Գարեգին Քահանայ Պետուրեան
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան եզակի առիթները, ընդհանրապէս շատերու համար խորհրդածութեան ու ինքնաքննութեան ժամանակներ են, ուր մարդ անհատը յետադարձ ակնարկ մը նետէ ետին մնացած տարուան, որ այլեւս անհնար է ետ բերել, ու բնականաբար առաջ նայելով գալիք տարուան կը փորձէ իր կեանքը կատարելագործել։
Ժամանակը տիեզերքի ու մարդկային բնութեան անբաժան մասնիկն է, սակայն մարդ էակը զանազան ձեւերով կրնայ օգտագործել այդ ժամանակը, որուն աւարտը տարբեր արդիւնքներ կ´ունենայ։ Ժամանակը մարդ արարածին համար այս աշխարհի վրայ գոյատեւելու իմաստն է, ուր առանց ժամանակին կարելի չէ ըմբռնել ու արժեւորել մարդ արարածի կեանքն ու գործը։
Պօղոս առաքեալի Եբեսացիներուն գրած նամակին մէջ կը կարդանք. «Հետեւաբար ձեր ապլերակերպին ուշադիր ըրէք։ Մի´ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս։ Օգտագործեցէ´ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են» (5.15-16)։ Ահաւասիկ խրատ մը, որուն անհրաժեշտ կարիքը ունի մարդկութիւնը անխտիր, որուն մէջ ամէն բանէ առաջ կը թելադրուի ապրելակերպին ուշադիր ըլլալ։ Ապրելակերպը ցոյց կու տայ մարդուն նկարագիրը, համոզումները եւ ինքնութիւնը։ Ապրելակերպը նաեւ օրինակ կը դառնայ այլոց, որոնք կրնան այս կայմ այն անձին ապրելակերպը ընդօրինակել, որ իր կարգին կրնայ դրական կամ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ։
Իմաստուն կեանք մը ապրիլ կը նշանակէ կեանքը առաջնորդել բարի, ազնիւ ու վեհ առաքինութիւններով։ Այստեղ առաքեալը չ´ակնարկեր երկրաւոր կամ նիւթական նկատումներով առաջնորդուած իմաստութեան մասին, այլ այն իմաստութեան որ գիտէ ժամանակն ու կեանքը օգտագործել յանուն բարիքի, ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան։ Երկրաւոր կեանքը ժամանակ մըն է, ուր մարդ արարած իր մարմնեղէն կեանքով կը փորձէ թռիչք տալ ու ազատագրել իր հոգեղէն կեանքը աշխարհի չարութենէն ու մեղքէն։ Ան կ´օգտագործէ ժամանակը որպէսզի շահի անժամանակը ու հասնի յաւիտենականութեան։
Ամանորի այս ժամանակաշրջանը, ոսկի առիթ մըն է մարդկութեան, որպէսզի հասնի այն իմաստութեան, որ ժամանակաւոր չէ, այլ ունայնութենէն դէպի մնայունը առաջնորդող իմաստութիւն։ Քրիստոսի ծննդեան իրողութեամբ, մարդկային կեանքն ու ժամանակը առաւել եւս իմաստաւորուեցաւ, որովհետեւ մարդկութիւնը տեսաւ Աստուածորդին, որուն հետ ժամանակը նոր իմաստ զգեցաւ եւ առաջնորդեց հաւատացեալները դէպի յաւիտենական կեանք։ Նոյնիսկ եթէ ներկայ օրերը չար են, սակայն մարդ արարածը իր մէջ ցանուած ունի բարիի սերմերը, որոնք աճելով կը տարածեն բարութեան պտուղները, սակայն պայման է որ օգտագործուին ու ժամանակին մէջ մարմնաւորուին, այս աշխարհին մէջ բերելով խաղաղութիւն, սէր ու բարութիւն։
Հայ ժողովուրդի ներկայ իրականութեան մէջ հրամայական է ժամանակը օգտագործելը, յանուն մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահպանման, օգտագործման ու առաւել ծաղկեցման։ Ժամանակն է լեցուելու քրիստոնէական ու հայկական արժէքներով, ու զանոնք փոխանցելու ներկայ ու գալիք սերունդներուն, որպէսզի կեանքը ապրուի իմաստութեամբ, գիտնալով ու արժեւորելով շնորհուած ներկան։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