Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԷՄՔԵՐ

$
0
0

 

ՀԱԼԷՊ.- Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպ իր կեցութեան ընթացքին հերթաբար ընդունեց քաղաքական եւ հոգեւորական բարձրաստիճան դէմքեր եւ ներկայացուցիչներ։

Ա) Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի բոլոր երեսփոխանները, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը՝ Սուրիոյ Նախագահ՝ Պաշշար Ալ Ասատին հետ Դամասկոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումին համար։ Յայտնեք, որ Սուրիոյ մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ողջունուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելութիւնը Դամասկոս եւ Հալէպ։

Բ) Հալէպի մէջ գործող իսլամ հոգեւորականներու այցելութիւնը, որոնք եկած էին գնահատելու Վեհափառ Հայրապետին բերած նպաստը Քրիստոեայ-Իսլամ երկխօսութեան ծիրէն ներս, եւ ունկնդրելու միաստուածեան զոյգ կրօններուն համագործակցութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին կարծիքը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց իսլամ հոգեւորականներուն, թէ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաները եկուորներ չեն, այլ՝ անոնք անքակտելի մասը կը կազմեն այս շրջանին։

Գ) Հալէպի Քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետերուն այցելութիւնը, որոնք սրտբաց զրոյց ունեցան Նորին Սրբութեան հետ եւ շարք մը հարցերու գծով ուզեցին իմանալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները։ Այս հանդիպումը անոնք պատեհ առիթը նկատեցին շնորհակալութիւն յայտնելու Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեանց ու գործակցութեանց մէջ Նորին Սրբութեան ունեցած հաւասարակշռուած ու իմաստուն գործունէութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց քրիստոեայ հոգեւոր առաջնորդներուն, որ Հալէպի ազատագրման գծով Միջ-եկեղեցական գոհաբանական յատուկ աղօթք կազմակերպեն։

Դ) Հալէպի նահանգապետին եւ կուսակցապետին այցելութիւը, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը իր Հալէպ կատարած պատմական եւ քաջ այցելութեան համար։

Ե) Հալէպի համալսարանին տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնք եկած էին հրաւիրելու Վեհափառ Հայրապետը՝ յարմար առիթով դասախօսութիւն մը տալու Հալէպի համալսարանէն ներս։

Հալէպ իր երկօրեայ կեցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ծափողջոյննեով եւ հոգեւոր առաջնորդներուն ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքերով։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան Վեհափառ Հայրապետին Հալէպ ժամանումը որակեց օրհնաբեր եւ գօտեպնդող, իսկ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, 5 տարիներու տարապանգէն ետք, վերանորոգող եւ յուսադրող։

 

 

 

 

 

. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, ներկայութեամբ՝ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շտապ Մարմնի բոլոր անդամներուն, համայնքային բոլոր կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Թեմակալ Առաջնորդը Ազգային Երեսփոխանական ժողովի բացումը կատարելով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին Հալէպ օրհնաբեր այցելութիւնը, եւ հալէպահայութեան սրտի թարգմանը ըլլալով ըսաւ. «Ձեր յաղթական Հալէպ մուտքով ծաղկազարդեցիք հալէպահայութեան կեանքը։ Հոծ բազմութեան կողմէ ձեր դիմաւորութիւնը կենդանի վկայութիւն է, որ հակառակ իր կրած ծանր կորուստներուն Հալէպի հայ գաղութը կանգուն կը մնայ, եւ պերճախօս վկայութիւն է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած անխախտ հաւատքին ու հաւատարմութեան»։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Շտապ Մարմինը, ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս գործող միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչները ըսաւ.  ՛՛Սխա՛լ է այն կարծիքը, թէ Հալէպի հայ գաղութը կորսնցուցած է անցեալի իր հայաբոյր մթնոլորտը։ Սխա՛լ է այն կարծիքը, թէ Հալէպը այլեւս չի կրնար ըլլալ ինչ որ էր մօտիկ անցեալին։ Եկայ, տեսայ ու վկայեցի։ Դիտելով զիս շրջապատող բազմահազար ժողովուրդը, կը վկայեմ թէ Հալէպը կանգուն է։ Հակառակ իր կրած վնասներուն՝ ան հաւաքական կամքն ու յանձնառութիւնը ունի ինքզինք վերականգնելու։ Վստահ եմ, որ մեր ամբողջ ազգը, Հայաստանի պետութիւնը, մեր Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու գաղութները գո՛րծնապէս մասնակից պիտի դառնան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի վերականգնումին՛՛։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Հալէպի տագնապի ընթացքին մեր ժողովուրդին ցուցաբերած միասնականութեան ոգին։ Ան ըսաւ. «Սուրիոյ հայութեան մեր համազգային զօրակցութիւնը օժանդակութեան հանգրուանէն պէտք է ընթանայ դէպի վերականգնում։ Մեր զօրակցութիւնը պատահական չդառնալու համար ուզեցինք կոչի մը շրջագիծէն ներս մեր պատկերացումը բաժնել մեր ժողովուրդին հետ։ Լիայոյս ենք, որ մենք բոլորս միասնական ճիգով պիտի լծուինք Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն»։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց Առաջորդ Սրբազանը, որպէսզի ընթերցէ Հայրապետական կոչը։

