազմավարականօրէն օգտագործելու առաջադրանքին մէջ: Առանց նշելու որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնն էր որ, ինչպէս բացայայտուեցաւ, աշխարհի գրեթէ բոլոր ղեկավարներուն բջիջայինները վերահսկողութեան տակ առած էր: Արեւմտեան կեղծիքը կը կայանայ կոյր ձեւանալ եւ լուռ մնալ դրամատիրութեան տրամաբանութեան մէջ իսկ ամրագրուած քաղաքական եւ հասարակական իրաւունքներու սահմանափակման անհրաժեշտութեան հանդէպ, որպէսզի իշխող դասակարգը անարգել կարենայ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնել ստեղծուած հարստութիւնը, ներառեալ՝ երկիր մոլորակի բնապաշարը:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քսանհինգ տարի յետոյ ռուսական վերլուծաբանական Լեվատա Կեդրոնին կատարած հարցախոյզի արդիւնքը ցոյց կու տայ որ 1992-էն ի վեր միայն 2012-ին նախքին վարչակարգի կարօտը ունեցողներուն թիւը երկրի բնակչութեան 50 տոկոսէն վար՝ 49 տոկոս եղած է: Անցեալ տարի 56 տոկոսը դրականօրէն տրամադրուածութիւն ցոյց տուած էր խորհրդային անցեալին նկատմամբ: Անոնց 53 տոկոսը կը ցաւի որ խորհրդային տնտեսական համակարգը քանդուած է փլուզման պատճառով: Կայ, սակայն, երկրորդ նոյնքան կարեւոր պատճառ մը որ խորհրդային անցեալի կարօտը վառ կը պահէ ռուսերուն մօտ. հարցախոյզը երեւան կը հանէ որ անոնց 43 տոկոսին համար ցաւալի է որ Ռուսիա դադրած ըլլայ գեր-հզօր պետութիւն մը ըլլալէ:
Անցնող հինգ տարիներուն, միջազգային քաղաքական բեմին վրայ Ռուսիոյ դերակատարութեան վերահաստատման իր նախաձեռնութիւններուն մէջ Փութին պատմական աղէտի համազօր նկատած էր Խորհրդային Միութեան փլուզումը: Մինչ Գորպաչով Լենինի նկարին տակ փորձեց փրկել խորհրդային համակարգը հաւատալով որ ոչ ոք կրնար հարցականի տակ դնել անոր սկզբունքներուն համամարդկային արժէքը, Փութին Սթալինի դերակատարութեան վերարժեւորման ընդմէջէն կու գայ ցոյց տալու Խորհրդային Միութեան հիմնական ճշմարտութիւնը՝ կայսերական համակարգի շարունակականութիւնը գաղափարախօսական այլ դիմակի տակ: Այս իմաստով, ցարականութիւն, խորհրդային համակարգ թէ եւրասիական համարկում՝ տարբերութիւնները գտնելու խաղ մըն է միայն: Ճիշդ է նաեւ որ քաղաքականութեան մէջ այդ տարբերութիւնները կրնան կարեւորուիլ:
↧
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐ ԿԱՐԳԻ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒՄԸ
↧