՛՛Հալէպի մէջ պարզուած քանդումի տեսարանը ահաւոր է։ Կարելի չէ՛ այս դառն իրականութիւնը բառերով արտայայտել կամ պատկերացնել։ Կարծէք Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Պերլինի պարզած տեսարանն է, որ սա օրերուն մեր աչքերուն դիմաց կը պարզուի՛՛։ Այսպէ՛ս յայտարարեց Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Հալէպի աւերակներուն վրայէն։ Ընկերակցութեամբ՝ Հալէպի Նահանգապետին, Կուսակցապետին, քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներուն, Առաջնորդ Սրբազանին, իր շքախումբի անդամներուն եւ Հալէպի պատկան մարմնի ներկայացուցիչներուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հալէպի պատմական բերդը եւ Ումէյէթներու պատմական մզկիթը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, Սց. Քառասնից Մանկանց, Ս. Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի կեդրոնը, Ազգային Ք. Ե. Ճեմարանը, Պատսպարանը եւ հայկական բոլոր այն կեդրոնները, որոնք քանդումի եւ աւերի իրենց բաժինը ստացած էին անցնող տարիներու ընթացքին։ Մեր եկեղեցիներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց բոլոր սուրիահայ նահատակներու հոգիներուն համար, յատկապէս բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց կեանքը զոհած էին հայկական Թաղերու պաշտպանութեան ընթացքին։ Այս առիթով, Նոր Գիւղի մէջ, Նորին Սրբութիւնը ոգեւորող պատգամ մը խօսեցաւ մեր կառոյցներն ու թաղերը պաշտպանող հերոս տղոց, գնահատելով անոնց նուիրական զոհողութիւնն ու առաքելութեան գիտակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը իր այցելած վերջին կայքէն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն հետեւեալը պատգամեց.- ՛՛Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ մա՛հ է ճաշակած՝ առանց կորսնցնելու կեանքի յոյսը։ Քանի-քանի՜ անգամներ թշնամիին կողմէ արմատախիլ ընելու ծրագիրներ մշակուած են մեր ազգին նկատմամբ, բայց՝ մենք անցեալին ապրեցանք, ներկայիս կ՛ապրինք ու պիտի շարունակենք ապրիլ։ Մեր պապերէն մեզի որպէս նշխար կտակուած քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքը կը վստահեցնէ մեզ, որ մենք պիտի վերածաղկինք պիտի վերահզօրանանք ու պիտի վերականգնիք։ Ցեղասպանութիւն տեսած հայերը ընկճուիլ ու տկարանալ չեն գիտեր։ Մենք՝ հայերս համազգային ճիգով, մեր ունեցած հաւատքով, կամքով, միասնականութեամբ եւ ուժով պիտի վերականգնենք հայկական Հալէպը՛՛։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles